ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
«Յանուն մարդկային կայուն զարգացման» ընկերակցութիւնը՝ Հայաստանի Նախագահի աշխատակազմին կողմէ ՀԿ-ներուն տրամադրուող դրամաշնորհային ծրագրին եւ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին յայտարարած մրցոյթին ծիրէն ներս՝ Մայիսի 26-28 թուականներուն Ծաղկաձորի մէջ պիտի կազմակերպէ «Զբօսաշրջութիւնը գիւղական համայնքներուն մէջ. Հիմնախնդիրները եւ արդի լուծման ուղիները» խորագրով գիտաժողով: Անիկա, ըստ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամին, նախատեսուած է գործող եւ ուսանող զբօսաշրջական գործակալներու, զբօսավարերու, զբօսաշրջութեան ոլորտի երիտասարդ աշխատակիցներու համար:
Ծրագրին նպատակն է խթանել Հայաստանի մէջ կայուն զբօսաշրջութեան զարգացման եւ դէպի նշուած ոլորտ ներդրումներու հոսքի աշխուժացման, նպաստել բնութեան պահպանուող տարածքներուն անքակտելի ու կայուն զարգացման, խնայողաբար օգտագործման, աջակցիլ գիւղական համայնքներու զարգացման:
Ծրագիրը նաեւ պիտի նպաստէ գիւղական համայնքներու մէջ կայուն զբօսաշրջութեան զարգացման:
Այս ծիրէն ներս պիտի բարձրացուին զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնախնդիրները, պիտի տրուին հնարաւոր լուծման ուղիները, եւ պիտի վերլուծուի համայնք-պահպանուող տարածք-զբօսաշրջութիւնը կազմակերպող եռակողմ կապը:
Գիտաժողովին ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը նիւթեր, ներառեալ՝ «Զբօսաշրջութեան կառավարման ձեւեր եւ առաջարկներ», «Գիւղական համայնքի զարգացման տարբերակները, առաւելութիւններն ու սահմանափակումները», «Համայնք-գործակալութիւն համագործակցութեան հիմնական քայլերը», «Պատմամշակութային վայրեր եւ կոթողներ», «Առաջարկուող զբօսաշրջութեան տեսակներ եւ երթուղիներ» եւ այլն: