ԶՂՋՈՒՄ

Ի՞նչ ը­րի ես, ին­չո՞ւ թոյլ տուի այս մեծ յան­ցան­քին, որ ան­մոռ­նա­լի է, բայց ինչ­պէ՞ս ոտ­քերս ուղ­ղուե­ցան դէ­պի հոն, տկա­րու­թի՞ն էր ար­դեօք, ան­ցեա­լի կա­րօ՞տ, ո­րուն հաս­նիլ կը կար­ծէի այս առ­նուած քայ­լով: Ո՛չ, եր­բե՛ք, ան­ցեա­լը չի վե­րա­դառ­նար, չի վե­րա­կեն­դա­նա­նար, կա­րե­լի իսկ չէ, ար­դէն ե­թէ կա­րե­լի ըլ­լար, ան­ցեալ չէր կո­չուեր:

Այս պա­տա­հա­ծին մա­սին ոչ մէ­կը տե­ղեակ պի­տի ըլ­լայ, ին­ծի հետ պի­տի թա­ղուի այս գաղտ­նի­քը, որ միայն զղջում պատ­ճա­ռեց...: Տա­կա­ւին կը խոր­հիմ, թէ ինչ­պէ՞ս գա­ցի, ին­չո՞ւ ար­դեօք ան դէմս ե­լաւ, եւ այն­պի­սի պա­հու մը, երբ զզուան­քը պա­տած էր զիս, ա­նի­մաստ դար­ձած էր կեանքս, դա­տար­կա­բա­նու­թիւն էր ա­մէն ինչ, միօ­րի­նա­կու­թիւն թե­րեւս, յու­զուած էի նա­խորդ գի­շե­րուան ան­հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն, որ օ­րա­կան մի քա­նի ան­գամ կը կրկնուի, երբ յայտ­նուի ա­մու­սին կո­չե­ցեա­լը: Մար­մինս հա­րուած­նե­րէն կոշ­տա­ցած է, հի­նը չբու­ժուած նոր կա­պոյտ դրոշմ­ներ կը ներ­կեն մորթս, գու­նա­ւոր պաս­տա­ռի մը նման է, կա­շին ամ­րա­ցած ա­նա­սու­նի կը նմա­նիմ: Կ­­՚ար­ժէ՞ ար­դեօք այս­քան զո­հո­ղու­թիւն ըն­տա­նի­քի հա­մար: Հա­մա­ձայ­նու­թեան եզր մը չու­նիմ կո­ղա­կի­ցիս հետ, մա­ծու­նին սեւ ը­սե­լէն իս­կա­կան մա­ծունն ալ սկսած եմ սեւ տես­նել: Բայց զա­ւակ­նե­րուս մեղ­քը ի՞նչ է, ար­դէն ի­րենց հա­մար է, որ կը կրեմ խա­չը ու­սե­րուս ու կը համ­բե­րեմ, այլ կը գո­յա­տե­ւեմ ի սէր ա­նոնց:

Ա՜խ այն օ­րը, երբ տե­սայ զինք հա­զիւ այն մի­ջո­ցին, երբ զա­ւակ­նե­րուս հետ մայ­թը կը կտրէինք դէ­պի դի­մա­ցի­նը, ու­շադ­րու­թիւնս կեդ­րո­նա­ցու­ցած էի անդ­րա­նի­կիս վրայ, որ քիչ մը մեծ ըլ­լա­լուն հա­մար ձեռ­քը չէի բըռ-նած, հա­զիւ եր­կու­քին ձեռ­քը բռնէի: Ան­ցանք փո­ղո­ցը, խա­ղաղ էր, ինք­նա­շարժ­ներ չկա­յին, ինք դէ­մէն կու գար, ես կ­­՚եր­թա­յի դէ­պի ի­րեն, քայ­լերս կար­ծես կ՚ար­ձա­գան­գէին սրտիս բա­բա­խիւ­նը, որ կը լսուէր: Աչ­քե­րը կը մօ­տե­նա­յին, իմ ալ աչ­քերս: Ան նոյն ժպտա­դէմ հա­յեաց­քով կը դի­տէր զիս, մա­զե­րուն գան­գուր­նե­րը մոխ­րա­գոյ­նի վե­րա­ծուած էին ու տա­րի­քը յա­ռա­ջա­ցած ըլ­լա­լուն քիչ մըն ալ գի­րուկ­ցեր էր: Կը վա­յե­լէր իր տա­րի­քի տղա­մար­դու գե­ղեց­կու­թիւ­նը:

Է՜հ, ու­րեր տա­րաւ զիս այդ ակն­թար­թը: Նա­յուածքս ի­րեն սե­ւե­ռած կը տես­նէի ե­րա­նե­լի պա­տա­նու­թիւ­նը մեր: Տե­սա՞ւ ար­դեօք նա­յուած­քիս մէ­ջէն ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն­ներս: Կամ ար­դեօք ինք ալ ե­րե­ւա­կա­յե՞ց նոյ­նը: Ա­ռա­ջին համ­բոյ­րը ինք դրոշ­մած էր դէմ­քիս, շատ ան­մեղ ու սի­րե­լի՜, ա­ռա­ջին սի­րոյ խոս­տո­վա­նու­թիւ­նը իր­մէ լսած էի: Ին­չո՞ւ մեր­ժե­ցի իր ա­մուս­նու­թեան ա­ռա­ջար­կը այդ ժա­մա­նակ: Եր­բեմն անմ­տու­թիւ­նը կը պա­տէ մարդս, ո­րուն հե­տե­ւան­քով առ­նուած ո­րո­շում­նե­րը կը գծեն ան­բաղ­ձա­լի ճա­կա­տա­գի­րը ան­հա­տին, գլխի­վայր կը շրջեն ա­մէն ե­րազ, ա­մէն հե­ռան­կար: 

Կե­ցաւ ան, դար­ձաւ նոյն մայ­թին ան­կիւ­նը, ուր­կէ կու գար, վստահ ճանչ­ցաւ զիս ու փա­փա­քե­ցաւ բա­րեւ մը փո­խա­նա­կել: Աչ­քե­րը կը փայ­լէին, իմ ալ, եր­կուքս ալ կ­­՚ապ­րէինք կար­ծես տա­րի­ներ ա­ռա­ջուան մեր հան­դի­պում­նե­րու ջերմ պա­հե­րը: Մօ­տե­ցայ, շատ մօտ, սիրտս դուրս պի­տի թռէր կար­ծես, վըս-տահ ինք ալ նոյ­նը կը զգար: Ձեռ­քը գրպա­նէն հա­նեց ու բա­րե­ւեց, ձա­գուկ­նե­րուս գլուխ­ներն ալ շո­յեց, բայց միշտ ին­ծի նա­յե­լով: Բա­ներ մըն ալ կը խօ­սէր, կը պա­տաս­խա­նէի, ա­ռանց հասկ­նա­լու ու բան մը ըմբռ­նե­լու: Չէի ու­զեր, որ այդ պա­հուն ստեղ­ծուած կա­խար­դան­քը ան­հե­տա­նայ, կ՚ու­զէի մնալ այդ­պէս՝ աչ­քերս աչ­քե­րուն սե­ւե­ռած, լուռ, ան­խօս ու կա­րօ­տը թե­ւա­ծէր մեր շուր­ջը, ա­ռանց շօ­շա­փի, ա­ռանց հնչիւ­նի...:

Ա­մէն ոք գնաց իր ճամ­բով, զա­ւակ­ներս դպրոց դնե­լէ ետք ա­փիս մէջ թուղ­թի կտոր մը նշմա­րե­ցի, ուր­կէ՞ ե­կած էր, չեմ ալ գի­տեր, ճմռթկուած թուղ­թին վրայ գրուած էր իր հե­ռա­ձայ­նին թի­ւը ու՝ «Կը սպա­սեմ զան­գի­դ»: Ձեռ­նուած մի­ջո­ցէն ի վեր ձեռ­քիս մէջն էր, չէի իսկ նկա­տած, բայց ի՞նչ ը­նէի, տա­կա­ւին այդ ակն­թար­թի կա­խար­դան­քին ազ­դե­ցու­թեամբ տա­րուած էի ու շատ կը փա­փա­քէի նո­րէն վա­յե­լել այդ զգա­ցու­մը: Առ­ձեռն հե­ռա­ձայ­նիս վրայ ար­դէն շա­րուած էին թի­ւե­րը ու սկսած էր հնչել զան­գը: Պա­տաս­խա­նեց: Հան­դի­պե­ցանք: Իր ինք­նա­շար­ժով գա­ցինք շատ հե­ռու­նե­րը, ան­խօս ու խօ­սուն ժա­մեր ան­ցան, հինն ու նո­րը շա­ղա­խե­լով, հոս­կէ-հոն­կէ ան­կապ նիւ­թեր ար­ծար­ծե­լով, բայց մեր հնչիւն­նե­րը ու­րիշ բան կը խօ­սէին, մեր նա­յուածք­նե­րը՝ ու­րիշ:

Կա­րօտ­նե­րու հան­դի­պում մ՚էր տե­ղի ու­նե­ցա­ծը, եր­կու ձա­խող ա­մուս­նու­թիւն­նե­րու զո­հեր էինք, պար­տա­ւո­րու­թեանց գե­րի­ներ, սի­րոյ բա­ցա­կա­յու­թե­նէն տա­ռա­պող­ներ...: Շա­րու­նա­կե­ցինք զրու­ցել, ճիշդ այն­պէս ինչ­պէս կ՚ը­նէինք ան­ցեա­լին: Դուր­սը անձ­րե­ւել սկսաւ, որ կա­թիլ-կա­թիլ կը թրջէր պա­տու­հա­նին ա­պա­կի­նե­րը, կը հո­սէր ա­պա­կիին վրայ գի­ծեր գո­յաց­նե­լով: Զո­վա­ցաւ ներ­սը, մենք ջերմ էինք բայց, շատ ջերմ: Սաստ­կա­ցաւ անձ­րե­ւը, կա­թիլ­նե­րը ա­րագ-ա­րագ ու ցնցու­ղէն հո­սող ջու­րի նման սկսան հա­րուա­ծել ա­պա­կի­նե­րը, լուալ ջեր­մու­թիւ­նը ներ­սի, փա­րա­տել կա­րօ­տին բոյ­րը, որ կը զգլխէր մեզ ու մենք կը յա­գեց­նէինք մեր ան­կուշտ հա­յեացք­նե­րը, սէր կ՚ամ­բա­րէինք կար­ծես, կեան­քէն հա­ճե­լի պահ մը կը կո­ղոպ­տէինք:

Դուրսն եմ ա­հա, անձ­րե­ւին տա­րա­փը կը լուայ զղջու­մի ա­ղի կա­թիլ­նե­րը աչ­քիս: Հե­ռա­ձայնս կը ճչայ, ինք է, ա­նակն­կալ դուրս ել­լելս գի­նո­վու­թե­նէն սթա­փե­ցուց զինք կ՚ե­րե­ւի: Չեմ ու­զեր պա­տաս­խա­նել, չեմ ու­զեր կո­ղոպ­տուած եր­ջան­կու­թիւն ու սէր վա­յե­լել: Ո՛չ, ո՛չ, այս չէր,այս չէր փա­փա­քե­լին:

Ջնջե­ցի հե­ռա­ձայ­նին թի­ւը, որ ի­րա­կան կեան­քէն ե­րա­զա­յի­նը փո­խադ­րած էր զիս պահ մը: Եր­կինքն ալ պայ­ծա­ռա­նալ սկսաւ ու սեւ ամ­պե­րը անձ­րե­ւին տա­րա­փը փո­խադ­րե­ցին ու­րիշ տեղ: Ա­րե­ւուն ջեր­մու­թիւ­նը սփո­փիչ դեր մը խա­ղաց:

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 18, 2017