25-ԱՄԵԱԿԻ ԱՌԹԻՒ ԱՐԾԱԹԷ ՅՈՒՇԱԴՐԱՄ
Արժոյթի միջազգային հիմնադրամին եւ Համաշխարհային դրամատան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան յոբելեանին առիթով Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը շրջանառութեան մէջ դրած է 1000 դրամ անուանական արժէքով արծաթէ յուշադրամ: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, յուշադրամի մէկ կողմը կայ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանը եւ «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ», «REPUBLIC OF ARMENIA», «2017», «1000 դրամ» մակագրութիւնները: Յուշադրամի դարձերեսին պատկերուած է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի եւ Համաշխարհային դրամատան տարբերանշանները՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութեան 25-ամեայ յոբելեանի նշումով: Ստորին եւ վերին շրջագիծերով «ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՆ», «ARMENIA՚S MEMBERSHIP ANNIVERSARY» հայերէն եւ անգլերէն մակագրութիւններն են:
Յուշադրամը, որ 300 հատ հատուած է Լիթվայի դրամահատարանին մէջ, գործն է Յարութիւն Սամուէլեանի։