ԷԼՄԱՐ ՊՐՈՒՔԻ ԱՅՑԸ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէի նախագահ Էլմար Պրուքը։ Էրտողան Նախագահական պալատի երդիքին տակ տեսակցեցաւ Էլմար Պրուքի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան հետ, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Անգարայի մէջ։
Էրտողանի մօտ երէկ տեղի ունեցած զրոյցէն օր մը առաջ եւրոպացի խորհրդարանականները տեսակցեցան նաեւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Ճեմիլ Չիչէքի հետ։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, այս զրոյցի ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ հայկական հարցը։ Չիչէքի համոզմամբ, իւրաքանչիւրը ունի իրեն վիճակած պատասխանատուութիւն մը։ Խորհրդարանները պէտք չէ ինքզինքնին դասեն պատժական ատեան։ «Այլապէս, ես ալ կրնամ ընդունիլ որոշում մը, թէ այսինչ երկիրը ցեղասպանութիւն կատարած է։ Սա ճիշդ չ՚ըլլար», ըսած է Ճեմիլ Չիչէք։
Իր կարգին, Պրուք յիշեցուցած է, որ իր երկիրը ընդունած է ցեղասպանութիւն մը գործած ըլ-
լալը։ Ասոր փոխարէն, Չիչէք յառաջ քշած է այն համոզումը, թէ Հայաստանի պարագային անկարելի է խօսիլ դատական որոշումի մը շուրջ։ Ըստ իրեն, պէտք է տարանջատուին ցաւի ապրուած ըլլալն ու երկրի մը ցեղասպանութիւն գործած ըլլալով մեղադրուիլը։
Այս կապակցութեամբ Էլմար Պրուք դիտել տուած է, որ Եւրոխորհրդարանի մօտ այս նիւթը կ՚ընկալուի ոչ միայն իր քաղաքական բնոյթով, այլ նաեւ որպէս խղճի խնդիր մը։