ՍԻՐԵ՜ՆՔ ԶԻՐԱՐ…
Որեւէ բան յանձնարարել, գործ մը առաջարկել եւ կամ պատուիրել ո՜րքան դիւրին է՝ առանց գործի միա՛յն խօսիլ, ըսել եւ ո՛չինչ ընել այդ մասին…։
Իրապէ՛ս, կարծեմ, ամենէն դիւրին բանն է՝ խօսիլ, առանց իրականացնելու խօսքը, ըսել՝ առանց գործադրելու ըսուածը։ Դիւրին է, եւ նո՛յնքան խաբէական, քանի որ երբ խօսքը եւ գործը համապատասխան չէ, խօսքը չունի որեւէ պատասխանատուութիւն եւ այդ պատճառով ալ վստահութիւն ներշնչելէ շա՜տ հեռու է։ Ուստի որեւէ խօսք, եւ մանաւանդ յանձնարարութիւն, պէ՛տք է գործով հաւաստի եւ վստահելի՛ դառնայ։
Այսօրուան մեր խորհրդածութեան վերնագիրը շատ սովորական յանձնարարութիւն մըն է՝ «Սիրե՜նք զիրար»։ Սովորական եւ աւանդական, քանի որ դարերէ՜ ի վեր կ՚ըլլայ այս յանձնարարութիւնը մարդոց, եւ սակայն մարդիկ միշտ կը նախընտրեն ատելութիւնը՝ փոխանակ սիրոյ։ Մարդիկ աւելի թշնամի են իրարու քան բարեկամ, իսկ բարեկամութիւններու մեծամասնութիւնն ալ քօղարկուած եւ կեղծուած է, քանի որ անոնց մէջ անկեղծութենէ աւելի նենգութիւն կա՛յ։
Եթէ մարդիկ իրապէս եւ անկեղծօրէն զիրար սիրէին, ի՞նչ պէտք պիտի ըլլար յաճախ կրկնելու եւ յանձնարարելու. «Սիրե՜նք զիրար…»։ Առօրեայ կեանքի մէջ ալ կը հարցուի. «Կը սիրե՞ս, այս կամ այն». եթէ սիրելը սովորական ըլլար ի՞նչ պէտք ունէին մարդիկ յաճախ հարցնելու այս «անիմաստ» հարցումը։ Բայց սէրը ստոյգ չէ, չէ՛ եղած երբեք, եւ միշտ կասկածելի, միշտ կեղծ, միշտ քօղարկուած…։
Զոր օրինակ, բարեկամդ, ընկերդ, վստա՞հ ես որ կը սիրէ քեզ։ Խօսքով թերեւս այո՛, շա՜տ դիւրին է խօսքով սիրել։ Բայց գործնականի մէ՞ջ. վտանգի մը պարագային, օրինակ, քիչ սիրող կարծուած «բարեկամ»դ, «ընկեր»դ, կը յայտնէ՞ իր սէրը, զոհողութիւն մը յանձն կ՚առնէ՞ քեզի համար, թէ ոչ՝ պատճառաբանութիւններ յայտնելով՝ «ջուրը պատէն վեր կը հանէ»։
Յոռետես երեւիլ չենք ուզեր, բայց կեանքը ամբողջ, մարդկային փոխյարաբերութիւնները ընդհանրապէս, չըսելու համար «բոլորովին», խաբէութիւններու, կեղծաւորութիւններու, պատրանքի վրայ է հաստատ-ւած։ Քօղարկուած, ծածուկ նպատակը միշտ կը գերազանցէ բուն, իսկական նպատակը՝ ո՞վ անկեղծ է եւ ո՞վ կեղծաւոր յայտնի չէ՜. բարեկամներու ծածուկ թշնամիներ ըլլալու իրականութիւնը երբեք անակնկալ մը չէ՛ այս պարագաներուն տակ։ Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ տարի՜ներ «բարեկամ» կարծուած մէկը իրականին «թշնամի» մըն է եղեր, ո՜վ գիտէ թերեւս թշնամիի մը վերածուեր է, եւ փոխադարձաբար տեւական «թշնամի» կարծուած մէկը կրնայ բարեկամի վերածուիլ յանկա՛րծ։
Ի՛նչ որ ալ ըլլայ, խաբէութիւն մը, կեղծիք մը կը տիրապետէ ամէնուրեք, ամէն շրջանի մէջ։
Մարդիկ տեւական կ՚երգեն ու կը մաղթեն. «սէ՜ր, խաղաղութի՜ւն, հաշտութի՜ւն, հաճութի՜ւն», բայց շարունակ զիրար կ՚ատեն, խռովայոյզ են, անհամաձայնութիւններ կը ստեղծեն եւ անոնցմով կը սնանին, միշտ դժգոհ, միշտ տրտնջող, մի՛շտ տհաճ են։ Լաւ ուրեմն, ո՞ւր մնաց երգին խօսքերը, երգին տպաւորութիւնը, երբ չի գործադրուիր անոր մէջ արտասանուած մաղթանքները։
Արդարեւ, մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Ի՞նչ կը խորհիք իմ սիրելի՜ բարեկամներ, կա՞յ աշխարհի վրայ այս ստուգանիշով սէր. թերեւս կայ բայց հազուագիւտ, որուն ենթական կ՚անուանուի «հերո՛ս» կամ «դիւցազն»։ Եւ այս իմաստով քանի՞ բարեկամ անկեղծութեամբ՝ համակրական իմացականութեամբ կը վարուին իրարու հետ։ Եւ քանի՞ բարեկամ տիպարը կրնայ ըլլալ «մեծագոյն սիրոյ»՝ զոհելով իր կեանքը իր բարեկամին համար։ Բայց այսօրուան բարեկամները, միշտ լաւ օրերու, զուարթ օրերու բարեկամներ են, եւ երբ հասնին խաւար օրեր, վշտալի եւ տառապանքի օրեր, տառապալից շրջաններ այդ «բարեկամ» կոչուածներէն ո՛չ մէկը կը մնայ, իսկ եթէ մնայ մէ՛կ բարեկամ մը, ահաւասիկ անիկա է իսկական իմաստով անկեղծ բարեկա՛մը։ Եւ այս իմաստով, մարդ քանի՞ բարեկամ կրնայ ունենալ։ Միա՛յն մէկ, թերեւս երկու, եւ երրորդը խնդրական է՝ չըսելու համար անկարելի՛։
Եթէ մարդ երկու իսկական բարեկամ ունենայ, եւ կամ կարծէ ունենալ, շատ հաւանական է որ ան պիտի ըլլայ մէ՛կ՝ կեանքի ընթացքին մէջ, քանի որ պայմաններու, դիրքերու, վիճակներու փոփոխութիւնները պիտի ազդէ բարեկամութեան վրայ եւ գոնէ մին պիտի հեռանայ, այն՝ որ իսկական իմաստով «բարեկամ» չէ՛…։
Փորձեցէ՛ք, սիրելի՜ բարեկամներ, բարեկամութիւնները յարաբերական են եւ փոփոխութիւն ցոյց կու տան անձերու դիրքին, վիճակին եւ նոյնիսկ առողջական վիճակին համեմատ։ Մարդ «բարեկամ» է երբ առողջ է, յաջող, հռչակաւոր, հարուստ, երեւելի, մինչեւ իսկ գեղեցիկ, իսկ հիւանդագին, ձախողած, աննշան, աղքատ, անշուք եւ տգեղ մարդուն իսկական անկեղծ բարեկամ ունենալը բոլորովին պատահական է եւ բացառութի՛ւն։ Բարեկամութիւնը ուրեմն, ընդհանրապէս փոխադարձ շահու՝ ո՛չ միայն նիւթական, այլ բարոյական շահու հարց մըն է։ Ինքնախաբէութիւն է, կատարեալ միամտութի՛ւն, քանի որ կեանքի ճշմարտութիւնն է ասիկա՝ յուսալ իրական բարեկամ ունենալ կեանքի մէջ։ Այո, անշուշտ կան ազնիւ բացառութիւններ, բայց այնքան հազուագիւտ, որ կը մնան աննշան, եւ իրապէս բացառութի՛ւն։
Ուրեմն, ի՜նչ պիտի արժէ խօսիլ տեւական սիրոյ, անկեղծութեան, բարեկամութեան, հաւատարմութեան վրայ, երբ տիրականն ու սովորականն է՝ ատելութիւնը, նենգամտութիւնը, խաբէութիւնը, պատրանքը, կեղծաւորութիւնը, եւ անտարբերութի՛ւնը։ Եւ եթէ կա՛յ սէրը, ապա ուրեմն մարդիկ ինչո՞ւ կը նախընտրեն ատելութիւնը, եւ եթէ կայ խաղաղութիւնը, ինչո՞ւ խռովութիւններ ստեղծելու պահանջքը կը զգան մարդիկ։ Կարծես խաղաղութիւնը, հաշտութիւնը կ՚անհանգստացնէ մարդիկ, եւ կը մերժեն ամէն բարութիւն։ Եւ եթէ կա՛յ բարեկամութիւն, ինչո՞ւ այսքան թշնամութիւն։
Հասկնալու մէջ դժուարութիւն կը կրեն ողջախոհ, բարեմիտ մարդիկ, արդեօք բարեկամ շահելէ աւելի դիւրի՞ն է թշնամի շահիլը, եւ այդ իսկ պատճառո՞վ է որ մարդիկ բարեկամութենէ աւելի թշնամութիւնը կը նախընտրեն՝ աւելի դիւրին ըլլալո՞ւն համար։ Իսկ եթէ մարդիկ սէր ունենան, չափաւոր եւ համեստ, հաւասարակշռուած եւ խոնարհ, կեանքը շա՜տ աւելի տանելի եւ հաճելի պիտի ըլլայ՝ արդքան դժուա՞ր է ասիկա հասկնալ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս, 29, 2017, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024