ԳՈՒՐԳԷՆ ՏԱՊԱՂԵԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՎ ԳՐԱՒԵՑ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍԻՆ ՍԻՐՏԸ
Հայկական ժողովրդական երաժշտութեան երիտասարդ համակրելի աստղերէն Գուրգէն Տապաղեան երէկ երեկոյեան անմոռանալի ելոյթով մը գրաւեց պոլսահայ արուեստասէրներու սիրտը։ Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբի հիմնադրութեան 85-ամեակին ձօնուած յոբելենական ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երեկոյթը, որու ընթացքին Երեւանէն հիւրաբար քաղաքս ժամանած երիտասարդ մենակատարը անբացատրելի մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ։ Իր կատարմամբ հնչած հայկական ժողովրդական երգերը խոր ապրումներ պարգեւեցին ունկնդիրներուն։ Իրեն նուագակցեցան նոյնպէս Երեւանէն՝ Գէորգ Տապաղեան, Նարեկ Մնացականեան, Վարդան Պաղտասարեան, Յովիկ Յովհաննէսով, Կամօ Խաչատրեան, Կարինէ Յովհաննիսեան եւ Արտեմ Խաչատուր։
Սէրլի Մայիսօղլուի ողջոյնի խօսքով սկսաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ էին՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան, Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան, Տ. Սարգիս Ա. Քհնյ. Գույումճեան, Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Մասնակիցներու շարքին էին նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան, ներկայացուցչութեան խորհրդական Իկոր Մարտիրոսեան, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Վազգէն Պարըն եւ Սիրան Սուրքի, Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները, Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ բազում հիւրեր։
Ձեռնարկի աւարտին գնահատանքի խօսք մը արտասանեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ եւս երեկոյթի կազմակերպման ուղղութեամբ գործադրած էր մեծ ջանքեր։ Արուեստագէտներուն յանձնուեցան շնորհակալագրեր՝ մինչ հանդիսատեսները ծափահարութիւններու տարափ մը ստեղծեցին սրահէն ներս՝ հայրենի արուեստագէտներուն համար։