ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԵՌԱՆԴ

Հա­յաս­տա­նէն խումբ մը ե­րի­տա­սարդ մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ հա­սա­րա­կա­կան-քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ վեր­ջերս այ­ցե­լե­ցին Իս­թան­պուլ։ Ան­ցեալ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին այս խում­բը շփում­ներ ու­նե­ցաւ քա­ղա­քիս մէջ՝ ու­շադ­րու­թիւն կեդ­րո­նաց­նե­լով Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու առ­կայ փա­կու­ղիին եւ բնա­կա­նո­նաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն վրայ։ Թէեւ ա­նոնց աշ­խա­տան­քին ա­ռանց­քը, ըստ էու­թեան, կը կազ­մէր միջ­պե­տա­կան հար­թու­թիւ­նը, սա­կայն ա­ռըն­չա­կից այլ գլուխ­ներն ալ ի­րենց հե­տաքրք­րու­թեան ծի­րէն դուրս չէին. ինչ­պէս՝ հա­սա­րա­կա­կան երկ­խօ­սու­թիւն, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին գոր­ծօն­ներ, թրքա­հայ հա­մայնք, եւ այլն։

Եւ­րո­միու­թեան կող­մէ հո­վա­նա­ւո­րուած՝ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցի խրա­խուս­ման հե­տա­մուտ ծրա­րի ամ­բող­ջին մաս կը կազ­մէր այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, որ կը գան­ձատ­րուի Անգ­լիոյ կող­մէ։ Հա­յաս­տա­նեան կող­մէն «Քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն» կազմա­կեր­պու­թիւ­նը յա­ռաջ կը տա­նի աշ­խա­տան­քը։ Գե­ղամ Սարգ­սեա­նի վե­րահս­կո­ղու­թեան ներ­քեւ, ծրա­գի­րը կը ղե­կա­վա­րէ Ա­նոյշ Նազարեան։ Գործ­նա­կան աշ­խա­տան­քին մէջ շատ կա­րե­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն մը ու­նի Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հէն ծա­նօթ ա­նուն մը՝ Դա­ւիթ Շահ­նա­զա­րեան՝ որ­պէս գլխա­ւոր դա­սա­խօս։ Ան­կա­խու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ պա­տաս­խա­նա­տու պաշ­տօն­ներ վա­րած ա­նուն մըն է Դա­ւիթ Շահ­նա­զա­րեան եւ այս ծրագ­րին հա­մար ի գործ կը դնէ իր փոր­ձա­ռու­թիւ­նը՝ որ­պէս պե­տա­կան գոր­ծիչ։

Թուր­քիա­յէն եւ Հա­յաս­տա­նէն նոր սե­րուն­դի ներգ­րաւ­մամբ կազ­մա­կեր­պուած ե­րի­տա­սար­դա­կան փո­խա­նակ­ման բնոյթն ալ ու­նի ո­րոշ չա­փով այս նա­խա­գի­ծը։ Հայաստանէն յի­սու­ն հո­գիէ բաղկացեալ խումբ մը կը մաս­նակ­ցի այս նա­խագ­ծին, որովհետեւ ծրագիրը կազմուած է ու կ՚իրականացուի այնտեղ։ Այս խում­բին մէջ են՝ երկ­րի խորհր­դա­րա­ն մուտք գործած քաղաքական ու­ժե­րու ե­րի­տա­սար­դա­կան թե­ւե­րէն եւ կարգ մը հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէ գոր­ծիչ­ներ։ Թուր­քիո­յ խում­բին ող­նա­յա­րը կը կազ­մեն «Քա­տիր Հաս» հա­մալ­սա­րա­նէն կամ ա­նոր շուրջ հա­մախմ­բուած ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ­ներ։

Ցայ­սօր ա­ւե­լի քան մէկ տաս­նեակ քննար­կում-դա­սեր տե­ղի ու­նե­ցած են այս ծրագ­րի ամ­բող­ջին մէջ՝ խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ առ­նե­լով Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցի զա­նա­զան ե­րե­սակ­նե­րը։ Եր­կու եր­կիր­նե­րու խում­բե­րը աշ­խա­տած են թէ՛ ներ­քին ձե­ւով եւ թէ փո­խա­նա­կած են այ­ցե­լու­թիւն­ներ։ Հա­յաս­տա­նեան խում­բը ընդ­հան­րա­պէս Ծաղ­կա­ձո­րի մէջ կը կա­տա­րէ այս աշ­խա­տան­քը։ Այդ փու­լե­րէն մէ­կուն մաս­նակ­ցած են նաեւ Թուր­քիոյ խում­բին ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը՝ հա­մա­տեղ քննարկ­ման հա­մար, գլխա­ւո­րու­թեամբ «Քա­տիր Հաս» հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն Մուս­թա­ֆա Այ­տը­նի։ Այս վեր­ջի­նը Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­նե­ցած է նաեւ յա­րա­կից հան­դի­պում­ներ՝ այ­ցե­լե­լով ՆԱ­ԹՕ-ի ներ­կա­յա­ցուց­չու­թիւ­նը եւ զրու­ցե­լով հայ դի­ւա­նա­գէտ­նե­րու հետ։ Հա­յաս­տա­նի խումբն ալ նա­խա­պէս ան­գամ մը ե­կած է Իս­թան­պուլ։ Հայկական խումբի այս առաջին այցելութեան զուգահեռ՝ թրքական խումբն ալ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն իր առաջին այցելութիւնը պի­տի տայ Հա­յաս­տան։ Փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու ժա­մա­նակ խում­բե­րու բո­լոր ան­դամ­նե­րը չեն մաս­նակ­ցիր ամ­բող­ջա­կան կազ­մով։ Օ­րի­նակ, այս վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան Հա­յաս­տա­նի խում­բի յի­սուն ան­դամ­նե­րէն տասն­հինգ հո­գի ներ­կայ էր։ Մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յին թրքա­կան խում­բի այ­ցե­լու­թեան պա­րա­գա­յին ալ պի­տի ըլ­լայ նոյ­նը։ Ցարդ ի­րա­կա­նա­ցուած ա­ւե­լի քան տա­սը հա­ւաք­նե­րը կազ­մա­կեր­պուած են ամ­սուան մը պար­բե­րա­կա­նու­թեամբ։

Վեր­ջին այ­ցե­լու­թեան օ­րե­րուն հայ­կա­կան խում­բը այ­ցե­լեց «Քա­տիր Հաս» հա­մալ­սա­րան, նաեւ շփուե­ցաւ թրքա­հայ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու հետ։ Այս շրջագ­ծով հիւ­րե­րը փա­փա­քած է մաս­նա­ւոր հան­դի­պում մը ու­նե­նալ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեա­նի հետ։ Տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Թաք­սի­մի «Փոինթ» պան­դո­կին մէջ, ուր կ­­՚ի­ջե­ւա­նէին հիւ­րե­րը։ Հան­դիպ­ման սկիզ­բին Դա­ւիթ Շահ­նա­զա­րեան հան­դէս ե­կաւ ող­ջոյ­նի խօս­քով մը։ Ան բա­ցատ­րեց, որ ի­րենք ու­շադ­րու­թեամբ կը հե­տե­ւին Թուր­քիոյ ար­տա­քին ու ներ­քին քա­ղա­քա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն՝ հե­տե­ւու­թիւն­ներ կամ կան­խա­տե­սում­ներ ը­նե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման հե­ռան­կար­նե­րուն կամ այդ գոր­ծը­նթա­ցին վրայ հա­ւա­նա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Ուս­տի, Շահ­նա­զա­րեան բա­ցատ­րեց, որ ի­րենք նկա­տի կ՚առ­նեն Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սէ ներս Ան­գա­րա­յի հե­տապն­դած նպա­տակ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­նոր որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը՝ Սու­րիոյ տագ­նա­պի, Վրաս­տա­նի, Ի­րա­նի, Ռու­սաս­տա­նի կամ այլ հար­ցե­րու, դե­րա­կա­տար­նե­րու պա­րա­գա­նե­րուն։

Իր կար­գին Ա­րա Գօ­չու­նեան խօ­սե­ցաւ հա­կիրճ նե­րա­ծա­կան մը՝ ող­ջու­նե­լով Հա­յաս­տա­նէն փու­թա­ցած ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ­նե­րը։ Զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան խում­բը մա­սնա­ւո­րա­պէս հե­տաքրք­րուե­ցաւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի պատ­մու­թեամբ, ներ­կայ գոր­ծու­նէու­թեամբ ու մա­նա­ւանդ ա­նոր խորհր­դան­շած լրագ­րա­կան ժա­ռան­գու­թեան ի­մաս­տով՝ հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Թրքա­հայ հա­մայն­քը ե­րի­տա­սարդ գոր­ծիչ­նե­րու հե­տաքրք­րու­թեան կի­զա­կէ­տին էր ա­մե­նա­լայն ի­մաս­տով։ Մեր հա­մայն­քի ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ՝ Ա­րա Գօ­չու­նեան բա­ցատ­րեց, որ թրքա­հա­յու­թիւ­նը ինչ գե­րա­կա­յու­թիւն­նե­րով եւ զգայ­նու­թիւն­նե­րով կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի այն հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին, ո­րոնք հրա­տապ են հա­յաշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ։ Ան շեշ­տեց, որ մեր հա­մայն­քը ան­համ­բե­րու­թեամբ կը սպա­սէ այն բե­կում­նա­յին պա­հուն, երբ Թուր­քիոյ եւ Հա­յաս­տա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը պի­տի թե­ւա­կո­խեն ի­րենց բնա­կա­նոն հու­նը։ Գօ­չու­նեան դի­տել տուաւ նաեւ, որ իր հա­մոզ­մամբ՝ պատ­մա­կան խնդիր­նե­րէ ա­ւե­լի եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ առ­կայ փա­կու­ղին պայ­մա­նա­ւո­րուած է Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախն­դի­րով։ Բազ­մաբ­նոյթ հար­ցում­նե­րու ակ­նար­կու­թեան ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ՝ Զիւ­րի­խի մէջ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րուն, մեր հա­մայն­քի ի­րա­ւունք­նե­րուն, Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի 24 Ապ­րի­լի պատ­գամ­նե­րուն, թրքա­հա­յու­թեան եւ սփիւռ­քի մնա­ցեա­լի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, երկ­րի քա­ղա­քա­կան ու­ժե­րու եւ հա­մայն­քի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու, ինք­նու­թեան հար­ցե­րու։ Ա­րա Գօ­չու­նեան մատ­նան­շեց, որ մեր հա­մայն­քը հա­յաս­տա­նա­կեդ­րոն մտա­ծե­լա­կերպ ու­նի մե­ծաւ մա­սամբ՝ մա­նա­ւանդ, որ կ­­՚ապ­րի հա­րե­ւան Թուր­քիոյ մէջ։

Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին տե­ղի ու­նե­ցաւ նկա­րա­հա­նում եւ հիւ­րե­րը մեր խմբագ­րին հրա­ժեշտ տուին՝ ա­նոր յանձ­նե­լով յի­շա­տակ­ներ։

 

Հինգշաբթի, Մայիս 11, 2017