ՎՐԱՍՏԱՆ. ՇԱՄԽՈՐԵՑՈՑ ԽՈՆԱՐՀՈՒՈՂ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԱՍԻՆ ԵՒ ՈՉ ՄԻԱՅՆ…

Պատ­մա­կան յու­շա­կո­թող­նե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու պահ­պան­ման հար­ցը կա­րե­ւոր հնչե­ղու­թիւն ու­նի Վրաս­տա­նի մէջ:

Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Վրաց Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մի­ջեւ առ­կայ են պատ­մա­կան եւ եղ­բայ­րա­կան հա­մա­րուած յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, սա­կայն նոյն ծի­րին մէջ առ­կայ է նաեւ տաս­նեակ հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խնդիր, որ կրնայ սուր տագ­նա­պի վե­րա­ծուիլ:

Այս­պէս ըստ Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեա­նի, գո­յու­թիւն ու­նին «վի­ճե­լի» հա­մա­րուող վեց ե­կե­ղե­ցի­ներ, ո­րոնք հա­յա­պատ­կան են, սա­կայն տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով այ­սօր կը հան­դի­սա­նան վէ­ճի ա­ռանցք եր­կու «քոյ­ր» ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն մի­ջեւ:

Այս խնդրին վե­րա­բե­րեալ յա­տուկ աշ­խու­ժու­թիւն մը սկսաւ ե­րե­ւիլ, երբ մէ­կէ ա­ւե­լի վրա­ցա­կան լրա­տուա­կան կայ­քեր սկսան գրել Թիֆ­լի­զի Հաւ­լա­բա­ր (մօ­տիկ ան­ցեա­լին թիֆ­լի­զա­հա­յու­թեան սիր­տը հա­մա­րուող թա­ղա­մաս) թա­ղա­մա­սէն ներս կի­սա­քանդ վի­ճա­կի մէջ գտնուող Շամ­խո­րե­ցոց ե­կե­ղեց­ւոյ փլուզ­ման վտան­գին մա­սին:

Սուրբ Աս­տուա­ծա­ծին Շամ­խո­րե­ցո­ցը (կ­­՚ա­նուա­նուի նաեւ «Կար­միր Ա­ւե­տա­րա­ն» կամ Շամ­քո­րե­ցոց Սուրբ Աս­տուածա­ծին ե­կե­ղե­ցի) կա­ռու­ցուած է 1735 թուա­կա­նին (կարգ մը աղ­բիւր­նե­րու հա­մա­ձայն 1785-ին), Շամ­խոր քա­ղա­քէն այդ շրջան տե­ղա­փո­խուած հա­յե­րու ձե­ռամբ: Նշենք, որ հա­յե­րով բնա­կե­ցուած Շամ­խոր քա­ղա­քը ներ­կա­յիս կը գտնուի Ատր­պէյ­ճա­նի հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան հատուա­ծին մէջ եւ Թիֆ­լիզ-Եւ­լախ մայ­րու­ղիին մօտ: Շամ­խո­րի բնակ­չու­թիւ­նը աչ­քի ին­կած է իր ռազ­մա­կան ու­նա­կու­թիւն­նե­րով եւ ա­րիու­թեամբ՝ յատ­կա­պէս 1800-ա­կան­նե­րու սկիզ­բը տե­ղի ու­նե­ցած ռուս-թրքա­կան պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին, երբ շրջա­նի հրա­մա­նա­տարն էր հա­յազ­գի զօ­րա­վար Վա­լե­րիան Մա­տա­թո­վը:

Վե­րա­դառ­նա­լով մեր նիւ­թին՝ յայտ­նենք, որ Շամ­խո­րի ե­կե­ղե­ցին կի­սա­փուլ վի­ճա­կի մէջ յայտ­նուած է 1989-էն սկսեալ: Իսկ այ­սօ­րուան դրու­թեամբ ե­կե­ղե­ցին յայտ­նուած է ամ­բող­ջու­թեամբ փուլ գա­լու վտան­գին առ­ջեւ: Խնդի­րը այն է, որ վրա­ցա­կան «Հո­րի­զոն­տ» շի­նա­րա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը դի­մե­լով շրջա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րան, յա­ջո­ղած է ձեռք ձգել շէնք մը կա­ռու­ցե­լու ար­տօ­նա­գիր ու մէ­կէ ա­ւե­լի աղ­բիւր­նե­րու փո­խանց­մամբ՝ այդ շէն­քը կրնայ օգ­տա­գոր­ծուիլ որ­պէս պան­դոկ կամ զբօ­սաշր­ջա­յին հա­մա­լիր:

Այս խնդի­րը չէ վրի­պած Թիֆ­լի­զի քա­ղա­քա­ցիա­կան հան­րու­թեան կի­զա­կէ­տէն, ու մէ­կէ ա­ւե­լի «աք­թի­ւիսթ­»ներ եւ պատ­մա­կան յու­շա­կո­թող­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հար­ցե­րով զբա­ղող­ներ բո­ղո­քի ձայ­ն բարձ­րա­ցու­ցած են կա­տա­րուա­ծին վե­րա­բե­րեալ, կի­սա­ւեր ե­կե­ղե­ցիին կից շի­նա­րա­րա­կան աշ­խա­տանք­ներ սկսե­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը հա­մա­րե­լով ա­նըն­դու­նե­լի:

Նոյ­նը կա­տա­րած է Վրաս­տա­նի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նը, որ պաշ­տօ­նա­կան նա­մակ­ներ յղած է պե­տա­կան մար­մին­նե­րուն, սա­կայն մին­չեւ այս պա­հը ա­նոնք կը շա­րու­նա­կեն մնալ ան­պա­տաս­խա­նի:

Թիֆ­լի­զի մէջ գոր­ծող «Ա­լիք Մե­տիա» հայ­կա­կան լրա­տուա­կան գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը իր կայ­քէ­ջին վրայ տե­ղադ­րուած լու­րով մը փո­խան­ցած է նաեւ, որ ան­ցեալ տա­րուան Դեկ­տեմ­բե­րի 5-էն ի վեր սկիզբ ա­ռած շի­նա­րա­րու­թեան գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն է Ի­րակ­լի Կե­սի­լիան ա­նու­նով վրա­ցի գոր­ծա­րար-շի­նա­րար մը, սա­կայն գոր­ծա­կա­լու­թեան աշ­խա­տա­կից հայ լրագ­րող­նե­րուն տուեալ ան­ձին հետ կապ հաս­տա­տե­լու բո­լոր փոր­ձե­րը մնա­ցած են ա­պար­դիւն:

Գաղտ­նիք ալ չէ նաեւ, որ վրա­ցա­կան շի­նա­րա­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը իր այս ա­րար­քով եւ բա­ւա­կան կո­պի­տ ձե­ւով կը խախ­տէ Վրաս­տա­նի Պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին յու­շար­ձան­նե­րու պահ­պա­նու­թեան վար­չու­թեա­ն կող­մէ բա­ւա­կան եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր գոր­ծող օ­րէն­քը, ըստ ո­րուն ո­րե­ւէ պատ­մա­կան յու­շար­ձա­նի կամ ե­կե­ղեց­ւոյ մերձ շի­նա­րա­րա­կան կամ նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք պէտք է կա­տա­րուի այդ պատ­մա­կան վայ­րէն բա­ւա­կան հե­ռու, այդ­պէ­սով զերծ պա­հե­լով վայ­րը շի­նա­րա­րա­կան ան­մի­ջա­կան ցնցում­նե­րուն պատ­ճա­ռելիք փլուզ­ման վտանգ­նե­րէն:

Այս բո­լո­րին ա­ռըն­թեր, մտա­հո­գու­թեան տե­ղի կու տայ լռու­թիւ­նը Վրաց Ուղ­ղա­փառ Ե­կե­ղեց­ւոյ, ո­րուն հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը կամ կրօ­նա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը կը նա­խընտ­րեն ո­չինչ ը­սել հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող ամ­բող­ջա­կան փլուզ­ման վտան­գի ա­ռջեւ կանգ­նած Շամ­խո­րե­ցոց կի­սա­ւեր ե­կե­ղեց­ւոյ մա­սին

Ու թէեւ ճիշդ չէ, որ այս հար­ցին մէջ ալ փոր­ձենք «դա­ւադ­րա­կան տե­սա­բա­նու­թեա­ն» մա­սին խօ­սիլ, բայց պատ­կան մար­մին­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս Վրաց Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­բեր­մուն­քը եւ նոյ­նիսկ ա­նոնց խնդրին ա­ռըն­թեր որ­դեգ­րած «պա­ղ» կամ չէ­զոք դիրք որ­դեգ­րե­լը կրնայ ա­ռիթ հան­դի­սա­նալ հայ­կա­կան այլ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու նոյն տխուր ճակա­տագ­րին են­թար­կուե­լուն:

Վի­րա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Վազ­գէն Եպսկ. Միր­զա­խա­նեա­նին հետ իմ ու­նե­ցած զրոյ­ցին ըն­թա­ցին Սրբա­զան Հայ­րը կա­րե­ւոր խնդրի մըն ալ անդ­րա­դար­ձաւ ու ը­սաւ, թէ իր նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կը գոր­ծէ յա­տուկ մար­մին մը, ո­րուն հիմ­նա­կան աշ­խա­տանքն է զբա­ղուիլ հայ­կա­կան կի­սա­փուլ կամ «վի­րա­ւո­ր» վի­ճա­կի մէջ գտնուող ե­կե­ղե­ցի­նե­րով:

Գաղտ­նիք չէ, որ նման վե­րա­նո­րոգ­չա­կան աշ­խա­տանք­ներ կը կա­րօ­տին մե­ծա­գու­մար դրա­մա­կան յատ­կա­ցում­նե­րու, ո­րոնց ա­պա­հո­վու­մը բա­ւա­կան «թանկ հա­ճոյ­ք» է Վրաս­տա­նի հայ հա­մայն­քին հա­մար:

Այս­տեղ պէտք է նոյն­պէս նշել, որ Թիֆ­լի­զի Ա­ռաջ­նոր­դա­նիստ Ս. Գէորգ ե­կե­ղե­ցին ամ­բող­ջու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գուե­ցաւ (վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­նե­րը ա­ւար­տե­ցան 2012-ին) եւ այդ գոր­ծըն­թա­ցին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ մոս­կուաբ­նակ հայ գոր­ծա­րար Ռու­բէն Վար­­դա­նեա­նի հիմ­նադ­րած եւ Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող IDeA հիմ­նադ­րա­մը, որ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րոգ­ման հա­մար տրա­մադ­րեց 10 մի­լիոն ա­մե­րի­կեան տո­լար:

Հարկ է նշել, որ բա­ցի Հաւ­լա­բա­րի մէջ գտնուող Շամ­խո­րե­ցոց ե­կե­ղե­ցիէն, կան նաեւ Մուղ­նե­ցոց Ս. Գէորգ եւ Ե­րե­ւան­ցոց Ս. Մի­նաս ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, ո­րոնք նոյն­պէս կը գտնուին անմ­խի­թար վի­ճակ­ի մէջ եւ կա­րիքն ու­նին ան­մի­ջա­կան վե­րա­նո­րոգ­ման, այ­լա­պէս կրնան ամ­բող­ջու­թեամբ փլու­զուիլ:

Հա­յու­թեան պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թիւն­նե­րու, սրբա­վայ­րե­րու, տա­ճար­նե­րու, ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ վան­քե­րու կան­գուն մնա­լու հար­ցը ազ­գա­յին խնդիր է: Այս բո­լո­րին մէջ կայ ոչ միայն քա­րե­ղէն այդ ամ­րոց­նե­րը պահ­պա­նե­լու եւ վե­րա­նո­րո­գե­լու հար­ցը, այլ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար պի­տա­նի հան­դի­սա­ցող կա­ռոյց­նե­րու վե­րա­կանգ­նումն է:

Հեշտ է քա­րոզ­ներ կար­դալ ու ը­սել, որ այս ինչ ե­կե­ղե­ցին, կամ այդ ինչ կա­ռոյ­ցը կա­րե­ւոր են մե­զի հա­մար: Պէտք է շատ ա­ւե­լի խո­ր հա­յեաց­քով քննել հար­ցե­րը ու նա­յիլ, թէ ո՛ր ե­կե­ղե­ցին, ո՛ր տա­ճա­րը, ո՛ր վան­քը կա­րե­ւոր են մե­զի հա­մար:

Օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար յի­շեց­նենք Տիար­պա­քը­րի Ս. Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ պա­րա­գան, որ տար­բեր հան­գա­մանք­նե­րու բե­րու­մով այ­սօր դար­ձեալ ծանր վնաս­նե­րու են­թա­կայ է: Պի­տի չդա­տա­պար­տենք կամ սխալ պի­տի չհա­մա­րենք այդ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­կանգ­նու­մը, սա­կայն ի­րա­ւուն­քը ու­նինք բարձ­րա­ձայն հար­ցում մը ը­նե­լու եւ ը­սե­լու, թէ ի՞նչ­քա­նով նպա­տա­կա­յար­մար էր այդ ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­մը, որ ա­տե­նօք մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց մե­զի հա­մար, սա­կայն այ­սօր դար­ձեալ մատ­նուած է անմ­խի­թար վի­ճա­կի մը մէջ: Ու այս ա­ռու­մով յստակ է նաեւ, որ նոյ­նիսկ ե­կե­ղե­ցա­կան վայ­րե­րու կամ հա­յա­պատ­կան վան­քե­րու հար­ցին ա­ռըն­թեր մենք յստակ ծրա­գիր մը չու­նինք ու ա­ռա­ւե­լա­պէս մեր նուի­րա­պե­տա­կան ա­թոռ­նե­րէն իւրա­­քան­չիւ­րը կը գոր­ծէ ի­րար­մէ ան­ջատ եւ ա­ռանց հա­մա­կար­գու­մի մը մէջ ե­ղող գոր­ծե­լաո­ճով ու ար­դիւն­քին իյ­նա­լով հա­մընդ­հա­նուր շփո­թի մը մէջ եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի թանկ մի­ջոց­նե­րը (յա­ճախ) ան­տե­ղի եւ ա­նօ­գուտ կեր­պով ի սպառ վատ­նե­լով:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ե­րե­ւան

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2017