ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՆԴԷՍԸ

Ե­շիլ­գիւ­ղի հա­յոց վար­ժա­րա­նի 2016-2017 կրթա­կան շրջա­նի տա­րե­վեր­ջի հան­դէ­սը ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ Պա­քըր­գիւ­ղի «Լէյ­լա Կեն­ճէր» գե­ղա­րուես­տա­կան կեդ­րո­նին մէջ։ Շատ խան­դա­վառ մթնո­լոր­տի մը մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը, ո­րու յայ­տագ­րին մաս կազ­մե­ցին ա­շա­կերտ­նե­րու ե­լոյթ­նե­րը։ Տղա­քը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց յա­ջո­ղու­թեամբ։ Ձեռ­նար­կին ներ­կայ էին Տ. Կո­րիւն Ա. Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան, Ե­շիլ­գիւ­ղի Ս. Ստե­փա­նոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Մե­լիք­ճան Զա­ման, Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­լիս Պայ­րամ, Պա­քըր­գիւ­ղի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Ա­թէշ Իւ­նալ Էր­զէն, ա­շա­կերտ­նե­րու ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Հա­պիպ Էօզ­ֆու­րուն­ճու յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց Ա­թէշ Իւ­նալ Էր­զէ­նին։

Ե­րե­կոյ­թի ողջ տե­ւո­ղու­թեան սրա­հին մէջ տի­րեց բարձր մթնո­լորտ եւ տա­րե­վեր­ջի այս հան­դի­սու­թեան յայ­տա­գի­րը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ բա­րե­մաղ­թանք­նե­րու փո­խա­նա­կու­մով։

Հինգշաբթի, Մայիս 25, 2017