ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԸ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ պատարագեց տեղւոյն հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ եկեղեցւոյ բակէն ներս գտնուող թաղի նախկին երէցներէն Տէր Վահրամի շիրմին մօտ, ինչ որ ըստ ընկալեալ սովորութեան ամէն տարի կը կատարուի Հոգեգալստեան տօնին օրը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Նորին Սրբազնութիւնը հիւրընկալուեցաւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեանի եւ իր ընկերներուն կողմէ։ Սիրոյ սեղանի ընթացքին Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան օրհնեց Ս. Խաչ եկեղեցիէն ներս ծաւալուած գործունէութիւնը եւ պատասխանատուներուն յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017