ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ

Թուրքիոյ եւ Գերմանոյ միջեւ ներկայիս հնարաւոր չ՚ըլլար միջին եզր մը գտնել՝ յաղթահարելու համար այն տարակարծութիւնները, որոնք առկայ են երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Անգարայի եւ Պերլինի ղեկավարութիւնները թէեւ ունին սկզբունքային պատրաստակամութիւն՝ փակուղիէն դուրս գալու համար, սակայն չեն կրնար հասնիլ գործնական արդիւնքի մը։

Երէկ, Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սիկմար Կապրիէլ այցելեց Անգարա, ուր ընդունուեցաւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։ Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ ջնջեց գերման նախարարին հետ ժամադրութիւնը։ Թէեւ կային դրական սպասումներ, սակայն Կապրիէլի այցը չարդարացուց զանոնք։ Կողմերը համաձայնութեան չհասան մասնաւորապէս Ինճիրլիքի ռազմախարիսխի հարցին շուրջ։ Թուրքիա առայժմ յարմար չի դատեր, որ գերման խորհրդարանականներ այցելեն Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը, ուր կը պաշտօնավարեն Գերմանիոյ բանակէն զօրքեր։

Կառավարութեան բանբերը՝ փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ երէկ յայտնեց, որ նախարարներու հանդիպումը ինքնին դրական քայլ մըն է։ Կողմերը ունին քաղաքական կամք՝ Ապրիլի 16-ի հանրաքուէէն առաջ յառաջացած լարուածութիւններուն վերջ տալու համար։ Ըստ բանբերին, Մեւլիւտ Չավուշօղլու կրկնած է Թուրքիոյ զգայնութիւնները։ Նախարարը փոխանցած է թրքական կողմին ակնկալութիւնները՝ որպէսզի Գերմանիոյ մէջ աջակցութիւն չգտնեն հակաթուրք ահաբեկչական կազմակերպութիւնները եւ որեւէ ձեւով աջակցութիւն չվայելեն։ Քուրթուլմուշ յիշեցուց, որ Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը կը պատկանի Թուրքիոյ եւ ներկայիս յարմար չի նկատուիր այնտեղ գերման խորհրդարանականներու այցը։ Մնացեալը պիտի ըլլայ գերմանական կողմին ինքնուրոյն որոշումը՝ ներառեալ զօրքերու դուրս բերուիլը։

Կապրիէլն ալ Անգարայի մէջ յայտնեց, որ Գերմանիոյ Սահմանադրութեան տրամադրութիւններով՝ բանակը կը պատկանի խորհրդարանին, ուստի խորհրդարանականներու այցելութեան թոյլտուութիւն չըլլալը անընդունելի է իրենց համար։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017