ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԵՒ ՃԿՈՒՆ

Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան կար­գադ­րու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի Մատե­նա­դա­րա­նը յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի ու­նե­նայ նոր կար­գա­վի­ճակ։ Հայ մշա­կոյ­թի այս կա­րե­ւո­րա­գոյն կա­ռոյ­ցը պի­տի դառ­նայ հիմ­նադ­րամ մը։ Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէ­նի՝ բարձ­ր գի­տու­թիւն­նե­րու եւ հրա­տա­րակ­չա­կան հար­ցե­րով խորհր­դա­կան Գուր­գէն Գաս­պա­րեան վեր­ջերս այս կա­պակ­ցու­թեամբ հար­ցազրոյց մը տուաւ tert.am կայ­քէ­ջին։ Ան հա­մո­զուած է, թէ դառ­նա­լով հիմ­նադ­րամ՝ Մա­տե­նա­դա­րա­նը պի­տի ըլ­լայ ա­ւե­լի ինք­նու­րոյն, իսկ կա­ռա­վա­րու­մը՝ ա­ւե­լի ճկուն։ Գաս­պա­րեա­նի խօս­քե­րով, յա­ռաջ­դի­մա­կան կը հա­մա­րուի կա­ռա­վա­րու­թեան ո­րո­շու­մը, ո­րով Մա­տե­նա­դա­րա­նը դուրս պի­տի գայ ոե­ւէ մէ­կու են­թա­կա­յու­թե­նէն եւ պի­տի դառ­նայ ինք­նու­րոյն, յա­տուկ հիմ­նադ­րամ։

«Հիմ­նադ­րա­մը կա­ռա­վար­ման նոր ձեւ մըն է եւ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ո­րո­շեց, որ պէտք է կա­ռա­վար­ման հին ձե­ւէն անց­նի նոր ձե­ւի՝ հիմ­նադ­րա­մի։ Կը կար­ծեմ, որ հիմ­նադ­րա­մը ա­ւե­լի մեծ հնա­րա­ւո­րու­թիւն կու տայ Մա­տե­նա­դա­րա­նի ա­զա­տու­թեան, ինք­նու­րոյն ըլ­լա­լուն եւ բաց աս­տի կա­ռա­վար­ման այս նոր ձե­ւը ա­ւե­լի ճկուն է», ը­սաւ Գուր­գէն Գաս­պա­րեան եւ մատ­նան­շեց, թէ ա­ռա­ջին հեր­թին կա­ռոյ­ցը դուրս պի­տի գայ Կրթու­թեան ու գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան են­թա­կա­յու­թե­նէն, բայց ըլ­լա­լով պե­տա­կան հիմ­նադ­րամ մը՝ շատ մը հար­ցե­րու մէջ ուղ­ղա­կիօ­րէն պի­տի են­թար­կուի կա­ռա­վա­րու­թեան։

Ման­րա­մաս­նե­լով հե­ռան­կար­նե­րը՝ Գուր­գէն Գաս­պա­րեան յայտ­նեց, որ այս­պէ­սով Մա­տե­նա­դա­րա­նը ար­դէն ինք պէտք է տնօ­րի­նէ իր ու­նե­ցած մի­ջոց­նե­րը։ Այս­տեղ խօս­քը չի վե­րա­բե­րիր միայն ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րուն ու ֆոն­տե­րուն։ «Այ­սինքն՝ ձե­ռագ­րա­կան, ար­խի­ւա­յին, գրա­դա­րա­նա­յին ֆոն­տը դար­ձեալ կը մնան պե­տու­թեան տնօ­րի­նու­թեան տակ։ Իսկ ներ­քին կա­ռա­վար­ման դրու­թիւն­նե­րը ար­դէն կը կա­ռա­վա­րուին նոր ձե­ւա­ւո­րուող հո­գա­բար­ձու­նե­րու խոր­հուր­դին կող­մէ։ Այդ խոր­հուր­դի կազ­մին մէջ ընդգր­կուած պի­տի ըլ­լան թէ՛ կա­ռա­վա­րու­թեան ան­դամ­ներ, թէ՛ յայտ­նի մտա­ւո­րա­կան­ներ կամ նոյն դի­մա­գի­ծէ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մաս­նա­գէտ­ներ։ Այս խոր­հուր­դը պի­տի նշա­նա­կէ կամ պի­տի ընտ­րէ Մա­տե­նա­դա­րա­նի կա­ռա­վա­րի­չը կամ գոր­ծա­դիր տնօ­րէ­նը։ Կա­նո­նադ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ պար­տա­ւո­րու­թիւն մը չէ նա­խա­տե­սուած, որ­պէս­զի տնօ­րէ­նը ըլ­լայ գիտ­նա­կան։ «Մա­տե­նա­դա­րա­նը հա­մա­լիր կա­ռոյց մըն է, այս պատ­ճա­ռով, ե­թէ կա­ռա­վա­րի­չը ըլ­լայ ա­կա­դե­մի­կոս, նաեւ ու­նե­նայ ուղ­ղու­թիւն­նե­րու մա­սին պատ­շաճ գի­տե­լիք­ներ՝ ա­մէն ինչ լաւ կ՚ըլ­լայ», ը­սաւ Գուր­գէն Գաս­պա­րեան։

Անդ­րա­դառ­նա­լով այս նիւ­թին վե­րա­բե­րեալ շրջա­նա­ռու­թեան մէջ մտած թեր ու դէմ կար­ծիք­նե­րուն՝ Գուր­գէն Գաս­պա­րեան շեշ­տեց, որ խնդի­րը Մա­տե­նա­դա­րա­նի ա­պա­գայ զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րու լիար­ժէք օգ­տա­գործ­ման մա­սին է։ Ան յի­շե­ցուց, որ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րանն ալ դար­ձած է հիմ­նադ­րամ եւ հա­ւա­նա­բար ա­կա­դե­մա­կան կա­ճառ­նե­րուն հա­մար ալ յա­ռա­ջի­կա­յին սահ­մա­նուի նոյն կար­գա­վի­ճա­կը։ «Հիմ­նադ­րամ­նե­րը կը տնօ­րի­նեն ի­րենց ելմ­տա­կան մի­ջոց­նե­րը, կրնան նաեւ կա­պեր հաս­տա­տել այլ հիմ­նադ­րամ­նե­րու հետ, գտնել հո­վա­նա­ւոր­ներ եւ մի­ջոց­նե­րը օգ­տա­գոր­ծել կա­րիք­նե­րու հա­մար», եզ­րա­փա­կեց Գուր­գէն Գաս­պա­րեան։

 

Ուրբաթ, Մայիս 12, 2017