ԿԼԻՄԱՅԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ
Պատրիարքական ընտրութեան առկայ փակուղիին եւ Պատրիարքարանի շուրջ ստեղծուած տագնապալի կացութեան տեսակէտէ երէկ տեղի ունեցան կարեւոր իրադարձութիւններ։ 16 Ապրիլին տեղի ունեցած հանրաքուէին յաջորդող ներկայ ժամանակաշրջանին կլիմայի փոփոխութեան ազդանշաններ սկսան հասնիլ թրքահայ համայնքին։ Իրադարձութիւնները յուսադրիչ են՝ այն առումով, որ դէպի օրինական ու արդար լուծում ճանապարհ առնելու հորիզոնը ուրուագըծ-ւած է մեր համայնքին առջեւ։
Երէկ, Արտաքին գործոց նախարարութենէն երկու պաշտօնատարներ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր կարեւոր հանդիպում մը ունեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Նախարարութեան փոքրամասնութիւններու գծով խորհրդատու Քաան Էսէնէր եւ հետազօտութիւններու եւ ռազմավարութեան մշակման բաժանմունքի պետի տեղակալ Մուսթաֆա Էօզճան Պետրոս Շիրինօղլուի հետ խորհրդակցութիւն մը ունեցան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան շուրջ ստեղծուած առկայ տագնապալի կացութեան եւ անոր յաղթահարման ուղիներուն մասին։ Ծաւալուն քննարկումներ կատարուեցան՝ հաշուի առնելով բոլոր նրբութիւններն ու մանրամասնութիւնները։
Այս այցելութեան շուրջ ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկութիւններ փոխանցած է համայնքային շրջանակներէ կարգ մը ազդու ազգայիններու, որոնց գլխաւորը եղած է յայտնի բարերար Արէտ Երկանեան։ Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Պետրոս Շիրինօղլուի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ վերջին օրերուն խտացուցած է իր ջանքերը՝ պատրիարքական ընտրութեան հարցին շուրջ շօշափելի արդիւնքի մը հասնելու համար։ Այս ծիրին մէջ է որ ան երէկ հիւրընկալած է Արտաքին գործոց նախարարութեան պատկան բարձրաստիճան պաշտօնատարները։ Զրոյցի ընթացքին դիւանագէտները նշած են, որ հայ համայնքի անդամները կը հանդիսանան երկրի հարազատ տարրերը, քաղաքացիները, սակայն պետական գործառոյթներու դրուածքին ու ձեւաւորուած նախընթացներուն հիման վրայ՝ Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ հետամուտ կ՚ըլլայ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ խնդիրներու ուսումնասիրութեան եւ լուծման։ Պետրոս Շիրինօղլուի խօսքերով, արժեւորելով վերջին մօտաւորապէս երեք ամիսներու զգայացունց իրադարձութիւնները եւ թրքահայ համայնքային կեանքէն ներս յառաջացած փակուղին՝ պատկան մարմինները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն՝ Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հանգամանքը ճանչնալու ուղղութեամբ։ Ըստ Շիրինօղլուի, պատկան մարմինները երբեք մտադրութիւն չեն ունեցած միջամտելու մեր եկեղեցական կեանքին
եւ հաշուի առած են, որ եկեղեցական կարգ ու կանոնաց համաձայն ընտրուած է տեղապահ մը։ Իշխանութիւննե-
րու զգայնութիւնը յառաջացած է այն կէտին վրայ, երբ մեր համայնքը գործնականօրէն անտեսած է Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին կողմէ իր միջոցաւ փոխանցուած պատգամը՝ պատրիարքական ընտրութեան խնդրին շուրջ մինչեւ հանրաքուէի թուականը սպասելու ուղղութեամբ։ Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ հիմա հանրաքուէն արդէն աւարտած է եւ իրադարձութիւնները սկսած են հասուննալ։ Ատենապետ Շիրինօղլու յաջորդ շաբթուան ընթացքին ալ պիտի շարունակէ իր շփումները պետական շրջանակներուն հետ։ Ան Երկուշաբթի Հաթայի մէջ պիտի տեսակցի Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմի հետ, որ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ բոլոր կարգադրութիւններու պարագային շատ ազդու դերակատարութիւն մը ունի պետութեան մէջ։ Հաթայի մէջ յառաջիկայ Երկուշաբթի նախատեսուած է վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնին, խորհուրդի անդամներուն եւ փոքրամասնութիւններու վաքըֆներու ներկայացուցիչներուն՝ վերջին տարիներուն աւանդական դարձած ճաշկերոյթը։ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանի նախաձեռնութեամբ կը կազմակերպուի այս ճաշկերոյթը, որու ընթացքին Պետ-րոս Շիրինօղլու եւ Ատնան Էրթէմ պիտի քննարկեն պատրիարքական ընտրութեան հար-ցը։ Հաթայի այդ հաւաքոյթէն օր մը վերջ՝ յառաջիկայ Երեքշաբթի Պետրոս Շիրինօղլու այս անգամ պիտի այցելէ Իսթանպուլի կուսակալութիւն, ուր ժամադրուած է՝ քննարկելու համար նոյն խնդիրները։ Այս բոլորի հիման վրայ կը նախատեսուի, որ աստիճանաբար աւելի բիւրեղանայ պատրիարքական ընտրութեան հարցին ընթացքը։
Մինչ այդ, Արտաքին գործոց նախարարութեան վերոյիշեալ պաշտօնատարները երէկ այցելեցին նաեւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր տեսակցեցան Թաղային խորհուրդի ատենապետ Իսքէնտէր Շահինկէօզի եւ ընկերներուն հետ։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։ Թաղային խորհուրդը Դիմագիրքի էջին վրայ հրապարակած է այս մասին տեղեկութիւն մը՝ կցելով նաեւ լուսանըկար մը։ Զրոյցի բովանդակութեան մասին տեղեկութիւններ չեն տրուած։
Համայնքային շրջանակները ուշադրութեամբ կը հետեւին այս բոլոր իրադարձութիւններուն եւ կը յուսան, թէ այլեւս ժամ առաջ ուրուագծուի լուծման հեռանկար մը եւ թրքահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքը վերադառնայ իր բնականոն հունին։