ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՑՈՒՄ

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Յունական Կիպրոս։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առթիւ ընդունուեցաւ Յունական Կիպրոսի ղեկավար Նիքոս Անաստասիատիսի կողմէ։ Ողջունելով Վիգէն Սարգսեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան այցելութիւնը՝ Անաստասիատիս յոյս յայտնեց, թէ սա նոր խթան մը կը հանդիսանայ դարաւոր բարեկամութեան վրայ խարսխուած երկկողմանի համագործակցութիւնը խորացնելու համար։ Անաստասիատիս նաեւ բարձր գնահատեց կիպրահայ համայնքին դերակատարութիւնը ու միեւնոյն ժամանակ ներկայացուց Կիպրոսի խնդրին վերաբերեալ վերջին զարգացումները։

Իր կարգին, Վիգէն Սարգսեանն ալ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։

Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս Վիգէն Սարգսեան հանդիպումներ ունեցաւ Յունական Կիպրոսի պետական աւագանիէն զանազան դէմքերու հետ։ Մինչ այդ, երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները ստորագրեցին համաձայնագիր մը, որու նպատակն է խորացնել երկկողմանի յարաբերութիւնները։

 

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017