ՕՐԱԿԱՐԳԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Երէկ, Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոմիութիւն-Հայաստան համագործակցութեան խորհուրդի 17-րդ նիստը։ Բանակցութիւնները գըլ-խաւորեցին ԵՄ-ի գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան։ Պրիւքսելի մէջ Նալպանտեան եւ Մոկերինի ունեցան հանդիպում մը, որու աւարտին գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Անոնք հանդէս եկան նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսով մը։ Հայկական պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Հայաստանի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու առաջին փոխ-նախարար Գարեգին Մելքոնեան, Արդարադատութեան փոխ-նախարար Վիգէն Քոչարեան եւ Միջազգային տնտեսական համարկման ու բարեփոխումներու փոխ-նախարար Մակար Ղամբարեան։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանգամանալից քննարկում ծաւալուեցաւ ԵՄ-Հայաստան օրակարգի հարցերու լայն շրջանակին շուրջ, ներառեալ քաղաքական երկխօսութիւնը, առեւտուրի եւ ոլորտային համագործակցութիւնը, մարդու իրաւունքները, շարժունակութիւնն ու բարեփոխումներու գործընթացը։ Խորհուրդի երէկուան նիստին ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան կողմերու գործընկերութեան 2017-2020 թուականներու առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Նալպանտեան Պրիւքսելի մէջ նշեց, որ Հայաստան կը շարունակէ յանձնառու մնալ ԵՄ-Արեւելեան գործընկերութեան նպատակներուն եւ իր նպաստը բերել այդ բազմակողմանի ձեւաչափին մէջ ձեռնարկուած համատեղ ջանքերուն։
Կողմերը քննարկեցին միջազգային եւ տարածքաշրջանային հրատապ հարցեր եւ այդ ամբողջին մէջ անդրադարձ կատարեցին Իրանի, Թուրքիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններուն։ Նալպանտեան ներկայացուց Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւններու ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ։ Իր կարգին, Մոկերինի յայտնեց, որ այս հիմնահարցը չունի ռազմական լուծում եւ ԵՄ լիովին կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու ջանքերուն։
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄԱՏՐԻՏ
Միւս կողմէ, Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Մատրիտ, ուր կը մասնակցի «Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ազգային եւ կրօնական բռնութիւններու զոհերը» խորագրով կազմակերպուած նախարարներու մակարդակով միջազգային համաժողովի մը, որու ընթացքին նախատեսուած է նաեւ իր ելոյթը։