ԱՐՏԱՀԵՐԹ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ պաշտօնապէս վերադարձաւ ԱՔ կուսակցութեան գլուխը։ Ինչպէս ծանօթ է, 16 Ապրիլին տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքը առիթ ստեղծած էր, որպէսզի հանրապետութեան նախագահը կարենայ ըլլալ կուսակցական մը։ Այս հիման վրայ մօտաւոր անցեալին Էրտողան վերստին անդամակցած էր ԱՔ կուսակցութեան, որու հիմնադիրն է։ Այդ իրադարձութենէն վերջ, երէկ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան արտահերթ համագումարը, որու ընթացքին Էրտողան կուսակցապետի թեկնածու առաջադրուած էր եւ արտահերթ համագումարի արդիւնքին ալ վերստին պաշտօնապէս ստանձնեց ԱՔ կուսակցութեան ղեկը։ Նոյն առթիւ փոփոխութիւններ տեղի ունեցան նաեւ կուսակցութեան կանոնադրութեան մէջ եւ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ դարձաւ փոխ-կուսակցապետ։
Երէկուան համագումարին Էրտողան ունեցաւ ելոյթ մը, որու ընթացքին կարեւոր պատգամներ տուաւ նոր շրջանին վերաբերեալ։ Ան շեշտեց, որ ոեւէ մէկը պէտք չէ սպառնալիքի տակ տեսնէ իր ազատութիւնը։ Իր խօսքերով, արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը պիտի շարունակուի՝ մինչեւ որ երկրէն ներս վերահաստատուի անդորրութիւնը։ Էրտողան կարեւորութեամբ ընդգծեց, թէ ԱՔ կուսակցութեան տեսլականին յարիր քաղաքապետներու կարիքը զգալի է։ Ուստի, կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր ճանապարհը այնպիսի քաղաքապետներով, որոնք յանձնառու են իրենց ուսերուն վրայ կրելու քաղաքներն ու կուսակցութիւնը։
Երէկուան արտահերթ համագումարին ընթացքին Էրտողան վերստին անդրադարձաւ նաեւ Եւրոմիութեան վերաբերեալ հարցերուն եւ եւրոպական կողմի երկերես դիրքորոշման։ Ըստ իրեն, Թուրքիա պարտաւոր չէ տակաւին երկար հանդուրժել այս բոլորին։ «Կա՛մ պիտի յարգեն իրենց խոստումները եւ կամ բոլորս պիտի շարունակենք մեր գիտցած ճանապարհով։ Յամենայնդէպս մեր նախընտրութիւնն է Եւրոմիութան հետ շարունակել մեր ճանանպարհը», ըսաւ Էրտողան։
Քաղաքական մեկնաբանները Էրտողանի երէկուան ելոյթի լոյսին տակ ենթադրութիւններ կ՚ընեն, թէ յառաջիկայ շրջանին ԱՔ կուսակցութիւնը թափ պիտի տայ բարեփոխումներուն։ Ներկայ պայմաններով կառավարութեան կազմէն ներս ալ չեն բացառուիր փոփոխութիւնները։