ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ՝ ԱՄԷՆ ԻՆՉԻ ՀԱՄԱՐ
Էսաեան վարժարանէ ներս ընթացքի մէջ է «Գիտութիւն՝ ամէն ինչի համար» քառօրեայ ծրագիրը, որու բացումը կատարուեցաւ երէկ։ Դպրոցի դասարաններն ու այլ զանազան բաժանմունքները յատկացուած են դպրոցի աշակերտներուն կողմէ մտայղացուած ու կեանքի կոչուած գիտական զանազան նախագիծերու ներկայացման։ Համայնքային վարժարաններէն աշակերտներու խումբեր այս չորս օրերուն ընթացքին հերթով կ՚այցելեն Էսաեան։ Հիւրընկալ դպրոցի աշակերտները կը դիմաւորեն իրենց ընկերները եւ զանոնք կ՚առաջնորդեն դպրոցի այն դասարաններն ու բաժանմունքները, ուր ներկայացուած են գիտական նախագծերը։
Խրախճանքի մը ձեւաչափին մէջ կազմակերպուած է այս ձեռնարկը, որու բացումին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան։ Էսաեանցի աշակերտները հանդէս եկան նաեւ պարի մը ներկայացումով։