ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ ՈՍԿԷ ԱՇՏԱՐԱԿ
Վենետիկի միջազգային պիէնալէի շրջանակներէն ներս 20 մեթրնոց Ոսկէ աշտարակը տաղադրուած է «Բեկի Կուկենհայմի հավաքածոյի» մերձակայ հրապարակին վրայ եւ կանգնած պիտի մնայ մինչեւ Նոյեմբերի 26-ը՝ պիէնալէի փակումը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Ոսկէ աշտարակի գաղափարը ամերիկացի նկարիչ Ճէյմս Լի Պայերս յղացած է, երբ 1982 թուականին տեղափոխուեցաւ Վենետիկ։ Արդէն 1990 թուականին իրականացուցած են Պերլինի Մարթին Կրոփիուս Պաուի թանգարանին մէջ, իսկ այժմ կրկնած են Վենետիկի մէջ։
20 մեթրնոց Ոսկէ աշտարակը Պայերսի ամենախոշոր գործն է, որ կարելի է տեսնել քաղաքի տարբեր ծայրերէն: Այս ձաւով ան փորձած է նաեւ արտացոլել, թէ Վենետիկի մէջ ինչպէս կը միաւորուին Արեւմուտքի եւ Արեւելքի մշակոյթները:
Վենետիկի պիէնալէն, որ բացուեցաւ Մայիսի 13-ին, արդի արուեստին նուիրուած ամենայայտնի համաշխարհային գեղարուեստական համաժողովներէն մէկն է: Այս տարի պիէնալէն տեղի կ՚ունենայ 87-րդ անգամ: