Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ԱՐՑԱԽԻ ՃԱԿԱՏԻՆ ՎՐԱՅ ՆՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿ
Արցախի ճակատին վրայ երէկ նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն կողմէ բացուած կրակին հետեւանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ կէսօրուան ժամերուն Ատրպէյճանի կողմէ արձակուած կրակոցին թիրախը դարձաւ Արմէն Յարութիւնեան (1996թ.)։
Մինչ դէպքի մանրամասնութիւնները պարզելու համար ձեռնարկուած է քննութեան՝ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը բաժնեց այս ծանր կորուստին վիշտը եւ նահատակեալ զինուորի ընտանիքին, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն յայտնեց իր զօրակցութիւնը։
Շաբաթ, Մայիս 27, 2017