ԳՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐ

Երեւանի մէջ Մատենադարանի երդիքին տակ բացուեցաւ «Լեհահայեր. գրչութեան աւանդոյթներ» խորագրեալ ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լվովի Հայկական Թեմի հիմնադրութեան 650-ամեայ յոբելեանին ձօնուած այս ցուցահանդէսը բացուեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Ներկայացուեցաւ այն հրովարտակը, որով 1367 թուականին լեհլիթուական Քազիմիր մեծ թագաւորը Գրիգոր Եպիսկոպոսին իրաւունք տուած էր թեմ հիմնելու եւ Լվով քաղաքը դարձնելու այդ թեմին նստավայրը։

Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնակատար Վահան Տէր-Ղեւոնդեան այս առթիւ յայտնեց, որ ցուցահանդէսի ծիրէն ներս ներկայացուած են շուրջ 40 ձեռագրեր, որոնք գրուած են Լեհաստանի զանազան քաղաքներուն մէջ. օրինակ՝ Լվով, Քրաքով եւ այլն։ Ցուցադրուած են աւետարաններ, պատմական կամ փիլիսոփայական բնոյթով, բժշկագիտական երկեր, վաւերագրեր, որոնք կը վերաբերին լեհահայ համայնքին։ Որոշ ցուցանմոյշներ առաջին անգամ ներկայացուած են հանրութեան։

Ցուցահանդէսին ներկայ գտնուեցաւ Փրոֆ. Քրիստոֆ Սթոքքա, որ այս առթիւ Լեհաստանէն Հայաստան հրաւիրուած էր։ Հիւր գիտնականին, «Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետայլ շնորհուեցաւ՝ Լեհաստանի հայ համայնքի պատմութեան ուսումնասիրութեան բնագաւառէն ներս տարած աշխատանքին, Մատենադարանի հետ ծաւալած արդիւնաւէտ գիտական համագործակցութեան, Լեհաստանի մէջ «Լեհահայեր» առաջին հայագիտական հանդէսի ստեղծման ուղղութեամբ ունեցած աւանդին համար։

Ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Երեւանի մօտ Լեհաստանի դեսպան Եէժի Մարէք Նովաքովսքի, որ Մատենադարանի տնօրէնութեան շնորհակալութիւն յայտնեց։ Ան արտայայտեց նաեւ իր երախտագիտութիւնը պատմաբան Փիրուզ Մնացականեանի նկատմամբ, որ ստանձնած էր այս ցուցահանդէսի կազմակերպչական պատասխանատուութիւնը։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017