ՏՈՀԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան նա­խըն­թաց օր պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Տո­հա, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Քա­թա­րի Է­միր Թա­միմ Պին Հա­միտ Էլ Թա­նիի կող­մէ։ Է­մի­րի դի­ւա­նին մէջ Սերժ Սարգ­սեա­նի ի պա­տիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ դի­մա­ւոր­ման հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ Շփում­նե­րուն ըն­թաց­քին Սերժ Սարգ­սեա­նին ըն­կե­րա­ցաւ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ պա­տ-ւի­րա­կու­թիւն մը։

Քա­թա­րի է­մի­րին հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ Սերժ Սարգ­սեան ընդգը-­ծեց, որ Ե­րե­ւա­նի ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ նշա­նա­կա­լի տեղ կը զբա­ղեց­նէ Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի տա­րած­քաշր­ջա­նը, իսկ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին հետ Հա­յաս­տան ու­նի իւ­րա­յա­տուկ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ՝ դա­րե­րու պատ­մու­թեան տէր բա­րե­կա­մու­թեան մը հի­ման վրայ։ Սարգ­սեան ա­ւել­ցուց, որ հայ­կա­կան կող­մը շա­հագրգ­ռուած է Քա­թա­րի հետ բարձ­րաս­տի­ճան քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մով եւ բո­լոր բնա­գա­ւառ­նե­րու մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­մամբ։

Երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման ամ­բող­ջին մէջ կա­րե­ւո­րուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի եւ Քա­թա­րի մի­ջեւ քա­ղա­քա­կան շփում­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­պէս Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու մի­ջեւ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։ Սա հնա­րա­ւո­րու­թիւն պի­տի ըն­ձե­ռէ տե­սա­կէտ­ներ փո­խա­նա­կել երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման, տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րու, ի­րա­րու տե­սա­կէ­տէ զգա­յուն հար­ցե­րու եւ դիր­քո­րո­շում­նե­րու վե­րա­բե­րեալ։ Սարգ­սեան գո­հու­նա­կու­թեամբ մատ­նան­շեց, որ ա­մէն տա­րի կ՚ա­ւել­նան Ծո­ցի եր­կիր­նե­րէն, նե­րա­ռեալ Քա­թա­րէն Հա­յաս­տան այ­ցե­լած զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ էա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նին այն թռիչք­նե­րը, ո­րոնք քա­թա­րա­կան օ­դա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու կող­մէ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին դէ­պի Հա­յաս­տան։ Զրու­ցա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին փո­խա­դարձ շա­հա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծա­ւալ­ման նպա­տա­կով Քա­թա­րի օ­դա­յին ըն­կե­րու­թեան հետ զար­գաց­ման հե­ռան­կա­րը։

Հայ­կա­կան կող­մը քննարկ­ման հա­մար ա­ռա­ջար­կեց շարք մը ներդ­րու­մա­յին ծրագ­րեր, ո­րոնք կը պատ­կա­նին զա­նա­զան ո­լորտ­նե­րու։

Բա­ցի երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն, եր­կու ղե­կա­վար­նե­րը քննար­կե­ցին նաեւ բազ­մա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը։ Սերժ Սարգ­սեան եւ Շէյխ Թա­միմ Պին Հա­միտ Էլ Թա­նի անդ­րա­դար­ձան նաեւ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին։ Այս ամ­բող­ջին մէջ Քա­թա­րի է­մի­րը կա­րե­ւո­րեց տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս կա­յու­նու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան հաս­տա­տու­մը։ Ան ընդգ­ծեց, որ Լառ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ ճա­նա­պար­հով ու երկ­խօ­սու­թեան մի­ջո­ցաւ կար­գա­ւո­րու­մը այ­լընտ­րանք չու­նի։

Քա­թա­րի է­մի­րը պաշ­տօ­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մըն ալ կազ­մա­կեր­պեց ի պա­տիւ Սերժ Սարգ­սեա­նի։

Տո­հա­յի մէջ Սերժ Սարգ­սեան հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Քա­թա­րի օ­դա­յին ըն­կե­րու­թեան գոր­ծա­դիր տնօ­րէն Աք­պար Ալ Պաք­րիի հետ։ Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին ան Քա­թա­րի հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ ալ ու­նե­ցաւ տե­սակ­ցու­թիւն մը։

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017