Տ. ԳԱՐԵԳԻՆ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԵՔՃԵԱՆ ԴԻՄԱՒՈՐՈՒԵՑԱՒ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ «ԱԹԱԹԻՒՐՔ» ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ VIP ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔԷՆ
Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ յետմիջօրէին Թրքական օդային ընկերութեան սաւառնակով Քէօլնէն հասաւ Իսթանպուլ։ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը օդանաւին իսկ մօտ դիմաւորուեցաւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Ան միջոց մը հանգիստ առաւ պատուոյ սրահին մէջ։ VIP-ի բաժանմունքի սրահէն ներս իրեն բարի գալուստ մաղթելու համար ներկայ էին նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն Թորոս Աբիկ եւ այլ քանի մը դէմքեր։ Տեղապահ Սրբազան Հօր հետ քաղաքս ժամանեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան։
Պատրիարքարանի պաշտօնական ինքնաշարժով աւելի վերջ Նորին Սրբազնութիւնը առաջնորդուեցաւ Գումգաբու։ Ինքնաշարժներու շարասիւնին միացան նաեւ ոստիկանութեան ինքնաշարժներ։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը Պատրիարքարան մուտք գործեց եւ ողջագուրուեցաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի հետ։ Աւելի վերջ Նորին Սրբազնութիւնը առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարանի երրորդ յարկը, ուր կը գտնուի իր աշխատասենեակն ու ննջարանը։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան միջոց մը հանգիստ առաւ եւ անմիջական ձեւով զրուցեց ներկայ ազգայիններուն եւ հոգեւոր հայրերուն հետ։ Այս կարճ դադարէն յետոյ, Նորին Սրբազնութիւնը իջաւ երկրորդ յարկի ընդունարանը, ուր կարճ զրոյց մը ունեցաւ թրքական մամուլէն քանի մը թղթակիցներու հետ, որոնք փափաք յայտնած էին վերահասու դառնալ իր առաջին պատգամին։
Այս փուլէն վերջ Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւոր միաբանները Նորին Սրբազնութիւնը առաջնորդեցին շէնքէն դուրս, ուր արդէն քահանայից դասը թափօր կազմած կը սպասէր իրենց։ Գումգաբուի մէջ երկար ժամանակ վերջ ուրախութեամբ ղօղանջեցին Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ զանգակները։ Եկեղեցւոյ մուտքին աղ ու հաց հրամցուեցաւ Նորին Սրբազնութեան, որու աւելի վերջ տրուեցաւ շուրջառ եւ եմիփորոն։ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան վարդի ջուր հրամցուց սրբազան տեղապահ հօր, որ խաչն ու գաւազանը ի ձեռին օրհնեց խունկը, աւելի վերջ ալ «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ առաջնորդուեցաւ դէպի Աւագ խորան։
Սաղմոսը քաղելէ վերջ ան տեղապահի ուխտը կատարեց՝ Սուրբ Աւետարանին վրայ դնելով ձեռքը։ Աւելի վերջ ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ապա Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանն ալ իր առաջին պատգամը տուաւ մեր ժողովուրդին (նոյնութեամբ կարդալ մեր յարակից սիւնակին մէջ)։ Արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր։ Այս փուլին մեր հաստատութիւններու վարիչներն ալ ողջունեցին տեղապահ սրբազան հօր գալուստը։
Նորին Սրբազնութիւնը եկեղեցական արարողութենէն վերջ առաջնորդուեցաւ Մայր եկեղեցւոյ խորհրդարանը, ուր տեղի ունեցաւ պատուասիրութիւն մը։ Բոլորը բաժակ բարձրացուցին իր յաջողութեան համար՝ մաղթելով կարողութիւն։