ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՀՐԱՇԱԼԻ ԵՐԵՒՈՒՄԸ
«Յաղթութեան նշանը՝ Խաչը երկինքի վրայ երեւեցաւ եւ ողորմութեան լոյսը ծագեցաւ հեթանոսներու վրայ»։
Զատկի յաջորդող հինգերորդ Կիրակին նուիրուած է «Երեւման Խաչի յիշատակ»ին, այսինքն խաչի երկինքի վրայ հրաշալի՜ երեւումին։ Արդարեւ, պատմական դէպք մը, եղելութիւն մըն է որ կը տօնուի այսօր։
Երուսաղէմի Ձիթենեաց լեռնէն մինչեւ Համբարձման լերան բարձունքը, 351 թուականին, երկինքի վրայ փայլատակեց Քրիստոսի խաչի նշանը։ Ասիկա բնական եւ սովորական երեւոյթ մը չէր, այլ հրա՛շք մը՝ որ յայտնուեցաւ արտասովոր եւ հրաշալի՜ տեսքով մը, որուն կենդանի վկաները եղան Երուսաղէմի բնակիչները՝ որոնք տեսան այդ հրաշալի՜ տեսարանը իրենց մարմնական աչքերով։ Անիկա իրական դէպք մըն էր եւ ո՛չ թէ ցնորք կամ երազ եւ կամ զգայախաբութիւն եւ պատրանք։
Ուստի պատմիչը կ՚ըսէ, թէ ա՜յնքան պայծառ էր լոյսը, որ մինչեւ իսկ արեւը խափանուեցաւ այդ փայլուն լոյսին պայծառութեանը դիմաց։
Երուսաղէմ գտնուող ամբողջ ժողովուրդը՝ քրիստոնեայ կամ ո՛չ, բոլոր մարդիկ իրենց մարմնական աչքեով կրցին տեսնել Քրիստոսի փառաւորեալ խաչափայտի նշանը երկինքի վրայ։
Այս առիթով Երուսաղէմի այդ օրուայ եպիսկոպոսը՝ Կիւրեղ Երուսաղէմացին, նամակ մը կը գրէ Բիւզանդիայի Կոստանդ կայսրին եւ նամակին մէջ կը նշէ, թէ ի՛նչպէս օր ցերեկով Յիսուսի խաչափայտը երկինքի վրայ այնքան գեղեցկօրէն փայլեցաւ, որ նոյնիսկ արեւը շուքի մէջ մնաց։ Եւ այս ըսելով՝ Կիւրեղ Եպիսկոպոս Կոստանդ կայսրին՝ որ որդին էր մեծն Կոստանդիանոսին, քրիստոնեայ դարձած Բիւզանդիայի կայսրին, կ՚ուզէր հաւատք ներշնչել, որպէսզի ան չտկարանայ, ինչպէս Կոստանդիանոս կայսրին յաջորդող Յուլիանոս տկարանալով իր հաւատքին մէջ, ուրացաւ Քրիստոսը եւ հալածողը դարձաւ քրիստոնեաներուն։
Ահաւասիկ, ա՛յս է պատճառը, որ Կիւրեղ Եպիսկոպոս փառաբանեց Երուսաղէմի երկնակամարին վրայ փայլատակած Քրիստոսի խաչափայտը, եւ փորձեց համոզել, յոյս ներշնչել Կոստանդ կայսրին, որ իր նախորդին նման չուրանայ Քրիստոսը։
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ալ, սիրելի՜ բարեկամներ, կը գտնուի դրուագ մը՝ ուր խաչափայտը փայլած է երկինքի վրայ այնքա՜ն պայծառօրէն։
Այդ բարեպատեհ դէպքը՝ հինգերորդ դարու կէսերուն, Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի մահուան առթիւ պատահած էր Վաղարշապատ քաղաքին մէջ։
Արդարեւ, երբ Վաղարշապատ քաղաքին մէջ Հայ գիրերու ստեղծիչ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, արդէն տարիքը առած, փակեց իր աչքերը, անոր մարմնին վրայ եւս փայլատակեց Քրիստոսի խաչափայտը, եւ ամբողջ ժողովուրդը մարմնական աչքերով տեսաւ զայն։ Խորենացի եւ Կորիւն պատմիչներ կ՚ըսեն, որ երկինքի վրայ, այն տան գտնուած տեղը՝ ուր կը հանգչէր Մեսրոպ Մաշտոց եռամեծ վարդապետին օրհնեալ մարմինը, փայլատակեց Քրիստոսի խաչափայտը։
Խորենացի եւ Կորիւն պատմիչներ, շարունակելով իրենց խօսքը, կ՚ըսեն, որ երբ Մեսրոպ Մաշտոցի դագաղը Վաղարշապատէն կը տարուէր դէպի Օշական գիւղը՝ Ամատունի Վահան իշխանի կալուածքը, ճանապարհի ընթացքին երկինքի վրայ յուղարկաւորներուն կը հետեւէր փայլուն այդ խաչի նշանը։
Ասիկա հոգեւոր հարստութիւն մըն է՝ ունենալ սեփական «Խաչի Երեւում» մը իր պատմութեան մէջ, եւ այս հրաշալի՜ երեւոյթը կը պարտին Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի, որ հաստատեց հաւատքը Հայ ժողովրդին մէջ եւ Անոր՝ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, որ հաստատուած հաւատքը աճեցուց եւ զարգացուց որպէս հոգեմտաւոր մեծ արժէք։
Արդարեւ, խաչը Հայ ժողովուրդին համար իրապէս հոգեւոր մեծ արժէք կը ներկայացնէ, եւ պաշտելու առարկայ է, քանի որ ան «խորհո՛ւրդ» է՝ փրկութեան եւ յաղթանակի խորհո՛ւրդ։
301 թուականին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, գեղեցիկ տեսիլքով մը վկայեց Աստուածորդւոյն իջման սուրբ վայրը՝ օրհնելու, իր մուրճով հաստատելու ուղիղ եւ ճշմարիտ հաւատքը, այս առթիւ փակելու հեթանոսական ատրուշանի դռները եւ այդպիսով այս վայրը փոխակերպելու Սրբազան Տաճարի՝ պաշտամունքի վայրի։
Եւ ա՛յդպէս ալ պատահեցաւ։
Աստուածորդւոյն իջած վայրը կոչուեցաւ Սուրբ Էջմիածին, այսինքն՝ հոն ո՛ւր իջաւ միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոս, որպէսզի Հայ ժողովուրդի համար դարեր շարունակ ուխտատեղի մը ըլլայ, ժողովուրդը սիրէ այս հաւատի կեդրոնը, սիրէ այնպէս, ինչպէս կը սիրէ իր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը, եւ նոյն սիրով նուիրուի անոր հիմնած այս սուրբ Եկեղեցին՝ Սուրբ Էջմիածի՛նը։
Եւ… տարինե՜ր, դարե՜ր հետզհետէ կը սահին կ՚երթան եւ պէտք է անդրադառնալ այս գնացքին մէջ, թէ ի՞նչ կը նշանակէ, եւ ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ Հայ ժողովուրդին քրիստոնեայ դառնալը։ Արդարեւ հաւատքը՝ ինքնութեան, լինելութեան ամենակարեւոր ազդակն է եւ եթէ մարդ իր նախնիներէն փոխանցուած հաւատքը ունանայ, չպաշտէ իր սուրբերուն յիշատակը, որոնք մարտիրոսացան, իրենց կեանքի գինով հաւատքը պաշտպանելու ե՛ւ պահպանելու համար, եւ եթէ մոռնայ հաւատի պաշտպանութեան համար ամէն պայքար, եւ եթէ ուրանայ իր նախնիներուն այդ անձնուիրութիւնը, անձնուրացումը, զոհողութիւնը, ապա ուրեմն ո՜ւր կ՚երթայ իր ապագան։ Արդարեւ, առանց անցեալի՝ ներկայ, եւ առանց ներկայի ապագան գոյութիւն չ՚ունենա՛ր։
Տօնախմբութիւնը պարզապէս պատահական ժամանակաւոր ուրախութիւն մը, ուտել խմել եւ զուարճանալ եթէ ըլլար, եթէ այդպէս համարուէր, մեր կեանքը հաստատ հիմերու վրայ չէ՛ր մնար, նախնիներու յիշատակը, որ այնքա՜ն կարեւոր է եւ արժէք կը ներկայացնէ, վերստին մեր մէջ արթննալու առիթը չէր ունենար…։
Ուրեմն որեւէ տօնախմբութեան ատեն, երբ կ՚ուարախանանք, կը զուարճանանք, նախ պէտք է թափանցենք այդ տօնախմբութեան պատմութեան, պատմական իրադարձութեան եւ յետոյ անոր իմաստին պէ՛տք է անդրադառնանք, եւ հասկնանք անոր պատճառը եւ նպատակը, թէ ի՛նչ արժէք ունի անոր էութիւնը, ո՛րքան ազդեցութիւն ունի մեր ներկայ եւ ապագայ կեանքին, հարազատ ապրումներուն վրայ։ Առանց իմաստին թափանցելու՝ իրողութեան մը արժէքը հասկնալ դժուար, եւ շատ անգամ անկարելի՛ է…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 8, 2017, Իսթանպուլ