ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ «ՋՈՒՐԷՆ ՅԱՌՆՈՂ ՁԵՌՔԵՐ»
Ինչպէս ծանօթ է, Մայիսի 13-ին Վենետիկի մէջ սկսաւ քաղաքի մշակութային կեանքի ամենանշանակալի իրադարձութիւններէն մէկը՝ աւանդական պիէնալէն, որ պիտի տեւէ մինչեւ Նոյեմբերի 26-ը: Պիէնալէի ամենահետաքրքրական ստեղծագործութիւններէն մէկը՝ «Աջակցութիւն» կոչուող քանդակը, որ բացի գեղագիտական հաճոյք պատճառելէ, իր մէջ կարեւոր «պատգամ» կը կրէ: Այս մէկը Վենետիկի ջրանցքներու մէկէն վեր յառնող մեծ, ճերմակ ձեռքերն են: Անոր հեղինակը իտալացի արուեստագէտ Լորենցօ Կուինն է, որ այս կերպով կը փորձէ անգամ մը եւս բարձրաձայնել կլիմայական փոփոխութիւններու կարեւոր խնդրի մասին: «Վենետիկը արուեստի քաղաք է, որ դարեր շարունակ ոգեշնչած է արուեստագէտները: Եւ որպէսզի ան շարունակէ այդպիսին մնալ, մենք եւ ապագայ սերունդները պէտք է ամէն ձեւով աջակցինք քաղաքին, որու գոյութեան համար լուրջ սպառնալիք են կլիմայական փոփոխութիւնները», նշած է արուեստագէտը։
Ըստ Լորենցօ Կուինի՝ մարդկային ձեռքերու ընտրութիւնը խիստ խորհրդանշական է, քանի որ անոնցմով կայ փրկութեան հասնելու համար անհրաժեշտ ամէն բան՝ սէր եւ արարելու հզօրութիւն: