ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԿՐԿՆԱԿ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆԵՐ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ նշեց թաղի Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի կրկնակ տարեդարձները։ Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ օրուան պատգամը տուաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Պատարագեց Դպրաց դասու նախագահ Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։ Դպրաց դասու հիմնադրութեան 127-րդ եւ երգչախումբի կազմաւորման 87-րդ տարեդարձները նշուեցան բարձր տրամադրութեամբ։ Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ լեցուած էր եկեղեցին, ուր Ս. Պատարագի ընթացքին Ս. Սեղանին սպասարկեցին դպրապետ Արամ Սրկ. Պարոնեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Քառասուն Մանկանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Հրանդ Չիզմէճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Աւետիս Էօզտեմիրի։
Ներկայ էր նաեւ Տ. Թէոդիկ Քհնյ. Չեթինքայա։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցան դպրաց դաս-երգչախումբի հանգուցեալ հիմնադիրները, նախագահները, դպրապետները, երաժշտապետները, խմբավարները, անդամները, վարչայիններն ու սատարողները։
Եկեղեցական արարողութենէն վերջ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Յայտագրի ընթացքին արտայայտուեցան Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, Արամ Պարոնեան, Տնօրէն խորհուրդի ատենապետուհի Գարին Աքալ։ Հրանդ Չիզմէճեանի գլխաւորութեամբ մանկանց կազմը ներկայացուց երգերու փունջ մը։ Աւետիս Էօզտեմիրն ալ նուագեց իր յօրինումներէն մին։ Սրահի կատարումներուն միացան նաեւ քոյր դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչները։ Ատենապետուհի Գարին Աքալի կողմէ գլխաւորուած տնօրէն խորհուրդի անդամները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները, որոնք համակուած էին տարեդարձի հրճուանքով։
Հաւաքոյթի տեւողութեան հատուեցաւ տարեդարձի կարկանդակը եւ բոլորը միասնաբար ապրեցան տարի մը եւս բոլորած ըլլալու ուրախութիւնը, փոխանակելով յարատեւութեան մաղթանքներ։ Հուսք բանքը արտասանեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։