ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ ԱՆԱԿՆԿԱ՛Լ ՄԸ
Առաւօտ կանուխ բացի հացի պահարանը՝ տեսայ որ հոն, հացին քով, կայ երեք հատ, հոգեւոր նիւթեր պարունակող գիրք։ Օրս հաճելի՜ անակնկալով մըն էր սկսած։ Պահ մը շուարած՝ դիտեցի այդ հրաշալի՜ տեսարանը. «հաց» եւ «գի՛րք»։ Եւ անմիջապէս յիշեցի Յիսուսի խօսքը. «Մարդ միայն հացով չ՚ապրիր, այլ բոլոր այն խօսքերով, որ Աստուած խօսած է» (ՄԱՏԹ. Դ 4)։ Օրէնքի գիրքէն մէջբերում մըն էր այս խօսքը, որ մարդկային մանաւանդ հոգեւոր կեանքի համար անհրաժեշտ ուղեցոյց մը, պատգա՛մ մըն է։ Այն՝ որ կը յիշեցնէ, թէ՝ մարմին չէ՛ միայն մարդ, այլ նաեւ՝ հոգի եւ մի՛տք։
Այդ հաճելի եւ իմաստալից անակնկալով զիս շուարումի մատնող եւ անշուշտ ուրախացնողը՝ սիրելի Անէթն էր։ Կրկնապատիկ ուրախութիւն պատճառեց ինծի Անէթին անակնկալը, քանի որ երեք հոգեւոր պարունակութեամբ գիրքեր նուիրած էր եւ մանաւանդ հոգեւոր, հաճելի եւ իմաստալից կերպ մը գործածած էր, ցոյց տալով իր իմաստութիւնը եւ հմտութիւնը։ Անակնկալ ընել, արդարեւ, որքան նրբամիտ, նո՛յնքան ալ հմուտ մարդու գործ է։ Անակնկալը պէտք է խորհուրդ մը, իմաստ մը ունենայ, այլապէս ո՛չ թէ օգուտ, այլ վնաս կը պատճառէ, ինչպէս ամէն անիմաստ եւ աննպատակ առաջադրութիւն եւ գործ։
Իմաստութիւն եւ հմտութիւն՝ ահաւասիկ այս բարեմասնութիւններն են որ մարդս կը բարձրացնեն իր կոչումին մէջ, առաքինի եւ ազնիւ մարդ կ՚ընեն եւ կը տանին դէպի կատարելութիւն։
Ուստի, մարդ երբ կը խորհի, երբ կը խօսի, եւ մանաւանդ երբ կը գործէ, պէտք է որ իր մտածումներուն, խօսքին եւ գործին մէջ իմաստ մը, բանաւոր նպատակ մը ըլլայ։ Ուստի գործ մը կատարած ատեն «բան մը ըսէ, խորհուրդ մը փոխանցէ», թէ ո՛չ խօսքը եւ գործը ժամանակի վատնում մը կ՚ըլլայ միայն։
Ահաւասի՛կ, սիրելի Անէթը, իր այս հաճելի եւ իմաստալից անակնկալով, խոհական շըր-ջահայեցութեամբ առիթ ընծայեց մեզի անգամ մը եւս անդրադառնալու եւ խորհրդածելու մարմինի եւ հոգիի մասին, նիւթականի եւ աննիւթականի, մարմնական եւ ֆիզիքական արժէքներու առընթեր՝ հոգեւոր եւ մտաւոր արժէքներու անհրաժեշտ մասնակցութեան մասին՝ մարդուս կատարելագործման եւ երջանկութեան նկատմամբ։
Արդարեւ, մարդ երբ կ՚ուզէ, եւ անշո՛ւշտ որ կ՚ուզէ, կատարեալ ըլլալ, երջանիկ ըլլալ՝ պէտք է որ ընդունի, թէ ինք միայն «մարմին» չէ՛, այլ՝ մարմին ե՛ւ հոգի ե՛ւ մի՛տք։ Ահաւասիկ հո՛ս է կարեւորութիւնը Օրէնքի խօսքին, թէ՝ մարդ միայն հացով չէ՛ որ կ՚ապրի, այլ Աստուծոյ խօսքով նաեւ։
Գալով անակնկալին։ Ըսինք, որ անակնկալները պէտք է սկզբնական, իւրայատուկ մտածումի մը արդիւնք ըլլան եւ իմաստ ու նպատակ ունենան։
Արդարեւ բանականութեան պահանջքն է՝ բանաւոր ըլլալ եւ խուսափիլ ամէն տեսակ անիմաստութենէ եւ անտրամաբան արարքներէ։ Եւ իրապէ՛ս խորհիլը՝ դատելը եւ որոշելը բանաւոր էակին՝ մարդուն տրուած շնորհ մըն է, եւ ան պէտք է, պարտաւոր է օգտագործել այդ բարեմասնութիւնները ի նպաստ մարդկութեան։
Մարդուն համար ի՜նչ արժէք կը ներկայացնէ յաջողութիւն, յաղթանակ եւ երջանկութիւն, երբ այդ հոգեվիճակները չի բաժներ իր նմաններուն հետ՝ իր շուրջիններուն եւ մերձաւորներուն հետ։ Ի՜նչ կ՚արժէ երջանիկ ըլլալ, եւ շուրջը ո՛չ մէկը ունենալ, ի՜նչ կ՚արժէ յաջող ըլլալ եւ մինակ մնալ բազմութեան մէջ։ Յաղթական ըլլալ եւ այդ պարծանքը յայտնելու համար իր շուրջը ո՛չ մէկը ունենալ։ Ուստի ամէն զգացում, ամէն մտածում եւ գիտութիւն՝ արժէք կը ստանան տարածուելով՝ բաժնեկից ընելով ուրիշները անոնց։
Երբ, զոր օրինակ, յաջողութեան մասին կը խօսինք, կը մտաբերենք ամերիկացիներու մէկ խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Եթէ կեանքի մէջ յաջողիլ, երեւելի մէկը ըլլալ կ՚ուզես. նախապէս ո՛չ մէկուն ըրած մէկ գործը ըրէ՝ սկզբնական, տարախոհ, ինքնատիպ արտադրութիւն մը, գործ մը կատարէ, իսկ եթէ չես կրնար սկզբնական, աննախընթաց կամ աննման գործ մը ընել՝ սովորական գործ մը ըրէ, բայց լաւագո՛յնը ըրէ»։ Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, մարդ գործ մը կատարած ատեն, պէտք է այդ գործին խառնէ, գործին բաղադրէ իր սեփական հմտութիւնը, իմաստութիւնը, այլապէս անիկա պարզ, սովորական գործ մը կատարած պիտի ըլլայ եւ առաւելութիւն մը պիտի չունենայ ուրիշներէն։
Մարդ ընդօրինակելով եւ կրկնելով կամ կապկելով նախորդները եւ նախընթաց արարքները չի՛ կրնար կատարեալ յաջողութեան մը հասնիլ, բայց միայն՝ տեղքայլ, այսինքն՝ չյառաջացող քայլափոխներ կ՚ընէ, ինչ որ ամլացում է՝ անշարժութիւն եւ լճացո՛ւմ։ Մինչդեռ մարդկային միտքը եւ հոգին պատրաստ են միշտ նորը, միշտ աննախընթացը արտադրելու, քանի որ մարդկային երեւակայութիւնը եւ անոր անմիջական գործակիցը՝ բանականութիւնը սահման չունի՛ն։
Մարդ պէ՛տք է իր բանականութեան պահանջներուն համեմատ շարժի. միշտ նորոգ-ւի, նոր բան արտադրէ՝ խորհի եւ գործէ, բանականութեան շնորհներէն օգտուի եւ միշտ «նոր»ին հետամուտ ըլլայ։ Այլապէս մարդուն կոչումը ինչպէ՞ս կարելի կ՚ըլլայ իրականացնել։ Մարդ, ինչպէ՞ս կրնայ հաւատարիմ մնալ իր բարձրագոյն եւ բնատուր կոչումին՝ թէ պէ՛տք է միշտ յառաջադէմ ըլլայ, միշտ պէ՛տք է ձգտի լոյսին, աւելի լոյսին, ինչպէս ըսաւ իրապէս մեծ միտք մը՝ Եոհան Վոլֆկանկ Ֆոն Կէօթէ. «Լո՛յս, աւելի լոյս…»։
Ուստի մարդ պէտք չէ երբեք յուսախաբութեան մատնուի, յուսալքուի պատահական ձախողութիւններու պատճառով՝ յարատեւ եւ անվհատ աշխատանքը անհրաժեշտ պայմաններն են յաջողութեան, մանաւանդ երբ անոնք կը միանան իմաստութեան, հմտութեան եւ գիտութեան հետ։
Մարդ ձախողութեան մասին կանխակալ ըլլալու չէ՛. կեանքը երբեք չի կեդրոնանար որեւէ յաջողութեան կամ ձախողութեան վրայ, այլապէս մարդ պէտք է վստահի իր իսկ ուժերուն, կարողութեան եւ տարողութեան, ինչ որ կ՚ենթադրէ՝ ինքնավստահութի՛ւն։ Որեւէ ձախողութիւն պէտք չէ սրտաբեկութեան պատճառ դառնայ։
Ուստի, վստահիլ եւ գործադրել սեփական ուժերը՝ իմաստութիւն, հմտութիւն եւ գիտութիւն, եւ ըստ այնմ ընթացք տալ կեանքին, եւ կեանքի խորհուրդը այս իրողութեան մէջ է ահաւասիկ։
Եւ կեանքի մէջ միշտ պատրա՛ստ ըլլալու է անակնկալներու՝ իմաստալից եւ հմտութեան արդիւնք գեղեցիկ անակնկալներու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 13, 2017, Իսթանպուլ