Ի՞ՆՉ «ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ» ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻՆ

«ԴՐԱՄԱԿԱՆ ԱՄՊԱՐԿՕ՞» 

Միացեալ Նահանգներու միջինարեւելեան քաղաքականութեան համար արաբ-իսրայէլեան օղակէն ետք հիմնական «գետին» կը համարուի Լիբանանը եւ յատկապէս երկրէն ներս գործող «Հիզպուլլահ»ը: Ու այս առումով ամերիկացիներուն համար շատ բացայայտ կերպով խնդիր դրուած է տարբեր միջոցներ գործի դնելով ոչ միայն մեկուսացնել այդ զինեալ կազմակերպութիւնը, այլ գտնել այնպիսի գործօններ, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ «Հիզպուլլահ»ը դարձնել անդամալուծուած կառոյց մը:

Խօսքը կը վերաբերի մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու գոնկրէսին կողմէ մօտիկ ապագային քննարկուելիք «Պատժամիջոցներ «Հիզպուլլահ»ի դէմ» անունը կրող օրինագիծը, որուն նախնական մշակումը կայացած է 2015 թուականին:

Այդ օրէնքին հիման վրայ է նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ իր ամենատարբեր միջոցներով պիտի փորձէ «դրամական ամպարկօ» մը իրականացնել այդ կազմակերպութեան դէմ:

«Դրամական ամպարկօ» ըսելով անշուշտ պէտք է հասկնալ՝ հետեւիլ այդ կուսակցութեան քաղաքական վերնախաւին մօտ գտնուող դրամական պահեստներուն եւ յատկապէս վերահսկել Լիբանան փոխանցուող գումարներուն ընդհանուր շարժումը: Այս առումով ալ մինչեւ այս պահը յստակ գործօններ չկան, սակայն շատ հաւանական է, որ յառաջիկայ փուլին այդ «ամպարկօ»ին վերաբերեալ գործնական քայլեր ընթացք առնեն:

Միացեալ Նահանգներու ելեւմտական ոլորտի պատասխանատուներ տարբեր առիթներով յայտարարած են, որ իրենք հետամուտ են ոչ միայն հետեւիլ «Հիզպուլլահ»ի ունեցած դրամական պահեստներուն, այլ նոյն ծիրին մէջ տարբեր որակի ճնշումներ իրականացանել Լիբանանի ելեւմական ոլորտին վրայ:

Այսօր երբ Իրանի դէմ դաշինք մը կազմելու նախնական աշխատանքները ընթացք առած են՝ չէ բացառուած, որ Ուաշինկթընի ստեղծած նոր դաշինքի արաբ տէրութիւնները մասնակցին Լիբանանի դէմ սկիզբ առնելիք «տնտեսական պատերազմ»ին:

Այդ մէկը բնականաբար կը նշանակէ, որ Սէուտական Արաբիա, Քուէյթ, Արա-բական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Քաթար լիբանանեան հեղինակութիւն դարձած դրամատուներուն մէջ գտնուող մեծաքանակ գումարները «ետ քաշեն»: Ճիշդ է, որ այդ քայլը կարողութիւնը չունի «Հիզպուլլահ»ը նեղ կացութեան մատնելու, բայց Ուաշինկթըն կը հաւատայ, որ այդ միջոցներով կարելի պիտի ըլլայ ներլիբանանեան նոր իրավիճակ մը ստեղծել:

Շուտով ընթացք առնելիք (եթէ այլ հանգամանքներ չխանգարեն կամ «չյետաձգեն» այդ պատերազմը) «տնտեսական պատերազմ»ին նպատակը, ինչպէս վերեւ նշեցի, «Հիզպուլլահ»ը անդամալուծել է, սակայն այն միջոցառումները, որոնք պիտի գործնականացուին, վնասաբեր պիտի ըլլան ոչ թէ այդ կուսակցութեան, այլ Լիբանանի ընդհանուր տնտեսութեան վրայ: Խորքին մէջ առաջին անգամը չէ, որ ամերիկացիները կը խօսին Լիբանանի դէմ «դրամական ամպարկօ» մը կիրառելու մասին: Ու այստեղ է նաեւ, որ բացայայտ կերպով կը կարեւորուի Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալեմիյի ունեցած դրական դերը ամերիկացիներուն հետ «լեզու գտնելու» կապակցութեամբ:

Կար ժամանակ, երբ միջազգային լրահոսին մէջ տեղեկութիւններ կը գտնէին մարդոց մասին, որոնք անմիջական կապ ունին «Հիզպուլլահ»ի հետ: Կը խօսուէր նաեւ, որ ափրիկեան կարգ մը երկիրներու մէջ, ուր գոյութիւն ունին շիի-լիբանանցի համայնքներ, տեղի կ՚ունենան դրամալուացման գործարքներ: Այս տեղեկութիւնները սակայն կը մնային լուսանցքի վրայ ու մինչեւ այս պահը այս առումով ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները չեն յաջողած փաստացի տուեալներ հրապարակել կամ գործնական քայլեր առնել այն անձերուն կամ ընկերութիւններուն դէմ, որոնք նիւթական կարեւոր ներհոս մը կ՚ապահովեն Թեհրանի կարեւորագոյն գործակից եւ դաշնակից «Հիզպուլլահ»ին:

Այս կէտին պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ Լիբանանի համար կարեւոր եւ ուրոյն դեր մը ունի անոր ազատ-շուկայական դրամատնային համակարգը ու հակառակ բոլոր պնդումներուն, դժուար թէ ամերիկացիք կարողանան կղզիացնել դրամական հոսքերու եւ ելեւմտական փոխանակման կարեւոր «կայան»՝ արաբներու համար երբեմնի Զուիցերիա համարուած մայրաքաղաք Պէյրութը:

ԶԷՆՔԻ ՓՈԽԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Դրամական խնդրէն բացի, գոյութիւն ունի Սուրիայէն դէպի Լիբանան զէնքի փոխադրութեան խնդիրը, որ յատկապէս Թել Աւիւի համար «մահ ու կենաց» հարց է: Այս առումով ալ չէ բացառուած, որ իսրայէլացիք կարեւոր ճիգեր գործադրեն համոզելու համար ամերիկացիները, որպէսզի շատ աւելի աշխոյժ կերպով մասնակցին իրենց սկսած «գործ»ին: Խօսքը կը վերաբերի Սուրիայէն դէպի Լիբանան ուղղուող զինուորական շարասիւններուն, որոնց շնորհիւ է որ իրանեան բոլոր արդիական զէնքերը կը հասնին «Հիզպուլլահ»ին: 1980-ականներուն հիմնուած «Հիզպուլլահ»ը այսօր կը համարուի Միջին Արեւելքի հզօրագոյն զինեալ կազմակերպութիւնը, որ իր զինանոցը կը պարտի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Լիբանանեան կուսակցութեան եւ Թեհրանի միջեւ կապերը միայն ռազմավարական կապեր չեն, այլ գոյութիւն ունի դաւանական, գաղափարական եւ պատկանելիութեան զգացումի վրայ կառուցուած յարաբերութիւն մը, որ անբաժանելի ու սերտ է:

«Հիզպուլլահ»ը Իրանի համար «յաճախորդ» մը չէ, այլ երկրի արտաքին քաղաքականութեան կրողը եւ ներկայացուցիչը ու այս պատճառով է նաեւ, որ ռազմավարական մօտեցումներու վրայ կառուցուած այս յարաբերութիւնը դարձած է անքակտելի:

Սուրիոյ պատերազմի թէժացումէն ի վեր Իսրայէլ տարբեր առիթներով հար-ւածեց Սուրիայէն դէպի Լիբանան ուղղուող զինուորական շարասիւնները, սակայն այդ հարուածները գետնի վրայ բան մը չփոխեցին: Ու այս բոլորէն ետք հնարաւոր է, որ ամերիկեան կողմը տիւ եւ գիշեր մտածէ զինուորական այդ պորտալարը կտրելու փորձեր կատարել:

Ի՞նչ արդիւնք կ՚ունենայ այդ բոլորը, դեռ պարզ չէ, սակայն Թել Աւիւի համար յստակ դարձած է, որ մինչեւ հիմա ձեռք առնուած միջոցները բաւարար չեն, որպէսզի կարելի ըլլայ «Հիզպուլլահ»ի զինուորական մեկուսացումը իրականութիւն դարձնել։ Իբր այդ, Թել Աւիւ այս խնդրին համար կը դիմէ Միացեալ Նահանգներու անմիջական օգնութեան:

ԻՐԱՆԻ ՀԵՏ ԸՆԴՀԱՆՐՈՒՄԸ ՄԵԾ ԱՐԿԱԾԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆ Է

Արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան լարերը իր ձեռքերուն մէջ առնելէ ետք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համար կը մնայ կարեւոր միջա-մըտութիւններ կատարել Իրաքի եւ մասնաւորապէս Եմէնի մէջ: Ու յստակ է նաեւ, որ մասնաւորապէս այս երկու երկիրներուն մէջ ծայր առած հրդեհներուն երկարաձգումը նպաստաւոր է ոչ միայն «ընդհանուր քաոս»ի մթնոլորտը «վառ» պահելու համար, այլ սէուտական կողմին արտածուած ու արտածուելիք արդիական զէնքերը փորձարկելու նպատակով:

Իսկ Միացեալ Նահանգներ ո՞րքանով պիտի կարողանայ իր գծած ծրագիրները իրականութիւն դարձնել, ապա այդ հարցին պատասխանը պիտի տայ ժամանակը:

Աւարտին յստակ է, որ նախագահ Թրամփի վարչախումբը երբեք խաղաղութեան տենչացող կամ խաղաղութեան համար պատերազմող ղեկավարութիւն մը ըլլալու «փափաք»ը չունի:

Մինչ դրական կարեւոր քայլեր կրնան իրականացուիլ պաղեստինա-իսրայէլեան խնդրին «սայլ»ը տեղէն շարժելու համար, անդին Իրանի հետ թշնամական ճակատի մը կառուցումը կրնայ բաւական ծանր հետեւանքներ ունենալ ամբողջ շրջանին համար: Տակաւին չենք խօսիր զինուորական բախումի մը մասին, որ լաւագոյն պարագային ամերիկեան կողմին համար պիտի համարուի գէշ անակնկալներով լեցուն մեծ արկածախնդրութիւն մը:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան                                                                                            շար. 2 եւ վերջ

 

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2017