ԿԱՐԵՒՈՐ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան, Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն հասան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Պոլսոյ Պատրիարքութեան երեք սրբազանները երէկ գիշերուան ուղիղ թռիչքով Իսթանպուլէն հասան Երեւան։ Իրենց հետ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ իր ընկերակիցները դիմաւորուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչներուն կողմէ եւ առաջնորդուեցան Մայրավանք։ Սա կարեւոր համատեղ ուղեւորութիւն մըն է, որ կ՚իրականացուի Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի՝ որպէս պատրիարքական տեղապահ պաշտօնի ձեռնարկելէն վերջ։ Այս ուղեւորութեան կարեւորութիւնը կը բիւրեղանայ թէ՛ իր շարժառիթին եւ թէ իր առթած միասնականութեան տպաւորութեան մէջ։ Արդարեւ, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի երեք սրբազանները վերջին անգամ անցեալ Փետրուարին այցելած էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ սեղանի վրայ դրած էին մեր համայնքի խնդիրները ու փորձած էին լուծումներ

գտնել անոնց համար։ Փետրուարի այդ խտացեալ խորհրդակցութիւններէն վերջ թէեւ պատահեցան իրերայաջորդ գայթակղութիւններ եւ ալեկոծեալ շրջանէ մը անցաւ մեր համայնքը, սակայն ի վերջոյ ներկայիս անբաղդատելիօրէն աւելի դրական կացութիւն մը ստեղծուած է Պատրիարքական Աթոռին շուրջ ու մեր համայնքն ալ լիցքաթափուած է յարաբերաբար։ Այս իրավիճակին մէջ է, որ Պոլսոյ Աթոռի երեք սրբանզանները դարձեալ միասնաբար ուղեւորուած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Վաղը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարգեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ պիտի գումարուի Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովը, որու աշխատանքները պիտի շարունակ-ւին մինչեւ Ուրբաթ՝ Յունիսի 9-ը։ Տեղապահ Սրբազան Հօր կողմէ գլխաւորուած Պոլսոյ Աթոռի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, յանուն հոգեւորականաց դասուն Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, ինչպէս նաեւ երկու աշխարհականներ՝ Թորոս Աբիկ եւ Տիգրան Ալթուն։ Այս կազմը նշանակուած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի կողմէ։

Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին մասնակցելէ վերջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն պիտի մեկնի Քէօլն։ Իր հետ պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան։ Անցեալ Հինգշաբթի այս վերջինը տեղապահ Սրբազան Հօր հետ Քէօլնէն եկած էր Իսթանպուլ եւ շաբաթավերջը քաղաքիս մէջ անցընելէ վերջ նոյնպէս երէկ գիշերուան թռիչքով մեկնեցաւ Երեւան։ Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովէն վերջ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան միասնաբար պիտի ուղեւորուին Քէօլն՝ Գերմանիոյ Հայոց Թեմի տարեկան հերթական ընդհանուր ժողովին առթիւ։ Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, այդ հաւաքի ընթացքին Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան իր առաջնորդական պարտականութիւններն ու լիազօրութիւնները մեծաւ մասամբ պիտի փոխանցէ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեանին։

Կը նախատեսուի, որ տեղապահ Սրբազան Հայրը այս ուղեւորութիւններէն վերջ ամսոյս կէսերուն վերադառնայ Իսթանպուլ եւ իր վերադարձով թափ պիտի ստանայ նաեւ պատրիարքական ընտրութեան նախապատրաստութիւններու գործընթացը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթ մը վերջ պիտի վերադառնայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, իսկ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան քաղաքս պիտի վերադառնայ յառաջիկայ Ուրբաթ։

Երկուշաբթի, Յունիս 5, 2017