ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) նոր ընդհանուր քարտուղարը դարձած է Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Եուրի Խաչատուրով։ ՀԱՊԿ-ի հայ ընդհանուր քարտուղարի անունին ճշդուիլն ու պաշտօնի ձեռնարկելը իրականացան շուրջ տարուան մը յետաձգումով։ Եուրի Խաչատուրով բարձրաստիճան ու փորձառու զինուորական մըն է։ Անցեալի մէջ Եուրի Խաչատուրով եղած է Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ վերջին շրջանին ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարն էր։ Հիմա շահագրգիռ շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին ու կը փորձեն գտնել պատասխանը այն հարցման, թէ ՀԱՊԿ-ի քաղաքականութիւնը պիտի փոխուի՞ հայ ընդհանուր քարտուղարի նշանակման զուգահեռ։ Անշուշտ, տակաւին ժամանակը ցոյց պիտի տայ, թէ արդեօք նոր քարտուղարի նշանակումը պիտի փոխէ՞ կազմակերպութեան գործունէութիւնը ի նպաստ Երեւանի շահերուն։
eurasia.org-ի վրայ Ճոշուա Քուչերայի ստորագրութեամբ լոյս տեսած յօդուածին մէջ ալ մանրամասն անդրադարձ կատարուած է այս նիւթին։ Եուրի Խաչատուրովի նշանակումը եզրափակեց նոր ընդհանուր քարտուղարի թեկնածութեան շուրջ ձգձգուող երկար պատմութիւնը, որ սկսած էր տակաւին 2015 թուականին, երբ ՀԱՊԿ-ն յայտարարեց, որ կազմակեպութեան ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտեուժա հրաժարական պիտի տայ ու զինքը պիտի փոխարինէ հայ պաշտօնեայ մը՝ ըստ այբբենական կարգի։ Հեղինակը կը յիշեցնէ, որ յաջորդեցին շարք մը յետաձգումներ։ Պորտեուժան փոխարինելիք ամենահաւանական թեկնածուն սկզբնական շրջանին կը համարուէր Հայաստանի նախկին պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան, որու թեկնածութիւնը աւելի վերջ բացառուեցաւ։ Ղազախիստան եւ Սպիտակ Ռուսիա ջանքեր գործադրեցին, հաւանաբար Ատըր-պէյճանի ազդեցութեան տակ՝ արգելափակելու համար Հայաստանի ներկայացուցչի նշանակումը։
Այժմ, սակայն, երբ արդէն տեղի ունեցած է նշանակումը, պարզ չէ, թէ ո՛րն էր լուծումը։ Բայց եւ այնպէս, տարածքաշըր-ջանային ուժերու փոխադարձ համաձայնութենէն կարելի է հետեւցնել, թէ այս գործին իրականացումը կը խոչընդոտէր Սպիտակ Ռուսիոյ Նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոն։ Կարգ մը դէտերու կարծիքով՝ լուծման նպաստած գլխաւոր քայլը կրնայ ըլլալ Ռուսաստանի կողմէ միլիառ տոլարի վարկի տրամադրումը Սպիտակ Ռուսիոյ։ Արդարեւ, այդ վարկը ստիպեց Լուքաշենքոն՝ ստորագրութիւն դնել Մաքսային օրէնսգրքի նախագծին տակ եւ աւելի բաց ըլլալ միւս հարցերուն մէջ բանակցութիւններու համար։ Հետեւաբար տեղի ունեցաւ նաեւ ՀԱՊԿ-ի նոր քարտուղարի երկար սպասուած նշանակումը։
Այժմ, երբ կազմակերպութեան ղեկավարը հայ մըն է, կարելի՞ է սպասել փոփոխութիւններու մասին։ Յօդուածի հեղինակը կը շեշտէ, որ սա մասնաւորապէս զգայուն հարց մըն է, որովհետեւ ամենահաւանական տագնապներէն մին, որու դէմ յանդիման կրնայ մնալ ՀԱՊԿ-ն, պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Լեռնային Ղարաբաղի պատճառով հակամարտութեան մը բռնկումը։ ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւնները պարտաւոր են զիրար պաշտպանելու, բայց ՀԱՊԿ-ի հաւանական միջամտութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բախումներուն երբեք յստակ չէ եղած։
Ըստ նոյն յօդուածին, ՀԱՊԿ-ի ներքին գործերը բաւականաչափ մութ են։ Այս իսկ պատճառով պարզ չէ, թէ իրականութեան մէջ ինչպիսի ազդեցութիւն մը ունի ընդհանուր քարտուղարը։ Կարեւոր որոշումները կ՚առնուին բոլոր անդամներու մեծամասնութեան համաձայնութեամբ, բայց որեւէ պատճառ պէտք է ըլլայ, թէ ինչո՞ւ աւելի քան մէկ տասնեակ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը կը զբաղեցնէր Ռուսաստանի անվտանգութեան ծառայութիւններու աշխատակիցը։
Յօդուածի հեղինակը՝ Ճոշուա Քուչերա համոզուած է, որ բոլոր դէպքերու մէջ Խաչատուրովի քայլերը եւ ընդհանուր առմամբ ՀԱՊԿ-ի քայլերը առարկայ պիտի ըլլան ուշադրութեան։ Այդ ուշադրութեան բուն պատճառը պիտի ըլլայ յագեցնել հետաքրքրութիւնը այն հարցման շուրջ, թէ փոփոխութեան նշաններ պիտի ըլլա՞ն ՀԱՊԿ-ի քաղաքականութեան մէջ կամ ոչ։