ԱՌԱՆՑ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ՝ Ո՛ՉԻՆՉ

Աշ­խար­հի վրայ ո՛չ մէկ կա­րե­ւոր ար­դիւնք կամ ար­ժէք կա­րե­լի է ձեռք բե­րել ա­ռանց աշ­խա­տան­քի։ Ա­մէն ինչ որ մարդ ու­նի՝ աշ­խա­տու­թեան մը հե­տե­ւանքն է՝ ա­րուեստ, դաս­տիա­րա­կու­թիւն, գի­տու­թիւն, ար­հեստ եւ ա­մէն ինչ։ Թող չտա­րա­կու­սին ո­մանք խոր­հե­լով, թէ՝ կան ստա­ցուածք­ներ՝ ո­րոնք ա­ռանց աշ­խա­տու­թեան ձեռք բե­րուած կ՚ե­րե­ւին. զոր օ­րի­նակ, ժա­ռան­գուած եւ կամ վի­ճա­կա­հա­նու­թե­նէ ստա­ցուած գու­մար­ներ, ար­ժէք­ներ։

Սա ի­րո­ղու­թիւն է որ իր ու­ժե­րուն վստա­հող, ինք­զինք յար­գող ող­ջա­խոհ ա­մէն անձ ա­ւե­լի ըն­դու­նե­լի եւ յար­գի պի­տի գտնէ այն վաս­տա­կը, այն ստա­ցուած ար­ժէ­քը՝ ո­րուն խառ­նած է քրտին­քէն քա­նի մը կա­թիլ եւ իր հա­ճոյք­նե­րէն քա­նի մը զոհ։ Եւ այս ի­մաս­տով ա­մէն ար­ժէք, ան­պայ­մա՛ն, յայտ­նի կամ ան­յայտ, աշ­խա­տան­քի մը, հո­գա­ծու­թեան մը, զո­հո­ղու­թեան մը ար­դիւնքն է. ուս­տի չկա՛յ ո­րե­ւէ ար­ժէք, որ աշ­խա­տու­թեան չկա­րօ­տի։

Ան­կեղ­ծու­թեամբ պէտք է խոս­տո­վա­նիլ թէ՝ աշ­խա­տու­թեան պա­կա­սը, չը­սե­լու հա­մար ծու­լու­թիւն, մար­դուս մոր­թին փա­կած «հի­ւան­դու­թիւն» մըն է։

Սա­կայն կը տես­նուի, որ ա­մէն աս­պա­րէ­զի մէջ «քիչ աշ­խա­տե­լով շատ բան ձեռք բե­րել»ու փա­փաք մը կայ։

Պատ­ճա­ռը ինչ որ ալ ըլ­լայ՝ ա­ւան­դու­թի՞ւն, ժա­ռան­գու­թի՞ւն, կլի­մա՞յ, դի­պուա՞ծ, մի­ջա­վա՞յր եւ կամ ու­րիշ ո­րե­ւէ պատ­ճառ մարդս կը մղէ կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ քիչ աշ­խա­տան­քով, կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ մեծ վարձք, շատ ար­ժէք ձեռք բե­րե­լու։

Ընդ­հան­րա­պէս ամ­սա­կա­նա­ւոր պաշ­տօ­նեա­նե­րու վե­րագ­րուած նշա­նա­բան մը, ա­նոնց յա­տուկ մտայ­նու­թիւն մը կ՚ըն­դու­նուի «կա­րե­լի ե­ղա­ծին չափ քիչ աշ­խա­տե­լով գործ ար­տադ­րել»ու ըմբռ­նու­մը, բայց միայն յա­տուկ չէ ա­նոնց։ Աշ­խա­տու­թիւ­նը սի­րե­լի չէ ընդ­հան­րա­պէս, եւ կը նա­խընտ­րուի, կ՚ակն­կա­լու միշտ ա­նաշ­խատ կամ քիչ աշ­խա­տան­քով ձեռք բե­րել վարձք, շահ կամ ո­րե­ւէ ար­ժէք։ Եւ այս մտայ­նու­թեան կամ փա­փա­քին պատ­ճա­ռով, մար­դիկ, բնա­կա­նա­բար թէ՛ նիւ­թա­պէս եւ թէ՛ բա­րո­յա­պէս չեն վար­ձատ­րուիր ըստ ար­ժան­ւոյն։ Եւ ե­թէ վարձ­քի, շա­հու պա­կաս մը գո­յու­թիւն ու­նի, ա­սի­կա բնա­կան հե­տե­ւանքն է՝ աշ­խա­տան­քի պա­կա­սի, աշ­խա­տան­քի ա­նի­մաստ խնա­յո­ղու­թեան։ Կեան­քի մէջ կը յա­ջո­ղին այն մար­դիկ, ո­րոնց հա­մար աշ­խա­տան­քը ի­րենց կեա՛նքն է, ապ­րե­լա­կեր­պը։

Այս ի­մաս­տով, կեան­քի մէջ յա­ջո­ղած, յա­ջո­ղու­թիւն ձեռք բե­րած մար­դոց հա­մար աշ­խա­տու­թիւ­նը սի­րե­լի է՝ հա­ճոյք մը, զբօ­սանք մը, մեծ եւ ար­դիւ­նա­ւոր «խաղ» մը, գրե­թէ կի՛րք մը՝ որ­մէ կը տա­րուին ի­րենց ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քին։ Եւ ի՜նչ մեծ հա­ճոյք է՝ աշ­խա­տիլ եւ աշ­խա­տու­թեան ար­դիւն­քը ստա­նալ…։

Ուս­տի Ժ. Ժ. Ռու­սօ, ըն­կե­րա­յին ախտ մը, տկա­րու­թիւն մը կը նկա­տէ ծու­լու­թիւ­նը։ Ծոյ­լը մա­կա­բոյծ մըն է՝ որ կ՚ապ­րի ա­ռանց աշ­խա­տան­քի, ծու­լու­թեամբ՝ ու­րիշ մէ­կու մը վրա­յով, զայն շա­հա­գոր­ծե­լով եւ ա­նոր աշ­խա­տան­քը գող­նա­լով։ Այս տե­սա­կի մար­դիկ ձրիա­կեր պնա­կա­լէզ­ներ են՝ ո­րոնց կեան­քը միշտ կա­խում ու­նի ու­րի­շէ, ու­րիշ մար­դէ մը, որ միայն ա­նոր մի­ջո­ցով կը սնա­նի, կեան­քը կը գո­յա­պահ­պա­նէ ու կը գո­յա­տե­ւէ, ե­թէ «կեանք» կա­րե­լի է ա­նուա­նել ա­նոնց ապ­րած կեան­քը։ Եւ ո՜ր­քան զզուե­լի են այս տե­սա­կի ծոյլ, դա­տար­կա­պորտ եւ հեղգ ու թոյլ, ան­տար­բեր մար­դիկ՝ ո­րոնց գոր­ծը միշտ շա­հա­գոր­ծել է ու­րիշ­ներ, եւ գող­նա՛լ ու­րիշ­նե­րու աշ­խա­տան­քը։

Ար­դա­րեւ կան ազ­նիւ մար­դիկ՝ ո­րոնք յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քին չնա­յե­լով կ՚աշ­խա­տին, մին­չեւ իսկ օ­րա­կան 10-12 ժամ եւ միշտ աշ­խոյժ ու ե­ռան­դուն կ՚ար­տադ­րեն ե­րի­տա­սար­դի մը պէս ժիր ու զուա՛րթ։

Ո­մանք ալ կ՚աշ­խա­տին, բայց տե­ւա­կան կը գան­գա­տին, կը դժգո­հին՝ կար­ծես «ա­նէ՛ծք» մը կը նկա­տեն աշ­խա­տան­քը։ Ա­նոնց հա­մար եր­բեք ար­դիւ­նա­ւոր չ՚ըլ­լար ի­րենց աշ­խա­տան­քը, քա­նի որ ա­կա­մայ աշ­խա­տու­թիւ­նը բեռ մը, նե­ղու­թիւն մըն է միայն ի­րենց հա­մար։ Ա­նէծ­քով ու ա­տե­լու­թեամբ կա­րե­լի չէ՛ օգ­տա­կար ու բա­րի ար­դիւնք ձեռք բե­րել, բայց միա՛յն՝ վնաս, չա­րիք եւ նզո՛վք։

Աշ­խա­տու­թեան նուի­րուած ազ­նիւ մար­դիկ չու­նին աշ­խա­տան­քի ժա­մա­նա­կա­մի­ջոց՝ ա­նոնք միշտ կ՚աշ­խա­տին՝ մին­չեւ իսկ կէս գի­շե­րին, լծուած ու նուի­րուած աշ­խա­տու­թեան՝ ար­տադ­րե­լու եւ օգ­տա­կա­րու­թիւն մը ա­պա­հո­վե­լու մարդ­կու­թեան՝ խօս­քով, գի­րով եւ կամ գոր­ծով, բայց մի՛շտ աշ­խա­տե­լով, ար­տադ­րե­լով, ար­դիւ­նա­ւո­րե­լով։

Յա­ռա­ջա­ցեալ տա­րի­քին տա­կա­ւին աշ­խա­տու­թե­նէ չդադ­րած մար­դիկ, ի­րա­պէ՛ս հե­րոս­ներ են, ո­րոնք վե՛ր կը բարձ­րաց­նեն մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թի՛ւ­նը։

Ա­մե­նէն օգ­տա­կար կիր­քը՝ աշ­խա­տու­թեան կի՛րքն է, որ տե­ւա­պէս կ՚ար­տադ­րէ, տե­ւա­պէս օգ­տա­կար կը հան­դի­սա­նայ մարդ­կու­թեան։ Ար­դա­րեւ աշ­խա­տան­քը աշ­խոյժ կը պա­հէ մարդս, ու­րիշ­նե­րու օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լու հա­ճոյ­քը ա­մե­նա­մեծ վար­ձատ­րու­թիւնն է աշ­խա­տո­ղին՝ ինչ ալ ըլ­լայ ա­նոր նիւ­թա­կան փո­խար­ժէ­քը, կա­րե­ւո­րը ա­նոր բա­րո­յա­կան գո­հու­նա­կու­թիւնն է։ Ան­կեղ­ծօ­րէն աշ­խա­տող ազ­նիւ մար­դու վարձ­քը ա՛յս է…։

Ա­յո՛, աշ­խա­տան­քը, ար­տադ­րե­լու փա­փա­քը օգ­տա­կար կի՛րք մըն է՝ որ նո­րա­նոր փոր­ձար­կու­թիւն­նե­րու, վեր­լու­ծում­նե­րու, ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յէ. այն որ կ՚ապ­րի, ա­պա ու­րեմն աշ­խա­տե­լու եւ կա­րե­լին ը­նե­լու է կեն­դա­նի մնա­լու հա­մար։ Ու­րի­շին կա­րօտ, ու­րի­շէն կա­խում ու­նե­նա­լով ապ­րի­լը, ե­թէ ան­շուշտ մարմ­նա­կան եւ կամ մտա­յին ար­գելք մը գո­յու­թիւն չու­նի, ի­րա­պէս տան­ջա՛նք է եւ ներ­հակ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան։ Ան­տա­նե­լի կա­ցու­թիւն մըն է ծոյլ ապ­րիլ, ա­նըն­դու­նե­լի է ա­նաշ­խատ, թոյլ ապ­րիլ, ու­րի­շին աշ­խա­տու­թիւ­նը շա­հա­գոր­ծել եւ հան­գիստ խիղ­ճով, հան­դար­տու­թեամբ եւ ներ­քին խա­ղա­ղու­թեամբ շա­րու­նա­կել վա­յե­լել կեան­քը։

Աշ­խա­տան­քի կիր­քը եւ ե­ռանդն է որ մարդս կան­գուն կը պա­հէ՝ ար­ժա­նի՝ իր կո­չու­մին։

Ա­հա­ւա­սիկ, այս­պէս, յա­րա­տեւ աշ­խա­տանք մը ի՜նչ հրաշք­ներ կրնայ գոր­ծել մեր ա­մէն մէ­կուս ան­հա­տա­կան եւ ըն­կե­րա­յին կեան­քին մէջ. աշ­խա­տու­թիւ­նը յա­ճախ ընդ­հա­տուած հա­ճոյ­քի հա­մար՝ բամ­բա­սան­քով, ա­նի­մաստ եւ չա­րա­միտ քննա­դա­տու­թիւն­նե­րով, ե­րե­ւա­կա­յու­թիւն­նե­րով ու ե­րա­զանք­նե­րով, շա­ղակ­րա­տու­թեամբ եւ ա­մէն տե­սակ պա­րապ եւ անն­պա­տակ գոր­ծե­րով՝ աղ­քատ ար­դիւնք կ՚ու­նե­նայ, ա­պար­դիւն կը մնայ։

Ուս­տի լուրջ, սի­րուած եւ ա­մո՛ւր աշ­խա­տան­քը կը գո­յա­պահ­պա­նէ ու գո­յա­տեւ­ման պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ մարդ­կու­թեան եւ մա­նա­ւանդ միշտ վե՛ր կը պա­հէ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը, ո­րուն կը պար­տի մարդ՝ իր մարդ­կու­թի՛ւ­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 17, 2017, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Մայիս 20, 2017