ԷՐՏՈՂԱՆ ԱՄՆ-Ի ՄԷՋ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ան Ուաշինկթըն ուղեւորուեցաւ Փեքինէն, ուր շաբաթավերջին մասնակցեցաւ՝ Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Միջազգային համագործակցութեան համար գօտիներու եւ ճանապարհներու ֆորումին։ Էրտողան ելոյթով մը հանդէս եկաւ ֆորումի ընթացքին։
Փեքինի շփումները աւարտելով՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան անցաւ Ուաշինկթըն։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ առաջին անգամ՝ երկու պետութիւններու ղեկավարներուն միջեւ տեղի կ՚ունենայ գագաթնային հանդիպում մը։ Սպիտակ տան երդիքին տակ նախատեսուած բանակցութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն եւ այս նոր շրջանի համագործակցութեան տեսակէտէ։ Սուրիոյ տագնապը, Իրաքի վիճակը, «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան ու միւս բոլոր ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ համատեղ պայքարը եւ տարածքաշրջանային բնոյթով բոլոր ածանցեալ հարցերը կը կազմեն Էրտողան-Թրամփ հանդիպման օրակարգին գլխաւոր առանցքը։