ԱՅՑ՝ ԴԷՊԻ ՏՈՀԱ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Քա­թար։ Տո­հա­յի մէջ ան այ­սօր կը հիւ­րըն­կա­լուի Քա­թա­րի է­միր Թա­միմ Պին Էր Հա­մատ Էլ Թա­նիի կող­մէ։ Շփումներուն ընթացքին Սերժ Սարգսեանին կ՚ընկերանայ բարձ­րաստիճան պատուիրա­կու­թիւն մը։

Ե­րե­ւա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, նախագահ Սերժ Սարգ­սեան Տո­հա­յի մէջ կը տե­սակ­ցի նաեւ Քա­թա­րի օ­դա­յին ըն­կե­րու­թեան ղե­կա­վա­րու­թեան, երկ­րի գոր­ծա­րար շրջա­նակ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ տեղ­ւոյն հայ հա­մայն­քէն դէմ­քե­րու հետ։

Երկուշաբթի, Մայիս 15, 2017