ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԸ

Հա­սա­րա­կաց մտքի եւ զգաց­ման բնա­կան եւ բա­նա­կան ար­դիւնքն է «հան­րա­յին կար­ծիք»ը։ Իր այս հան­գա­ման­քով կա­րե­ւոր ու­ղե­ցո՛յց մըն է ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ տեսնուած շատ մը հար­ցե­րու լուծ­ման եւ ա­նել վի­ճակ­նե­րէ դուրս գա­լու հա­մար՝ հան­րա­յին կար­ծի­քը։ Ուս­տի, ան կա­րե­ւոր դեր մը կը խա­ղայ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան ու­ղիղ եւ շի­տակ գոր­ծե­լու եւ նպա­տա­կա­յար­մար ապ­րե­լու գոր­ծին մէջ։ Կեր­պով մը, «հան­րա­յին կար­ծիք»ը՝ տար­բեր մտա­ծում­նե­րու, զա­նա­զան գա­ղա­փար­նե­րու բա­ղադ­րու­թիւ­նը, զա­նոնք ներ­դաշ­նա­կող հա­մադ­րու­թիւնն է։

Այս ի­մաս­տով, տար­բեր կար­ծիք­նե­րու հա­մա­կար­ծիք ըլ­լա­լու հա­սա­րա­կաց գե­տինն է «հան­րա­յին կար­ծիք»ը։ Ը­սենք՝ բարձ­րա­գոյն կէտ մը՝ ուր մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հա­մա­կար­ծիք, ներ­դաշ­նա­կած է իր տար­բեր կար­ծիք­նե­րը։ Կա­րե­լի է հարց­նել, թէ՝ հան­րա­յին կար­ծի­քը, միշտ եւ ան­պայ­ման լա­ւա­գոյն լու­ծո՞ւմն է, թէ կեր­պով մը «կա­ցու­թիւ­նը փրկել»ու մի­ջոց մը։ Ե­թէ խոր­հինք եւ ըն­դու­նինք, թէ մարդ միշտ ու­նի ան­հա­տա­կան թե­րու­թիւն­ներ եւ տկա­րու­թիւն­ներ, «հան­րա­յին կար­ծիք»ը մեծ մա­սամբ զտուած է այդ տկա­րու­թիւն­նե­րէն եւ թե­րու­թիւն­նե­րէն՝ զի­րար լրաց­նե­լով եւ զօ­րաց­նե­լով, բայց ի վեր­ջոյ, քա­նի որ մարդ­կա­յին մտքին եւ զգա­ցում­նե­րուն մէկ ար­տադ­րու­թիւնն է, ա­պա ու­րեմն ան ալ բնա­կան է որ պի­տի ու­նե­նայ թե­րի եւ տկար կող­մեր, այ­լա­պէս ան ալ կա­տա­րեալ կա­րե­լի չէ՛ հա­մա­րել։ Բայց գո­նէ անձ­նա­կան եւ ան­հա­տա­կան կար­ծիք­նե­րու նկատ­մամբ ա­ւե­լի ներ­դաշ­նա­կուած ու հա­կակշ­ռուած կար­ծիք մըն է «հան­րա­յին կար­ծիք»ը, ա­ւե­լի վստա­հու­թիւն ներշն­չող եւ ա­ւե­լի գործ­նա­կա՛ն։

Բայց հար­ցը սա է. «հան­րա­յին կար­ծիք»ը կազ­մող եւ զօ­րաց­նող ազ­դակ­ներ ո­րո՞նք են, ի՞նչ գոր­ծօն­ներ պէտք է որ ա­ռողջ եւ ի­րա­պէս վստա­հու­թիւն ներշն­չող «հան­րա­յին կար­ծիք» մը կազ­մուի, եւ ու­ղե­ցոյց ըլ­լայ ամ­բողջ ըն­կե­րու­թեան։

Ա­սի­կա կա­րե­ւոր է, քա­նի որ «հան­րա­յին կար­ծիք»ին ու­ղե­ցոյ­ցի դեր մը կը վե­րագ­րուի ըն­կե­րա­յին կեան­քի ա­մէն տե­սակ զար­գաց­ման մէջ։

Դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը, ան­տա­րա­կոյս, ա­նոր ա­մուր եւ հաս­տատ սիւ­նե­րէն մին է։

Եւ դաս­տիա­րա­կու­թեան հա­մըն­թաց՝ պէտք է նկա­տի ու­նե­նալ «մա­մուլ»ը՝ որ թեր­թե­րու եւ կամ գիր­քե­րու հրա­տա­րա­կու­թեամբ զօ­րա­ւոր եւ ազ­դու ազ­դակ մը կը հան­դի­սա­նայ հան­րա­յին կար­ծի­քին ստեղծ­ման ու զար­գաց­ման, պաշ­տօն ու­նե­նա­լով միտ­քեր ուղ­ղե­լու, հո­գի­ներ ազ­նուաց­նե­լու, գա­ղա­փար­ներ ստեղ­ծե­լու եւ ուղ­ղե­լու եւ ա­ռաջ­նոր­դե­լու կրթա­կան, դաս­տիա­րակ­չա­կան, ու­սում­նա­կան, բա­րո­յա­կան, տնտե­սա­կան եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու մէջ։

Եւ բե­մե­րը, ա­տեան­նե­րը, ըլ­լան ե­կե­ղե­ցա­կան թէ կրթա­կան, ինչ­պէս նաեւ մշա­կու­թա­յին կամ բա­րե­գոր­ծա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­ներ այդ ուղ­ղու­թեամբ շատ կա­րե­ւոր գոր­ծեր կա­տա­րե­լու կո­չուած են եւ կ՚աշ­խա­տին այդ ուղ­ղու­թեամբ։

Ար­դա­րեւ, դաս­տիա­րա­կու­թիւն, մա­մուլ, բեմ, այս բո­լո­րը ու­ժեղ ազ­դակ­ներ են՝ ա­ռաջ­նա­կարգ եւ լա­ւա­գոյն ազ­դակ­ներ զորս կա­րե­լի է թուել։

Եւ սա­կայն պէտք է խոս­տո­վա­նիլ եւ ըն­դու­նիլ, որ ա­սոնք ինք­նին հրա­շա­գործ զօ­րու­թիւն­ներ եւ ազ­դակ­ներ չեն, մա­նա­ւանդ ա­մէն մէ­կը ա­ռան­ձինն։

Այս ազ­դակ­նե­րը, ա­յո՛, կա­րե­ւոր մի­ջոց­ներ կամ գոր­ծիք­ներ են լոկ, ո­րոնց ար­դիւ­նա­ւո­րու­թիւ­նը կա­խում ու­նի զա­նոնք գոր­ծա­ծող ձեռ­քե­րէն…։

Ո­րե­ւէ գոր­ծիք ինք­նին ան­շարժ է, ա­մուլ է, ան­գործ է՝ ե­թէ ա­նոր ե­տե­ւը մարդ մը չկայ, զայն գոր­ծող, շար­ժող ձեռք մը գո­յու­թիւն չու­նի, աշ­խա­տող մը կը բա­ցա­կա­յի՛։ Այս ուղ­ղու­թեամբ, ա­մե­նէն օգ­տա­կար հա­մա­րուած գոր­ծիքն իսկ ան­ճա­րակ գոր­ծա­ւո­րի մը, աշ­խա­տո­ղի մը ձեռ­քը կրնայ ա­նօ­գուտ եւ մին­չեւ իսկ վնա­սա­րար մի­ջոց մը հան­դի­սա­նալ։ Զոր օ­րի­նակ, մկրա­տը ձե­ւիչ, օգ­տա­կար գոր­ծիք մըն է, բայց զայն սխալ գոր­ծա­ծող մը ա­նի­կա կրնայ վե­րա­ծել վի­րա­ւո­րիչ, վնա­սա­կար գոր­ծի­քի մը, քա­նի որ ան կը գոր­ծէ իր եր­կու սուր մա­սե­րով։ Ու­րեմն ո­րե­ւէ կազ­մած, գոր­ծիք ինք­նին օգ­տա­կար կամ վնա­սա­կար չէ, այլ զայն գոր­ծա­ծող ձեռ­քը՝ մարդն է որ զայն օգ­տա­կար կամ վնա­սա­կար կեր­պով կը գոր­ծա­ծէ եւ ա­նոր ը­ստ այնմ հան­գա­մանք մը կու տայ։

Ար­դա­րեւ, ե­թէ դաս­տիա­րա­կի պաշ­տօն ու­նե­ցող ան­ձը մաս­նա­գէտ մը ըլ­լայ չա­փա­գի­տու­թեան՝ ու­սո­ղու­թեան կամ լե­զուա­գի­տու­թեան, եւ սա­կայն անվս­տա­հե­լի՛ է նկա­րագ­րով եւ թե­թե­ւա­բա­րոյ, երբ հրա­պա­րա­կագ­րին կամ հե­ղի­նա­կին գրի­չը կը շար­ժի անձ­նա­կան շա­հու զսպա­նա­կով միայն, եւ երբ բե­մե­րը կամ ա­տեան­նե­րը գե­ղե­ցիկ եւ ի­մաս­տա­լից խօս­քե­րու թատր հան­դի­սա­նա­լով հան­դերձ հոն խօ­սող­նե­րու կեան­քը խո­տոր կը հա­մե­մա­տի ի­րենց քա­րո­զած կամ ա­տե­նա­խօ­սած փայ­լուն, շի­նա­րար եւ խոս­տմ­նա­լից խօս­քե­րուն հետ, այն ա­տեն այս կա­րե­ւոր գոր­ծիք­նե­րը ի­րենց­մէ ակն­կա­լուած օգ­տա­կա­րու­թիւ­նը եւ բա­րի­քը չեն կրնար յա­ռաջ բե­րել։

Գոր­ծի­քը զայն գոր­ծա­ծո­ղին նկա­րագ­րին եւ գա­ղա­փա­րա­կա­նին հետ հա­մե­րաշխ ըլ­լա­լու է։

Ուս­տի, դաս­տիա­րակ եւ դաս­տիա­րա­կու­թիւն, հրա­պա­րա­կա­գիր եւ հրա­պա­րա­կագ­րու­թիւն, հո­գե­ւո­րա­կան եւ հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թիւն, քա­րո­զիչ եւ քա­րոզ, ա­տե­նա­խօս եւ ա­տե­նա­խօ­սու­թիւն՝ խոր­հուր­դով, խօս­քով, նպա­տա­կով եւ գործ­քով ի­րա­րու հետ հա­մա­ձայն եւ հա­մա­պա­տաս­խան ապ­րե­լու են՝ ըլ­լա­լո՛ւ այն­պէս՝ ինչ­պէս որ են, գոր­ծե­լու են այն­պէս՝ ինչ­պէս որ կը խօ­սին եւ խօ­սե­լու են այն­պէս՝ ինչ­պէս որ կը խոր­հին, մէկ խօս­քով՝ ներ­քի­նը եւ ար­տա­քի­նը ի­րա­րու հա­մա­պա­տաս­խան ըլ­լա­լու են, ան­կեղծ եւ ա­մէն յե­տին նպա­տա­կէ հե­ռո՛ւ, ան­նեն­գա­մի՛տ եւ թա­փան­ցիկ։

Գոր­ծի­քին եւ զայն գոր­ծա­ծո­ղին նկա­րագ­րին հա­մա­ձայ­նու­թիւնն է որ վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ եւ կը նպաս­տէ ա­ռողջ հան­րա­յին կար­ծի­քի մը կազ­մու­թեան։

Ուս­տի, կեան­քի մէջ ի՛նչ որ «օ­րի­նա­կե­լի» է, օ­րի­նա­կե­լի կեանք մըն է մէ­կուն հա­մար, ծի­ծա­ղե­լի եւ մին­չեւ իսկ տա­րօ­րի­նակ ու անբ­նա­կան է ու­րի­շի մը հա­մար։ Կար­ծիք­նե­րու հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ի­րա­պէ՛ս դըժ-ւար բան մըն է մար­դուս հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 12, 2017, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 17, 2017