ԿԱՐՄԻՐ ԳՈՅՆԸ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵԼ

Հոգեւոր մարզի մէջ՝ գոյնը ցոյց կու տայ զանազան բնութիւններ, վիճակներ։ Սուրբ Գիրքի մէջ զանազան գոյներ գործածուած են որպէս խորհրդանի՛շ, բացատրելու համար վիճակ մը, գաղափար մը կամ վերացական գոյութիւն մը։

Այս իմաստով, զոր օրինակ, «սեւ»ը՝ թշուառութեան եւ սուգի նշան է, «դեղին»ը՝ մահաբեր սատակման, «ճերմակ»ը՝ գեղեցկութեան եւ սրբութեան, «ճերմակ»ը ե՛ւ «կապոյտ»ը՝ թագաւորական եւ քահանայական, «ծիրանի»ն, այսինքն բաց կարմիրը՝ իշխանական նշան կը ներկայացուի Սուրբ Գիրքի զանազան հատուածներուն մէջ։ Եւ այս ուղղութեամբ, «կարմիր» գոյնն ալ, իր զանազան եւ տարբեր աստիճաններով եւ երեւոյթներով կը խորհրդանշէ կեանքի տարբեր վիճակներու, դիրքերու կամ կացութիւններու ներկայացման, վերացական գաղափարներ դիւրըմբռնելի՝ տեսանելի՛ ընելով։

Արդարեւ, վերացական էութիւն մը, գաղափար մը այլաբանական կերպով ներկայացնել՝ Սուրբ Գիրքը մեկնելու կանոններէն մէկն է, ոճ մը, ճամբայ մըն է։ Այս կանոնը կ՚ենթադրէ, ինչպէս ըսինք, խորհուրդ մը, գաղափար մը, դժուար ըմբռնելի՝ անտեսանելի իրողութիւն մը կամ իր մը յայտնի եւ աւանդաբար նշանով, յարակից իր եւ իրողութիւններով, բառերով բացայայտել, հասկնալի դարձնել։

Դարձեալ, այս կանոնով, այսինքն՝ խորհուրդ մը բացատրել յարակից ուրիշ բառերով եւ բառերու նշանակութիւններէն օգտուելով, զոր օրինակ, «մարմին» բառով, պիտի տեսնուի, որ այս բառը երբեմն կը նշանակէ՝ փափուկ եւ դիւրաթեք բան. «Անոնց մարմնեղէն սիրտ պիտի տամ» (ԵԶԵԿ. ԺԱ 19)։ Եւ երբեմն ալ «մարմին» կը նշանակէ «մարդկային բնութիւն», առանց նկատելու անոր մեղաւորութիւնը. (ՅՈՎՀ. Ա 14), (ՀՌՈՎՄ. Ա 3, Թ 3)։ Բայց աւելի յաճախ կ՚առնուի փոխանակ մարդկային «ապականեալ եւ մեղաւոր բնութեան». (ՀՌՈՎՄ. Ը 5), (ԵՓԵՍ. Բ 3)։ Դարձեալ «մարմին» բառը ունի ուրիշ իմաստ մը՝ որով կը հասկցուին այն բաները, որոնք կրօնքի մէջ արտաքին եւ արարողական ըլլալով՝ բոլորովին տարբեր են անոր ներքին եւ հոգեւոր բաներէն. այս նշանակութեամբ գրուած ԳԱՂ. Գ 3 եւ Զ 12 հատուածները՝ ուր կ՚ակնկալուին մանաւանդ Մովսիսական արարողութիւնները, ինչպէս նաեւ՝ ՓԻԼԻՊ. Գ 3 հատուածը։

Առնենք «շնորհք» բառը՝ որուն ընդհանուր նշանակութիւնն է՝ բարերարութիւն, պարգեւ։ Երբ Աստուծոյ վրայ է խօսքը, կը նշանակէ՝ «այն բարերարութիւնը զոր Աստ-ւած ըրաւ մարդոց, որ արժանի չէին»։

«Շնորհք» կը նշանակէ նաեւ զանազան պարգեւներ՝ որոնք կու տայ այս «շնորհք»ը, զոր օրինակ, «արդարացում», «զօրութիւն եւ սրբութիւն»։ Ան կը նշանակէ նաեւ «յաւիտենական փառք»։

«Շնորհներու խօսք» ըսելով կը հասկցուի Աւետարանը, եւ «Շնորհք» բառով կը հասկցուին Աւետարանին վարդապետութիւնները եւ ընդհանուր ուսուցումը։

Այս ուղղութեամբ, կարմիր գոյնն ալ իր զանազան երեսակներով եւ տեսակներով, իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի, եւ կը խորհրդանշէ մարդկային վիճակներ, որոնք շատ անգամ կարելի չ՚ըլլար բացատրել բառերով եւ ուղիղ կերպով նկարագրել զանոնք։

Կարմիր գոյնի տեսակներէն են՝ «աշխէտն ու շառագոյնը», ընդհանրապէս կարմիր բացատրութեամբ արտայայտուող։ «Աշխէտ»ը՝ դեղնագոյն կարմիր գոյնն է, իսկ «շառագոյն»ը՝ շէկ՝ կարմիր ու դեղին գոյնն է, եւ այս գոյները կը խորհրդանշեն արիւնահեղութիւն եւ յաղթութիւն։ Զոր օրինակ, Զաքարիայի մարգարէութեան մէջ կ՚ըսուի. «Առաջին կառքին աշխէտ ձիեր լծուած էին, երկրորդ կառքին՝ սեւ ձիեր» (ԶԱՔ. Զ 2)։ Եւ դարձեալ, Յովհաննէսի Յայտնութեան գիրքին մէջ կը կարդանք. «Երկնքի մէջ ուրիշ նշան մը երեւցաւ եւ ահա մեծ շառագոյն վիշապ մը, որ եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունէր եւ իր գլուխներուն վրայ՝ եօթը թագ» (ՅԱՅՏ. ԺԲ 3)։

Կարմիր գոյնի ուրիշ մէկ տեսակն է «Կրկնակի» եւ «Որդան կարմիր»ը։ Որդան կարմիրը՝ վայրի կաղնիի կամ լեղի կաղնիի տերեւներուն վրայ ապրող տեսակ մը որդին էգին չորցած մարմինն է. «kermés», որ կարմիր գունաւորիչ նիւթ մըն է։ Այս կարմիրն ալ կը խորհրդանշէ՝ անջնջելի բան, անլուծանելի, վճռական, անվիճելի, անբեկանելի միտք, խօսք կամ գործ։

Այս իմաստով՝ Եսայի մարգարէ կ՚ըսէ. «Հիմա եկէք վիճաբանինք, կ՚ըսէ Տէրը.- Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, ասրի պէս ճերմակ պիտի ըլլան» (ԵՍ. Ա 18)։ «Ասր» կը նշանակէ՝ ոչխարի կտրած եւ մաքուր բուրդ՝ որ անբիծ եւ անարատ ճերմակ է. ուստի անջնջելի մեղքերն իսկ Տէրը կարո՛ղ է սրբել։ Այս տեսակ կարմիրին անջնջելի եւ անբեկանելի խօսքի մը կամ արարքի մը խորհրդանիշը ըլլալը կը տեսնուի նաեւ կնքուած եւ փակուած նամակ, ծրար, պահարան եւ մինչեւ իսկ շէնքերու պարագային։ Անոնց վճռական փակումը ցոյց տուող կնիքը կը դրուի կարմիր հալած մոմի վրայ եւ կարմիր մելանի, կարմիր թանաքի թաթխելով։ Եւ ուրեմն գոյներու խորհրդանշած խորհուրդներու, խօսքերու, արարքներու՝ իրերու եւ իրողութիւններու կարելի է հանդիպիլ մեր առօրեայ կեանքի ամէն շրջանին՝ ամէն ատեն։

Երբ խորհուրդներ ներկայացնող, պարզող խորհրդանիշներու մասին կը խօսինք, յիշենք նաեւ որ կարմիր կնիքը իշխանաւորներու հեղինակութեան ալ մէկ նշանն է, քանի որ անոնք իրենց պատգամները կը կնքեն կարմիր՝ կարմիր գոյնի թաթխուած կնիքով ու կրկնակի մելանով։

Եւ երբ կը խօսինք նաեւ իշխանութեան եւ հեղինակութեան վրայ, պետութիւններ եւ տէրութիւններ ունին իրենց իւրայատուկ դրօշակները՝ որոնք կը ներկայացնեն անոնց անկախութիւնը, զօրութիւնը, տիրակալութիւնը, եւ շատ պետութիւններ իրենց նուիրական դրօշներուն վրայ ունին ընդհանրապէս կարմիր գոյնը, որ կը ներկայացնէ իրենց մշտնջենական, անջնջելի, անպարտելի գոյութիւնը։ Քանի որ կարմիրը խորհրդանիշն է նաեւ՝ յաղթութեա՛ն։

Մեր առօրեայ կեանքին մէջ ալ, խօսակցութիւններու ընթացքին կը գործածուին զանազան խորհրդանիշեր, զոր օրինակ, առողջ վիճակ մը արտայայտելու համար կ՚ըսենք. «երկաթի պէս եմ», եւ կամ բարձրագոյն, հզօրագոյն, տիրապետող եւ նուաճող նկարագիր մը արտայայտելու համար ընդհանրապէս կը գործածուի «արծիւ»ի նման բացատրութիւնը։ Եւ երբեմն ալ ուժ եւ զօրութիւն արտայայտելու համար կը գործածուի «առիւծաբար» կամ «առիւծի նման» բացատրութիւնները։ Բոլոր այս նմանութիւնները կը գործածուին գաղափար մը, մտածում մը պատկերացնելու համար։

Յաճախ կը կրկնենք, թէ կեանքը պայքար մըն է, պայքա՛ր մըն է աշխատանքով, չարչարանքով լեցուն, բայց այն որ քա՛ջ է եւ համբերատար, ան կը հասնի արժանանալո՛ւ յաղթանակի պսակին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 25, 2017, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 1, 2017