ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Բառ մը եւ գոր­ծո­ղու­թիւն մը» մրցու­մը, որ կազ­մա­կեր­պուած էր դպրո­ցի ու­սո­ղու­թեան եւ լե­զուի ու­սու­ցիչ­նե­րու կող­մէ: Հան­դի­սու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թու­թեան երկ­րորդ բաժ­նի տղա­քը, ո­րոնք ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ եւ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով քա­ջա­լե­րե­ցին մրցա­կից ըն­կեր­նե­րը: Մրցող տղա­քը կի­րար­կե­լով չորս գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ՝ ջա­նա­ցին գտնել նշա­նա­կուած թուան­շան­նե­րը, նաեւ փոր­ձե­ցին կազ­մել հա­յե­րէն, թրքե­րէն, անգ­լե­րէն եւ ֆրան­սե­րէն բա­ռեր, ո­րոնց տա­ռե­րը խառն կեր­պով տրուած էին ի­րենց: Մրցու­մը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց մրցու­մի մաս­նա­կից եւ ներ­կայ տղոց մօտ:

Վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ տօ­նուե­ցաւ նաեւ Մայ­րե­րու օ­րը։ Հան­դի­սու­թեան ե­լոյթ­ներ ու­նե­ցան ման­կա­պար­տէ­զի տղա­քը, ո­րոնք պատ­րաս­տուած էին ի­րենց ու­սուց­չու­հիին կող­մէ։ Ներ­կայ ե­ղան փոք­րիկ­նե­րուն մայ­րե­րը։ Տղա­քը ո­տա­նա­ւոր­ներ, եր­գեր, պա­րեր եւ թա­տե­րակ­ներ ներ­կա­յաց­նե­րով ի­րենց սէրն ու յար­գան­քը յայտ­նե­ցին ի­րենց սի­րե­լի մայ­րիկ­նե­րուն: Հան­դէ­սի վե­րա­ջա­ւո­րու­թեան՝ տղա­քը ի­րենց մայ­րե­րուն յանձ­նե­ցին ձե­ռա­կերտ նուէր­ներ:

Իսկ վար­ժա­րա­նի երկ­րորդ բաժ­նի տղա­քը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րա­մի, ու­սու­ցիչ­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ ի­րենց մայ­րե­րուն, տօ­նե­ցին Մայ­րե­րու օ­րը։ Տա­տեա­նի սրա­հին մէջ կազ­մա­կեր­պուած էր հան­դէ­սը, զոր պատ­րաս­տած էին հա­յե­րէ­նի ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Ժպտուն Զուռ­նա­ճը, Թա­թիա­նա Պոս­թան եւ Ռե­նա Ճի­րօղ­լու: Հան­դի­սա­կա­տար տղա­քը մէկ մէկ ներ­կա­յա­ցու­ցին դա­սա­կան եւ ար­դի բա­նաս­տեղծ­նե­րէ ինչ­պէս՝ Ար­շակ Չօ­պա­նեա­նէ Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նէ, Յով­հան­նէս Շի­րա­զէ, Մու­շեղ Իշ­խա­նէ, Իգ­նա Սա­րըաս­լա­նէ, Խո­րէն Մա­նա­վեա­նէ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ՝ նուի­րուած մայ­րե­րուն: Ա­նոնք հա­մա­ռօտ ձե­ւով պատ­մա­կա­նը ը­րին Մայ­րե­րու օ­րուան եւ ար­տա­սա­նե­ցին գե­ղե­ցիկ խօս­քեր՝ համ­բա­ւա­ւոր ան­ձե­րու կող­մէ: Հան­դէ­սի տե­ւո­ղու­թեան կա­տա­րուե­ցաւ պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թիւն՝ մեղմ ե­րաժշ­տու­թեան մը ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ: Ներ­կա­յա­ցուե­ցան թա­տե­րակ­ներ, ո­րոնք յու­զում­նա­լից պա­հեր ապ­րե­ցու­ցին հան­դի­սա­տես­նե­րուն: Ե­րաժշ­տա­կան բաժ­նին իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ վար­ժա­րա­նի ծնող եւ «Ա­ռա­գաստ» նուա­գա­խում­բէն Ռո­պէր Տո­ղա­նայ։ Ան Թա­թիա­նա Պոս­թա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեան ըն­կե­րա­ցաւ իր նուա­գով: Հան­դի­սու­թիւ­նը վերջ գտաւ «Կա­րօտ» եւ «Մայ­րիկ ճան» խմբերգ­նե­րով:

Ա­պա Ա­լիս Պայ­րամ իր գնա­հա­տան­քը յայտ­նեց դե­րա­կա­տար տղոց եւ ի­րենց ու­սուց­չու­հի­նե­րուն ու շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր մայ­րե­րուն այս ի­մաս­տա­լից օ­րը: Մե­ծա­րեալ մայ­րե­րը որ­պէս ա­նակն­կալ նուէր ի­րենց տղոց­մէ ստա­ցան ձե­ռա­գործ կա­ւէ շրջա­նակ­ներ, ո­րոնց վրայ զե­տե­ղուած էին ի­րենց լու­սան­կա­րը:

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2017