ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ…

Պատ­րիար­քա­կան Ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ Տ. Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան, որ կը գտնուի Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Հա­յաս­տա­նի զան­գուա­ծա­յին լրա­տուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ հան­դէս կու գայ զա­նա­զան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով՝ Պոլ­սոյ Ա­թո­ռի առ­կայ հար­ցե­րուն շուրջ։ Ինչ­պէս հա­ղոր­դած էինք, նա­խորդ (Հինգ­շաբ­թի) ե­րե­կո­յեան ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ «Շանթ» հե­ռուս­տա­կա­յա­նի «Հե­ռան­կար» հա­ղոր­դա­շա­րի ըն­թաց­քին՝ պա­տաս­խա­նե­լով յայտ­նի լրագ­րող-հրա­պա­րա­կա­գիր Ա­րամ Աբ­րա­հա­մեա­նի հար­ցում­նե­րուն։ Թեր­թիս Ե­րե­ւա­նի աշ­խա­տա­կից Ա­նուշ Թրուան­ցի կող­մէ կա­տա­րուած սղագ­րու­թեան հի­ման վրայ՝ ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Նո­րին Սրբազ­նու­թեան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը։ Յանուն բնագրի նկատմամբ հաւատար­մու­թեան, այս սղագրութեան մէջ լեզ-ւական առումով պահպանուած են խօսակցական ոճն ու շեշտադրու­մ­ները։

*

-Սրբա­զան, ես կ՚ու­զէի սկսիլ մեր զրոյ­ցին Հա­յաս­տան ձեր գա­լու ա­ռա­քե­լու­թե­նէն: Ի՞նչ է ձեր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հի­մա:

-Ու­րեմն, ես այս ան­գամ ե­կայ, ո­րով­հե­տեւ մենք քա­նի մը օ­րէն Մոս­կուա պի­տի մեկ­նինք, ուր Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խորհր­դի ժո­ղո­վը պի­տի ըլ­լայ: Ան­ցեալ ան­գամ Նիւ Եոր­քի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ, իսկ այս ան­գամ Մոս­կուա­յի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ, այս ա­ռի­թով ե­կած եմ: Ժո­ղո­վէն քա­նի մը օր ա­ռաջ ե­կայ, որ­պէս­զի Վե­հա­փա­ռի հետ քիչ մը ա­ւե­լի լայն խօ­սակ­ցու­թիւն­ներ կա­րե­նանք ու­նե­նալ, նաեւ քիչ մը պատ­մեմ Պոլ­սոյ հայ կեան­քէն եւ այդ­տե­ղի պայ­ման­նե­րէն, ան­ցու­դար­ձնե­րէն:

-Այ­սինքն դուք Վե­հա­փա­ռին հետ քննար­կա՞ծ էք Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քա­րա­նի խնդի­րը:

-Տա­կա­ւին ոչ: Ես նոր ե­կայ:

-Դուք տակաւին չէ՞ք հան­դի­պած:

-Չենք հան­դի­պած: Այս առ­ա­ւօտ ե­կայ: Եւ հա­ւա­նա­բար վա­ղը պի­տի տես­նուինք ի­րա­րու հետ եւ այն ա­տե­ն քիչ մը ա­ւե­լի լայն ձե­ւով պի­տի խօ­սինք:

-Այս­տեղ՝ Հա­յաս­տա­նի մէջ, քա­նի մը տա­րի ա­ռաջ ոչ ոք կը հե­տաքրք­րուէր, թէ ո՛վ է Պոլ­սոյ պատ­րիար­քը: Երբ Ա­րամ Սրբա­զա­նը, մեղմ ը­սենք, շատ ոչ շրջա­հա­յեաց ձե­ւով խօ­սե­ցաւ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, այդ բա­նէն յե­տոյ, եւ հի­մա՝ այս ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ Հա­յաս­տա­նի մէջ սկսած են այդ հար­ցով հե­տաքրք­րուիլ:

-Ա­յո: Շատ լաւ է ա­տի­կա, ո­րով­հե­տեւ պատ­մա­կան ա­թոռ մըն է պատ­րիար­քու­թիւ­նը, 555 տա­րի է՝ գո­յու­թիւն ու­նի, եւ Պոլ­սոյ Պատ­րիար­քու­թիւ­նը մեր չորս նուի­րա­պե­տա­կան կեդ­րոն­նե­րէն մէկն է: Էջ­միա­ծի­նը ա­ռա­ջինն է, յե­տոյ կու գայ Ան­թի­լիա­սը, Ե­րու­սա­ղէ­մի Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին եւ յե­տոյ՝ Պո­լի­սը: Այն­պէս որ Պոլ­սոյ կեան­քին շուր­ջը նաեւ հա­ւա­քուած են այդ­տե­ղի բո­լոր ժո­ղո­վուր­դի ան­հատ­նե­րը եւ հայ­կա­կան կեան­քը ընդ­հան­րա­պէս Պատ­րիար­քա­րա­նի շուրջ եւ Պատ­րիար­քա­րա­նի հետ կա­պուած կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու հետ միա­սին կ՚անց­ը­նեն:

-Հե­տաքր­քու­թիւն յա­ռա­ջա­ցաւ ա­ռա­ջին ան­գամ այն ժա­մա­նակ, երբ Ա­րամ Սրբա­զա­ն խօ­սե­ցաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին: Հաս­կնա­լով, որ ան Թուր­քիոյ քա­ղա­քա­ցի է եւ այլն, եւ այլն, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ան կրնա՞ր ընտ­րել ա­ւե­լի ճիշդ, ա­ւե­լի նուրբ ձեւ՝ այդ մա­սին խօ­սե­լու:

-Ա­յո՛, դուք ար­դէն ար­տա­յայ­տե­ցիք՝ քիչ մը շրջա­հա­յեաց չե­ղած ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ, նա­մակ մը ու­ղար­կեց, այդ մա­սին է ե­րե­ւի ձեր ակ­նար­կու­թիւ­նը: Տար­բեր ձե­ւե­րով կրնար պա­տաս­խա­նել ան­շուշտ, ո­րով­հե­տեւ ատ­կէ ա­ռաջ ե­ղած, գտնուած պատ­րիարք­նե­րը իս­կա­պէս, տար­բեր ձե­ւով, ոչ մէ­կը ան­հան­գիստ ը­նող ձե­ւով ար­տա­յայ­տուե­ցան, ա­նոնց­մէ մէ­կը Շնորհք Պատ­րիարքն է: Այդ ժա­մա­նակ­նե­րը ես ալ Պո­լիս ե­ղած եմ:

-Ինչ­պէ՞ս կ՚ար­տա­յայ­տուէր ան:

-Այդ պա­րա­գա­յին ու­րեմն յա­ճախ թղթա­կից­նե­րը կ՚եր­թա­յին, ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին հար­ցում­ներ կ՚ուղ­ղէին, ո­րով­հե­տեւ ա­մէն տա­րի, Սփիւռ­քի մէջ մա­նա­ւանդ այս հար­ցը կ՚ար­ծար­ծուէր, եւ թուր­քե­րը միշտ ան­հան­գիստ էին, թէ Ա­մե­րի­կան ինչ պի­տի ը­սէ այս մա­սին, եւ թղթա­կից­նե­րը կ՚եր­թա­յին Շնորհք Պատ­րիար­քի կար­ծի­քը առ­նե­լու: Եւ Շնորհք Պատ­րիար­ք, ան­գամ մը այ­լեւս այն­քան նե­ղուե­ցաւ, որ յայտ­նեց, թէ մեր ըն­տա­նի­քը Եոզ­ղա­տի մէջ ութ­սուն հո­գիէ կը բաղ­կա­նար, այ­սօր ոչ մէ­կը կեան­քի մէջ է, մի­նակ իմ անձս կ՚ապ­րի, հի­մա դուք ը­սէք՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ե­ղա՞ծ է, թէ՞ չէ ե­ղած: Նման պա­տաս­խան տուած է:

-Լաւ ձեւ ընտ­րած է: Եւ երկ­րորդ ան­գամ Պատ­րիար­քա­րա­նի շուրջ հե­տաքրք­րու­թիւն յա­ռա­ջա­ցաւ այն ժա­մա­նակ, երբ դուք տե­ղա­պահ ընտ­րուե­ցաք եւ Ա­րամ Սրբա­զա­նը չընտ­րուե­ցաւ, բայց մնաց իր ա­թո­ռին վրայ: Փետ­րուա­րին Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ դուք հան­դի­պում ու­նե­ցած էք, նաեւ՝ Ա­րամ Սրբա­զա­նը: Ին­չի՞ մա­սին դուք պայ­մա­նա­ւո­րուած էք:

-Այս հար­ցը ար­ծար­ծուած էր Պոլ­սոյ մէջ, հոն պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու մա­սին այ­լեւս սկսան ձայ­նե­րը ա­ւե­լի բարձր հնչել, եւ հե­տե­ւա­բար թեր­թե­րու մէջ գրուած յօ­դուած­նե­րը, այս կամ այն ան­ձե­րու ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը եւ այլն ան­շուշտ ա­կան­ջը հա­սան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին եւ ինքն ալ, որ­պէս զգու­շու­թիւն, մեզ հրա­ւի­րեց: Այ­սինքն հրա­ւի­րեց պատ­րիար­քա­րա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րու հետ կա­պուած ան­ձե­րը, որ­պէս­զի մե­զի հետ զրոյց ու­նե­նայ եւ մե­զի խոր­հուրդ տայ, որ­պէս­զի խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ, եղ­բայ­րա­կան ո­գիով լու­ծուի այս հար­ցը եւ ժո­ղո­վուր­դը հանգս­տաց­նէ, ը­սե­լով, որ աղ­մուկ հա­նե­լու պէտ­ք չկայ, պի­տի լու­ծուի այս հար­ցը, բայց խա­ղաղ պայ­ման­նե­րու մէջ: Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կար­ծիքն ու խոր­հուր­դը այս ե­ղաւ մե­զի: Բայց ե­կէք նա­յե­ցէք, որ այս հար­ցը Պոլ­սոյ մէջ տա­րա­ծուե­ցաւ այն­պի­սի ձե­ւով, որ իբ­րեւ թէ Հա­յաս­տա­նէն եւ Էջ­միած­նէն Ա­մե­նայն Հա­յոց Վե­հա­փա­ռը Թուր­քիոյ ներ­քին գոր­ծե­րուն կը խառ­նուի, մինչ­դեռ այդ­պի­սի բան գո­յու­թիւն չու­նի: Ես, ին­ծի հետ այս ուղ­ղու­թեամբ խօ­սած ան­ձե­րուն միշտ ը­սի նոյն բա­նը, որ մենք Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սին հետ ա­մէն պա­րա­գա­յի կը խօ­սինք մեր կարգ մը հար­ցե­րու մա­սին, ո­րով­հե­տեւ ին­քը կը գլխա­ւո­րէ ե­կե­ղե­ցին եւ մեր հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը կը գտնուի Էջ­միած­նի մէջ ու պատ­ճառ չկայ, որ մենք ե­կե­ղեց­ւոյ հետ կա­պուած ո­րե­ւէ հար­ցի մա­սին եր­թանք Վե­հա­փա­ռի հետ խօ­սակ­ցու­թիւն ու­նե­նանք։ Այն­պէս որ այս հար­ցը բա­ւա­կան մեղ­մա­ցաւ, մար­դիկ զգու­շա­ցան այ­լեւս այս մա­սին խօ­սե­լէ, ո­րով­հե­տեւ նաեւ վտան­գա­ւոր է, գի­տէք, երբ որ Հա­յաս­տա­նը խնդրոյ ա­ռար­կայ է: Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ծա­նօթ են բո­լո­րին, ի՜նչ հար­կ կայ, որ ը­սուի, որ իբ­րեւ թէ Էջ­միա­ծին կամ Հա­յաս­տան Թուր­քիոյ ներ­քին գոր­ծե­րուն կը խառ­նուին: Այդ­պի­սի բան գո­յու­թիւն չու­նի:

-Սրբա­զան, դուք բո­լորդ այդ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ պա­յ­մա­նա­ւո­րուե­ցաք, որ­քան կը հասկ­նամ, որ կ՚ըն­դու­նիք 15 Մար­տին կա­յա­նա­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւնք­նե­րը: Ին­չո՞ւ այն­պէս ե­ղաւ, որ ձեզ­մէ մէ­­կը, այ­նուա­մե­նայ­նիւ, ար­դիւնք­նե­րը չըն­դու­նեց:

-Ա­տի­կա պէտք է Ա­րամ Սրբա­զա­նին հարց­նէք, ա­ւե­լի ճիշդ կ՚ըլ­լայ: Այն պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւ­նը որ կար, ինք ա­ռար­կու­թիւն չը­րաւ ո­րե­ւէ բա­նի, ու­րեմն, վե­րա­դար­ձին, ընտ­րու­թե­նէն յե­տոյ, ով որ շա­հէր, ին­քը պէտք է փո­խա­նոր­դի այդ հան­գա­ման­քէն հրա­ժա­րէր, չհրա­ժա­րե­ցաւ, պատ­ճառ­նե­րը ես չեմ կրնար գիտ­նալ, միայն պա­տաս­խա­նը ին­ք կր­նայ տալ:

-Այ­նուա­մե­նայ­նիւ, 15 Մար­տին տե­ղի ու­նե­ցան ընտ­րու­թիւն­ներ, եւ 34 հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէն 23-ը քուէար­կե­ցին ձե­զի: Ի՞ն­չ բան կը խան­գա­րէ, որ­պէս­զի դուք ձեր պաշ­տօ­նը կա­տա­րէք:

-Ու­րեմն, ընտ­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ, երբ որ դա­դար մը տե­ղի ու­նե­ցաւ, այդ դա­դա­րէն յե­տոյ իմ նպա­տակս էր, որ­պէս ընտ­րեալ-տե­ղա­պահ կրօ­նա­կան ժո­ղով մը գու­մա­րել եւ յա­ռա­ջի­կայ մեր ճա­նա­պար­հի քար­տէ­սը դնել մէջ­տեղ: Ա­տի­կա տե­ղի չու­նե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ հոն գտնուող Ա­րամ Սրբա­զա­նի թիկ­նա­պա­հը, որ նշա­նա­կուած է պե­տու­թեան կող­մէ, ոս­տի­կան մըն է (ու­րիշ ոս­տի­կան­ներ ալ կա­յին այդ­տեղ շրջող), մեզ հրա­ւի­րեց Ա­րամ Սրբա­զա­նի սե­նեա­կը, ուր մե­զի յայտ­նեց կու­սա­կա­լու­թե­նէն ե­կած նա­մա­կի մը պա­րու­նա­կու­թիւ­նը:

-Ոս­տի­կա՞­նը յայտ­նած է ձե­զի եւ ոչ Ա­րամ Սրբա­զա­նը:

-Ինքն ալ ներ­կայ էր ան­շուշտ հոն, բայց այդ­պի­սի պաշ­տօ­նա­կան նա­մակ մը, որ կու­սա­կա­լու­թե­նէն ե­կած է, ոս­տի­կա­նը ա­ռաւ եւ ոտ­քի կանգ­նած կար­դաց, ինչ ո­ր հա­ւա­նա­բար ծա­նօթ է ձե­զի: Մէ­ջը տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թեան մա­սին կամ տե­ղա­պա­հի ան­ձին մա­սին ո­րե­ւէ խօսք չկայ, այլ միայն կը հաս­տա­տէ, որ փո­խա­նոր­դը մին­չեւ այդ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող, ա­նի­կա իր պաշ­տօ­նին մնայ եւ շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծը: Այս­քան բան է: Ան­շուշտ, ա­սի­կա տար­բեր մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու տե­ղի տուաւ յե­տոյ, ը­սե­լով, թէ պե­տու­թիւ­նը տե­ղա­պա­հի ընտ­րու­թիւ­նը հա­շուի չ՚առ­ներ, ձեզ իբ­րեւ տե­ղա­պահ չի ճանչ­նար: Այդ­պի­սի բան գո­յու­թիւն չու­նի, ե­թէ այդ­պի­սի բան մը մտա­ծուած ըլ­լար կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ, ար­դէն ո­րե­ւէ ձե­ւով կը հասկց­նէին ա­տի­կա մե­զի:

-Սրբա­զան, խնդրեմ պա­տաս­խա­նե­ցէք, Թուր­քիոյ պե­տու­թիւ­նը ի՞նչ ի­րա­ւա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ է կրօ­նա­կան հա­մայն­քի, տուեալ պա­րա­գա­յին՝ հայ հա­մայն­քի հետ:

-Հի­մա գի­տէք, որ ա­րե­ւե­լեան եր­կիր­նե­րու մէջ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­նած ո­րե­ւէ ընտ­րու­թեան պա­րա­գա­յին ա­տի­կա պէտք է կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վա­ւե­րաց­նէ, ինչ­պէս՝ Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­րիար­քի ընտ­րու­թիւ­նը, ինչ­պէս՝ Ի­րա­նի մէջ եւ այլն, Ա­րե­ւել­քի մէջ այս­պի­սի դրու­թիւն մը գո­յու­թիւն ու­նի: Ու­րեմն, մենք՝ իբ­րեւ կրօ­նա­կան փոք­րա­մաս­նու­թիւն, պե­տու­թիւ­նը իր ի­րա­ւուն­քը կը հա­մա­րէ ընտ­րու­թիւ­նը վա­ւե­րաց­նել կամ մեր­ժել, ինչ­պէս նաեւ՝ Պատ­րիար­քա­րա­նի եւ հա­մայն­քի հետ կա­պուած միւս կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րը կը վա­ւե­րաց­նէ: Այ­սօր 35-40 ե­կե­ղե­ցի­ներ գո­յու­թիւն ու­նին Պոլ­սոյ մէջ եւ այս ե­կե­ղե­ցի­նե­րու վար­չու­թիւն­նե­րու ընտ­րու­թիւն­նե­րը նախ կ՚ար­տօ­նէ պե­տու­թիւ­նը, իսկ ընտ­րու­թե­նէն յե­տոյ, ընտ­րուած­նե­րը կը վա­ւե­րաց­նէ: Այս­պի­սի յա­րա­բե­րու­թիւն մը Օս­մա­նեան շրջա­նէն ի վեր գո­յու­թիւն ու­նի եւ ե­թէ կը յի­շէք, Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան մէջ ալ այս մա­սին յօ­դուած գո­յու­թիւն ու­նի:

-Հի­մա վա­ւե­րա­ցու­ցա՞ծ է, թէ՞ մեր­ժած է:

-Հի­մա ոչ վա­ւե­րա­ցուց, ոչ ալ մեր­ժեց: Այս­պի­սի դրու­թեան մէջ է: Բայց ին­ծի հա­մար ա­ւե­լի հա­շուի պէտք է առ­նել, կը խոր­հիմ, որ ե­կե­ղե­ցա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը ի՞նչ կ՚ը­սէ: Հի­մա ե­կե­ղե­ցա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը կը սկսի Էջ­միած­նէն, Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կոս Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի կամ­քէն: Եւ ին­քը, գի­տէք, որ եր­կու ան­գամ, մէյ մը ա­ռան­ձին՝ նա­մա­կով մը շնոր­հա­ւո­րեց զիս, իբ­րեւ տե­ղա­պահ եւ երկ­րորդ, զատ­կա­կան պատ­գա­մի մէջ յի­շեց իմ ա­նու­նը, ինչ­պէս նաեւ՝ միւս նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րու գա­հա­կալ­նե­րը: Ա­սի­կա կա­նոն մըն է, ա­ւան­դու­թիւն մըն է մեր մէջ եւ ե­կե­ղեց­ւոյ պե­տը, երբ որ այս կամ­քը կը ցու­ցա­բե­րէ եւ եր­րորդ, երբ որ ե­կե­ղե­ցա­կան հա­մա­գու­մար մը ընտ­րու­թիւն մը կը կազ­մա­կեր­պէ, եւ այդ ընտ­րեա­լը ես կ՚ըլ­լամ, ու­րեմն ե­կե­ղե­ցա­կան իշ­խա­նու­թեան տուած ո­րո­շումն է, որ ի զօ­րու պէտք է դառ­նայ:

-Թեք­նի­կա­պէս ա­տի­կա ինչ­պէ՞ս է: Դուք Գեր­մա­նիա­յէն գա­ցած էք Պո­լիս եւ չե՞ն թո­ղեր, որ դուք այդ շէն­քը մտնէք:

-Ան­ձէն կա­խում ու­նի, ը­սի, չէ՞: Ան­ձե­րու հետ կա­պուած հար­ցեր են, ին­ծի պէտք է այն­տեղ գրա­սե­նեակ տրա­մադ­րէին, աշ­խա­տա­սե­նեակ եւ այլն, եւ այլն: Ե­տե­ւը կայ ու­րիշ շէնք մը, ուր ննջա­րան­ներ կան, այդ­տեղ տուին սե­նեակ մը, բայց իմ պաշ­տօ­նա­վայրս, երբ որ միւս շէնքն է, ու­րեմն պէտք է հոն եր­թա­յի ես: Եւ այդ­տեղ չկրցայ եր­թալ:

-Իսկ ը­սենք թէ պա­տա­րագ մա­տու­ցել Պոլ­սոյ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մէջ, ա­տի­կա թոյլ տրուա՞ծ է ձե­զի կամ ար­գի­լուա՞ծ է:

-Ա­տի­կա խնդիր մը չէ, բայց ու­րիշ բան մը պա­տա­հե­ցաւ այդ ուղ­ղու­թեամբ ալ: Հա­կա­ռակ աս­կէ ա­ռաջ ե­ղած կա­ցու­թեան, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կու տան՝ այ­սինչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ այ­սինչ Կի­րա­կին պա­տա­րագ պի­տի մա­տու­ցա­նէ այ­սինչ սրբա­զա­նը իր պաշ­տօնն ալ յի­շե­լով: Ու­րեմն իմ մա­սին աս­կէ ա­ռաջ կը գրէին ա­ռաջ­նորդ Գեր­մա­նիոյ Գա­րե­գին Արք. Պեք­ճեան, կը պա­տա­րա­գէ այ­սինչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, բայց այս ան­գամ ե­րե­ւի հրա­հանգ գա­ցած էր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, որ տիտ­ղոս­նե­րը չյի­շուին, ո՛չ տե­ղա­պահ եւ ոչ ալ ա­ռաջ­նոր­դի հան­գա­մանքս յի­շուե­ցաւ այդ թեր­թե­րուն մէջ, բայց ե­թէ ու­զես՝ գնայ այ­սինչ պա­տա­րա­գին ներ­կայ ե­ղիր:

-Քիչ մը շե­ղուե­լով թե­մա­յէն: 24 Ապ­րի­լին հե­տաքրք­րա­կան բան մը տե­ղի ու­նե­ցաւ. դուք գա­ցիք գե­րեզ­մա­նը այն թուրք պաշ­տօ­նեա­յին, ո­ր 15 թուին հա­յե­րու նկատ­մամբ բա­րի գտնուած էր: Մէկ-եր­կու բա­ռով պատ­մէք ա­տոր մա­սին:

-Ու­րեմն Ապ­րիլ 24-ը աս­կէ ա­ռաջ ար­դէն դժուար էր ար­տա­սա­նել Թուր­քիոյ պայ­ման­նե­րու մէջ, բայց եր­կու-ե­րեք տա­րիէ ի վեր կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը թոյլ կու տայ, որ­պէս­զի մեր նա­հա­տակ­նե­րուն հա­մար հո­գե­հան­գիս­տի ա­րա­րո­ղու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պուին ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մէջ, եւ այս ա­ռի­թով ալ նա­խա­գա­հը ար­դէն ցա­ւակ­ցա­կան նա­մակ­ներ կը ղրկէ, զիս ալ նշա­նա­կած էին ե­կե­ղե­ցի մը, ես մեր­ժե­ցի եր­թալ, ո­րով­հե­տեւ երբ որ այդ­պի­սի ա­րա­րո­ղու­թեան մը ներ­կայ կ՚ըլ­լաք, պէտք է նաեւ քա­նի մը խօս­քով այդ օ­րուան ի­մաս­տը, նշա­նա­կու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տենք: Ատ­կէ խու­սա­փե­լու հա­մար, որ­պէս­զի սխալ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու եւ կամ մաս­նա­ւոր չա­րու­թեամբ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ չտրուե­լու հա­մար ես այդ­տեղ չգա­ցի, բայց իմ պար­տա­կա­նու­թիւ­նը հա­մա­րե­ցի եր­թալ նա­խե­ւա­ռաջ Հրանդ Տին­քի գե­րեզ­մա­նը, մեր մտա­ւո­րա­կան­նե­րու բա­ժի­նը գե­րեզ­մա­նի մէջ, Պա­լեան­նե­րու շիր­մը ա­ղօ­թել եւ ատ­կէ յե­տոյ՝ թրքա­կան գե­րեզ­մա­նա­տուն մը, ուր յայտ­նի մար­դիկ՝ գրա­գէտ­ներ եւ այլն թա­ղուած են, յայտ­նի պե­տա­կան գոր­ծիչ­ներ, եւ այդ­տեղ թա­ղուած է Ա­լի Ֆա­իք Օ­զան­սոյ ա­նու­նով բա­նաս­տեղծ մը։ Այս ան­ձը ե­ղած է Կու­տի­նա քա­ղա­քի՝ Կո­մի­տա­սի ծննդա­վայ­րի կա­ռա­վա­րի­չը: Ա­նոր շի­րի­մը նաեւ մեր հա­մայն­քէն պա­տուա­կան անձ մը՝ Թո­րոս Ա­բիկ ա­նու­նով, իր անձ­նա­կան ծախ­սե­րով շի­նած է, բա­րե­կար­գած է, ը­սենք: Եւ այդ­տեղ գա­ցի որ­պէս ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն: Այդ ան­ձը 1915-ին հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու կեան­քը փրկած է, դէմ դնե­լով իթ­թի­հա­տա­կան կամ­քին, որ աք­սո­րի կ՚ու­զէր ղրկել բո­լո­րը, ին­քը դէմ կե­ցած է եւ իր այդ ա­րար­քին հա­մար ալ ին­քը տու­ժած է, ո­րով­հե­տեւ այդ­պի­սի հրա­հանգ կար, որ ո՛վ որ այս­պի­սի ա­րար­քի մը մէջ կը գտնուի, ան­պայ­ման պի­տի վտան­գուի եւ պաշ­տօ­նա­զուրկ պի­տի ըլ­լայ ը­սե­լով:

Այդ մար­դը պաշ­տօ­նա­զուրկ ալ ե­ղաւ, ա­մէն տե­սա­կի հա­լա­ծան­քի են­թար­կուե­ցաւ եւ այլն: Ու­րեմն ա­սանկ քա­նի մը ան­ձեր կան՝ պե­տա­կան գոր­ծիչ­ներ, ո­րոնք հա­զա­րա­ւոր հա­յե­րու կեան­քը ա­զա­տած են: Ես ա­նոր գե­րեզ­մա­նը գա­ցի եւ այդ­տեղ մզկիթ կայ, ի­մամ մը կան­չե­ցինք: Մար­դը զար­մա­ցաւ, զիս տե­սաւ իմ հո­գե­ւո­րա­կա­նի զգես­տով, ը­սաւ՝ դուք ո՞վ էք, ի՞նչ կ՚ու­զէք այս­տե­ղը ը­նել, ը­սինք որ կ՚ու­զենք հո­գե­հան­գիստ մը կամ ի­րենց բա­ռե­րով մեւ­լիւթ մը ը­նենք այս­տեղ, ո­րով­հե­տեւ այս ան­ձը 1915 թուա­կա­նին հա­զա­ւա­րոր հա­յե­րու կեան­քը ա­զա­տած է, մենք ե­րախ­տա­պարտ ժո­ղո­վուրդ մը ե­ղած ենք, Օս­մա­նեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին երբ որ կ՚ապ­րէինք, Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը մեզ կը կո­չէր հա­ւա­տա­րիմ ժո­ղո­վուրդ: Այդ­պէս կ՚ա­նուա­նէր. հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը, որ պե­տու­թեան հա­ւա­տա­րիմ է եւ պար­տա­ճա­նաչ է ի­րեն տրուած պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ: Մար­դը զար­մա­ցաւ, ը­սաւ կեան­քիս մէջ ա­ռա­ջին ան­գամ կը տես­նեմ այս­պի­սի պա­րա­գայ մը, որ քրիս­տո­նեայ ըլ­լա­լով գան եւ մահ­մե­տա­կան մէ­կու մը հա­մար ա­ղօթք խնդրեն: Ը­սինք, որ այս է պատ­մու­թիւ­նը, այն­պէս որ մեր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը միշտ պի­տի յի­շենք աս­կէ վերջ:

-Վեր­ջին հար­ցու­մը. դառ­նա­լով նո­րէն Պատ­րիար­քա­րա­նի խնդիր­նե­րուն։ Եր­կու հո­գե­ւո­րա­կան, եր­կու սրբա­զան կը պայ­քա­րին, այս­պէս ը­սենք, ա­թո­ռի հա­մար: Այդ մէ­կը՝ մե­զի՝ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուս վրայ լաւ տպա­ւո­րու­թիւն մը պի­տի չձգէ: Հի­մա մէկ­ն ու մէ­կը պէտք է հրա­ժա­րի, մէկ­ն ու մէ­կը պէտք է զի­ջէ: Կրնայ պա­տա­հի՞լ, որ դո՛ւք զի­ջիք:

-Ե­թէ պէտք ըլ­լայ, կը զի­ջինք, ին­չու չէ: Ա­տի­կա հնա­րա­ւոր է: Անհ­նար բան մը չկայ աշ­խար­հի վրայ, կեան­քի մէջ, միայն թէ այս­տեղ պայ­քար չկայ, այս­տեղ կայ ըն­թացք մը, ո­ր պար­տադ­րուած է, ը­սենք, տե­սակ կը ժո­ղո­վուր­դի կող­մէ եւ այդ­տե­ղի ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցաւ: Այդ պար­տադ­րան­քը ի՞նչ է՝ պատ­րիար­քի ընտ­րու­թիւն։ Ու­րեմն ընտ­րու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ թեկ­նա­ծու­նե­րու մի­ջեւ: Ես թեկ­նա­ծու ներ­կա­յա­ցայ որ­պէս այդ ա­թո­ռի պատ­կա­նող հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րէն մէ­կը, ինչ­պէս նաեւ՝ միւս ան­ձե­րը, ու­րիշ ան­ձեր ալ կրնա­յին մէջ­տեղ գալ: Իմ կար­ծի­քով, քիչ մը սխալ ար­տա­յայ­տու­թիւն է պայ­քա­րի ձե­ւով դնել հար­ցը, այլ ուղ­ղա­կի ա­ւան­դոյ­թը շա­րու­նա­կե­լու հաշ­ւոյն պէտք է ա­տի­կա տե­ղի ու­նե­նայ՝ պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն: Իսկ ընտ­րու­թե­նէն ա­ռաջ տե­ղա­պահ մը պէտք է ընտ­րուի, որ­պէս­զի պատ­րիար­քա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րը կազ­մա­կեր­պէ եւ հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խար­հա­կան­նե­րու հետ միա­սին գոր­ծակ­ցե­լով մէջ­տեղ բե­րեն ընտ­րու­թեան հար­ցը:

Շաբաթ, Մայիս 13, 2017