ԱՆՆԵՐՈՂ ԵՒ ՈԽԱԿԱԼ
Ահաւասիկ երկու սարսափազդու բառեր, որոնք զետեղուած են բառարաններու մէջ։ Բայց այս երկու բառերը եթէ մնան միա՛յն բառարաններու մէջ, այնքան վտանգաւոր եւ սարսափեցուցիչ չեն ըլլար, ո՛րքան բոյն դրած ըլլան սրտերու մէջ։
Դժբախտաբար կան մարդիկ, որոնք այս երկու հոգեվիճակը իրենց ապրելակերպ եւ կամ նկարագիր ընդունած, իրենց կեանքին ըստ այնմ ընթացք տուած են։ Սակայն, ամէն խղճամիտ եւ ողջախոհ մարդու կողմէ հասկնալի չէ, թէ ի՞նչ հաճոյք կ՚առնեն այն աններող եւ ոխակալ մարդիկ, երբ աններողութեամբ եւ ոխակալութեամբ միայն իրենք կը վնասուին՝ կը չարչարուին, կը տանջուին։ Արդարեւ, աններողամտութիւնը եւ ոխակալութիւնը ուտիճ՝ մանր ճճիններու, ցեցի նման կ՚ուտէ, կը վիրաւորէ եւ կը վնասէ միայն ինքն՝ աններողը կամ ոխակա՛լը։
Այս իմաստով աններողը եւ ոխակալը միայն ինքն իրեն վնաս կը պատճառէ, եւ զարմանալին այն է, որ այս իրողութեան չ՚անդրադառնար իսկ։ Ուստի աններող եւ ոխակալ մարդիկ, չըսելու համար անմիտ, քիչ մըն ալ միամիտ մարդիկ են, քանի որ իրենք իրենց վնաս կը պատճառեն եւ ասիկա չեն հասկնար, կը շարունակեն իրենց ընթացքը։
Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք, սիրելի՜ ընթերցող ազնիւ բարեկամներ, աններող եւ ոխակալ մարդոց նկարագիրը յայտնի կ՚ըլլայ իրենց նայուածքէն, աչքէն. կարծես անոնց աչքէն աններողամտութիւն եւ ոխակալութիւն կը ժայթքէ, անոնք իրապէ՛ս սարսափազդու նայուածքով մը արդէն կը յայտնեն իրենք զիրենք։ Այդպիսիներուն միայն շրթունքն է, որ կը ժպտի հազուադէպ, բայց անոնց աչքը միշտ լեցուն է ատելութեամբ, նենգութեամբ եւ չարութեամբ։ Կարծես առիթ կը փնտռեն յայտնելու իրենց նկարագիրը, իսկ եթէ առիթ չգտնեն՝ կը դիմեն բոլոր նենգամիտներուն, բոլոր չարամիտներուն գործածած միջոցը՝ կը բամբասեն, կը զրպարտեն եւ կարելին կ՚ընեն դուրս թափելու իրենց չար դիտաւորութիւնը, իրենց մաղձը, իրենց մէջ կուտակուած թո՛յնը։
Աններող եւ ոխակալ մարդիկ, ընդհանրապէս անխի՛ղճ են, անոնց աններողամտութիւնը եւ ոխակալութիւնը աւելի եւս կը սնանի, կը զարգանայ, կ՚աճի անխղճութեամբ։ Արդէն, հաւանաբար, եթէ մարդ անխիղճ եւ անգութ չըլլայ՝ աններող եւ ոխակալ ալ չի կրնար ըլլալ։
Բայց հարցը սա է. աններողամտութիւնը եւ ոխակալութիւնը կարելի՞ է դարմանել, կարելի՞ է փրկուիլ այդ ախտէն։ Եւ այս հարցումին բնականաբար կը յաջորդեն երկու ուրիշ հարցումներ. նախ՝ աններողամտութիւնը եւ ոխակալութիւնը նկարագի՞ր է, թէ ո՛չ։ Այս երկու զգացումները բնածի՞ն են, թէ ստացական։ Եւ յետոյ՝ եթէ նկարագիր է այս երկուքը, ապա ուրեմն կարելի՞ է որ փոխուի նկարագիրը։
Արդարեւ, երկար խորհրդածութեան առարկայ կրնան ըլլալ այս հարցումները, բայց մենք նայինք գործնականին՝ իրապէս կան աններող եւ ոխակալ մարդիկ, եւ անոնք ալ մաս կը կազմեն մարդկային ընկերութեան եւ ներողամիտ ու անոխակալ, բարեմիտ մարդիկ պարտաւոր են ապրիլ աններող, ոխակալ եւ անխիղճ մարդոց հետ, եւ բաժնել կեանքը անոնց աններողամտութեամբ, ոխակալութեամբ եւ անխղճութեամբ։
Ահաւասիկ, ցաւալին ա՛յս է. խղճամիտ մարդուն՝ անխիղճ մարդու մը հետ ապրելու պարտաւորութի՛ւնը։ Եթէ ընկերութեան մէջ ապրիլ կ՚ուզէ մարդ, ինչ որ անխուսափելի է, քանի որ մարդ «ընկերային էակ» մըն է, ուրեմն պարտաւորուած է հանդուրժել ամէն նենգամիտ մարդու, կարելի չափով հեռու մնալով այդպիսիներէն։ Անշուշտ կա՛յ երկրորդ հաւանականութիւն մը եւս, ինչ որ շատ ընդունելի եւ գործադրելի չէ՛, բոլորովին հեռանալ՝ առանձնանալ եւ չբաժնել կեանքը աններող, ոխակալ եւ նենգամիտ մարդոց հետ։ Բայց այս անգամ ան կը հըռ-չակուի անմիջապէս. «տարօրինակ մարդ» կամ «անհաղորդ մարդ», եւ կը դատապարտուի բոլորովին առանձնութեան եւ կ՚ըլլայ «լքուած» մէկը, մոռցուած եւ անտեսուա՛ծ։
Բայց այս երկրորդ պարագային, այդ «տարօրինակ» անուանուած, «անհաղորդ» կոչուած եւ լքուած ու մոռցուած մարդիկ շատ աւելի երջանիկ կը զգան իրենք զիրենք, քան անխիղճ եւ ոխակալ, կեղծ ու կարծեցեալ բարեկամներու հետ ապրելու պարտաւորուածները։ Եւ այդ «տարօրինակ» կամ «անհաղորդ» մարդիկ կ՚ապրին իրենց ստեղծած, իրենց յատուկ աշխարհի մը մէջ՝ առանձին բայց երջանի՛կ, լքուած բայց իրենց ուժերով բաւարարուած, մոռցուած բայց միշտ կենսաբո՛ւխ։ Մարդիկ լքուելով կամ մոռցուելով երբեք չեն ոչնչանար, այլ ընդհակառակը, աւելի կը զօրանան, աւելի՛ եւս կենսայորդ կը դառնան, ինքնաճանաչման առիթը կ՚ունենան, ինչ որ աւելի եւս իմաստուն եւ խոհակա՛ն կը դարձնէ զիրենք։ Եւ աններող, ոխակալ, անխիղճ ու անգութ մարդիկ կը մնան մինա՛կ՝ իրենց նենգամտութեան, չարամտութեան եւ անխղճութեան հետ։ Աններող եւ ոխակալ մարդիկ, այո՛, բնականաբար մաս կը կազմեն մարդկային ընկերութեան, անոնք ալ իրենց բաժինը ունին մարդկային մեծ ընտանիքին մէջ, անոնք ալ ապրելու իրաւունք, իրենց վատ ու չար զգացումներովը ապրելու ազատութիւնը ունին, այս մասին ո՛չ մէկ տարակոյս, բայց բարեմիտներն ալ, խղճամիտներն ալ ունին իրաւունքը այդպիսիներէն հեռանալո՜ւ, անոնց մէջ չգտնուելու ազատութի՜ւնը, որոնք անձեռնմխելի են եւ կը կազմեն մարդկային արժանապատուութեան անհրաժեշտ տարրերը։
Ուստի, երբ տեսնել կ՚ուզենք ուրիշի մը թերութիւնները, տկարութիւնները կամ ըսենք՝ տարօրինակ կեցուածքը, զայն քննադատելէ առաջ, նախ փնտռենք այդ կացութեան պատճառները, եւ յետոյ դառնանք մենք մեր տկարութիւնները, թերութիւնները եւ թերեւս տարօրինականութիւնները դիտենք, եւ պիտի տեսնենք որ ամէն երեւոյթ, ամէն իրողութիւն ունի անպայմա՛ն բանաւոր պատճառ մը, եւ ուրիշը դատապարտելէ առաջ, իմաստութիւնը եւ վեհանձնութիւնը ունենանք մենք զմեզ դատե՜լու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 9, 2017, Իսթանպուլ