ՄԱՅԻՍ 19-Ի ՏՕՆԸ

Բո­վան­դակ Թուր­քիոյ մէջ այ­սօր կը նշուի Մա­յիս 19-ի տօ­նը։ Հան­րա­պե­տու­թեան մե­ծա­նուն հիմ­նա­դիր Մուս­թա­ֆա Քե­մալ Ա­թա­թիւր­քի ո­գե­կոչ­ման եւ Ե­րի­տա­սար­դու­թեան տօ­նը այս տա­րի եւս կը տօ­նուի քա­ղա­քա­ցիա­կան խոր գի­տակ­ցու­թեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 98-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական տրամադրութեամբ։

Պետական աւագանիին կողմէ պատգամներ ալ հրապարակուած են Մայիս 19-ի առթիւ։

Ուրբաթ, Մայիս 19, 2017