ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ

Պատրիարքական Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ երէկ Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Ժամը 11.00-ին սկսաւ այս ժողովը, որ իր աւարտին հասաւ ժամը շուրջ 14.00-ին։ Սա Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ տեղապահի պաշտօնին պաշտօնապէս ստանձնումէն վերջ տեղի ունեցած առաջին խորհրդակցութիւնը եղաւ Պատրիարքարանի երդիքին տակ։ Ժողովին մասնակցեցան Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, «Միտք» հարթակի ղեկավարներէն Թադէոս Պէպէք, իրաւաբան Սեպուհ Ասլանկիլ, տեղապահ սրբազան հօր Դպրեվանքի դասընկերներէն յայտնի հրատարակիչ Նազար Պիւյիւմ, Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան նախկին ատենապետներէն Թորոս Աբիկ եւ Անդրանիկ Մուրատ Ճինկէօզ (այժմ ամերիկաբնակ), ինչպէս նաեւ Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներէն Սեւան Շէշէթեան։

Այս խորհրդակցութենէն վերջ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան համայնքային մամուլի նկատառման յանձնեց ամփոփ տեղեկութիւններ։ Թէ՛ այդ հաղորդումներէն եւ թէ մեր ունեցած յարակից տեղեկութիւններէն հասկնալի կը դառնայ, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին թափ տալու ուղղեալ աշխատանքները կը սկսին աստիճանաբար։ Մինչ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի գլխաւորութեամբ ճանապարհային քարտէս մը կը մշակուի, համայնքային շրջանակներն ալ կը հետեւին այս նոր իրադարձութիւններուն։

Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Պատրիարքարանէ ներս հերթի փոխանցման հարցը։ Այսինքն, ընդունման-յանձնման կարգ մը կը նախատեսուի Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի միջեւ։ Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւններուն, երէկ առաւօտեան ժամերուն Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան Պատրիարքարանի մէջ սրճած են իրարու հետ եւ ընթացքին սկզբնական խորհրդակցութիւն մը ունեցած են այս նիւթին շուրջ։ Ընդունման-յանձնման համար կը նախատեսուի հոգեւորականներէ եւ աշխարհականներէ բաղկացեալ յանձնախումբի մը կազմուիլը։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ Փետրուարին, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հովանաւորութեան ներքեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն ժամանակ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազաններուն միջեւ արդէն համաձայնութիւն մը գոյացած էր այս մասին։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած համապատասխան յայտարարութեան մէջ ալ մատնանշուած էր յանձնախումբի մը կազմութեան ընդունման-յանձնման կարգի մը կազմակերպումը։ Հիմա ուրեմն այդ ժամանակ մշակուած ծրագիրը աստիճանաբար ի կատար կ՚ածուի։

Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ մեզի յայտնեց, որ հաւանաբար շուրջ տասնհինգ հոգիէ բաղկացեալ յանձնախումբ մը ըլլայ այս մէկը։ Այդ յանձնախումբին մաս պիտի կազմեն Պատրիարքարանի ելմտական յանձնախումբի հին եւ այժմու կազմերէն դէմքեր, հնագէտներ, վերջին շրջանին Պատրիարքարանէն ներս դիւանապետի պաշտօն վարած հայրեր եւ այլք։ Արդարեւ, կրօնական ժողովի ատենապետին խօսքերով մի միայն դրամատան հաշիւներու կամ գումարներու փոխանցման մասին չէ խօսքը։ Պատրիարքարանի մէջ կան գոյքեր, պատրիարքներուն կողմէ օգտագործուած զանազան զարդեր։ Այդ բոլորը ցուցակագրուած են եւ հիմա պէտք է փոխանցուին պաշտօնապէս։

Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմնի մը կազմաւորման նիւթը։ Խորհրդակցութեան մասնակիցները ընդգծած են այդ մարմնի կազմուելու կարեւորութիւնը։ Ներկայիս կը նախատեսուի, որ ամսոյս երրորդ շաբթուան մէջ լայնախարիսխ հանդիպում մը տեղի ունենայ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ։ Այդ հանդիպման պիտի հրաւիրուին համայնքային հաստատութիւններու ներկայացուցիչները եւ բարերարներ։ Այդ հիման վրայ ալ պիտի կազմուի նախաձեռնարկ մարմինը։ Թէ՛ համայնքային մարմիններու ղեկավարութեանց եւ թէ շարք մը անհատ բարերարներու ուղղեալ նամակներ կը պատրաստուին այս օրերուն եւ տեղապահ սրբազան հօր ստորագրութեամբ անոնք փութով պիտի ուղարկուին իրենց հասցէատէրերուն։

Երէկուան խորհրդակցութեան աւարտին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց մասնակցութեան համար։ Խորհրդակցութեան մասնակիցներն ալ յաջողութեան ու կարողութեան մաղթանքներ յղեցին Նորին Սրբազնութեան։

Երէկ Պատրիարքարանի մէջ առիթն ունեցանք զրուցելու Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի հետ, որ մեզի յայտնեց, թէ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին եւ Քէօլն կատարելիք այցելութենէն վերջ, ամսոյս կէսին պիտի վերադառնայ Պոլիս եւ այդ ժամանակ կը նախատեսէ նաեւ նիստի հրաւիրել Կրօնական ժողովը։ Նորին Սրբազնութեան կարծիքը շօշափեցինք նաեւ երէկուան ժողովին առընչութեամբ։ Ան ընդհանուր առմամբ գոհ էր կատարուած աշխատանքէն եւ անոր արդիւնաւէտութենէն։ Նորին Սրբազնութիւնը մեզի յայտնեց, որ աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր կը բացակայի Պոլիսէն, հետեւաբար լաւ չի ճանչնար համայնքը։ Այս պայմաններուն ներքեւ, առաջին առթիւ փափաքած է խորհրդակցիլ այն անձերուն հետ, որոնք Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ստեղծուած վերջին տագնապալի շրջանին միշտ մօտ եղած են իրեն եւ համախոհ։ Նորին Սրբազնութեան Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մտերիմ դասընկերը՝ Նազար Պիւյիւմ այդ ընթացքին անմիջական կապ պահած է համախոհներու այդ խումբին հետ։ Ուստի, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանն ալ Նազար Պիւյիւմի հետ աշխատած համայնքային գործիչները առաջին փուլին հրաւիրած է խորհրդակցութեան։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան վաղը Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ պիտի նախագահէ Հոգեգալստեան տօնակատարութիւններուն։ Վաղը երեկոյեան ան Իսթանպուլէն պիտի ուղեւորուի Երեւան՝ կէս գիշերի ուղիղ թռիչքով։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, տեղապահ սրբազան հայրը պիտի մասնակցի Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին, որ պիտի գումարուի 6-9 Յունիս թուականներուն։ Այս ժողովին պիտի մասնակցին նաեւ Պոլսոյ Աթոռի միւս երկու սրբազանները՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, ինչպէս նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Թորոս Աբիկ եւ Տիգրան Ալթուն։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ուղղակի պիտի անցնի Քէօլն, ուր յաջորդ շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի ընդհանուր ժողովը։ Այս փուլին Նորին Սրբազնութիւնը թեմակալ առաջնորդի իր լիազօրութիւններն ու պարտականութիւնները մեծաւ մասամբ պիտի փոխանցէ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեանին, որ այս օրերուն ալ կ՚ընկերակցի իրեն։

Շաբաթ, Յունիս 3, 2017