ՃԱԲՈՆԻ ՄԷՋ ՊԱՏՈՒՈՅ ՄՐՑԱՆԱԿ
Ճաբոնի մէջ գործունէութիւն ծաւալող Կոմիտասի անուան երաժշտական ընկերակցութիւնը այսուհետեւ սեփական պատուոյ մրցանակ պիտի շնորհէ: Այս մասին յայտնած է ընկերակցութեան նախագահ, ճաբոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպա:
«Մենք սահմանած ենք մրցանակ մը, որ պիտի շնորհուի Կոմիտասի ժառանգութեան պահպանման գործին մէջ նշանակալի աւանդ ունեցող արուեստագէտներուն եւ գիտնականներուն, յատկապէս անոնց, որոնք Կոմիտասի արուեստով կը նպաստեն Հայաստանի եւ Ճաբոնի միջեւ մշակութային կապերու զարգացման», ըսած է ան:
Աքիպայի խօսքով՝ անիկա պիտի շնորհուի բացառապէս այն կատարողներուն, որոնք Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները կը ներկայացնեն անաղարտ ձեւով, այլ ոչ թէ մշակումներ կ՚ընեն կամ սեփական մեկնաբանութեամբ կը ներկայացնեն:
Առաջին պատուոյ մրցանակը շնորհուած է անուանի երգչուհի Արաքս Մանսուրեանին, որ երաժշտագէտ, Փրոֆ. Ռոպերթ Աթայեան կը վստահէր Կոմիտասի՝ նախապէս չկատարուած գործերը, որոնց կարգին՝ անաւարտ «Անուշ» օփերայի գլխաւոր դերերգը:
«Ճաբոնի մէջ Արաքս Մանսուրեան մեծ աշխատանք կատարած է՝ վարպետութեան դասերու միջոցով ճաբոնացի կատարողներուն ծանօթացնելով Կոմիտասի արուեստը: Ատիկա մեծ պատիւ է մեզի համար եւ հրաշալի հնարաւորութիւն՝ ներկայացնելու հայկական երաժշտութիւնը Ճաբոնի մէջ», յայտնած է Աքիպա:
Բացի վերը նշուածէն, Արաքս Մանսուրեան արժանացած է նաեւ Ճաբոնի մօտ Հայաստանի դեսպանի մրցանակին:
Կոմիտասի անուան երաժշտական ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 2015 թուականի Սեպտեմբերի 26-ին՝ Վարպետի ծնըն-դեան օրը: Ընկերակցութեան գլխաւոր նպատակը հայկական երաժշտարուեստի՝ մասնաւորապէս Կոմիտասի եւ իրմէ ազդեցութիւն կրած երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններու տարածումն է: Մինչեւ այսօր յաջողութեամբ իրականացուած են տարբեր նախագիծեր, օրինակ՝ Արաքս Մանսուրեանի համերգը եւ վարպետութեան դասերը: Թոքիոյի մօտ Հայաստանի դեսպանատան հետ համագործակցութեամբ վարպետութեան դաս տուած են Խաչատրեանի անուան եռեակի երաժիշտները եւ այլն: