ՎԱՐՉԱԿԱՆ ՎԵՐԱԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒՄ

ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Այս առաւօտ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովի նիստը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, այս ժողովը պիտի շարունակուի մինչեւ յառաջիկայ Ուրբաթ՝ Յունիսի 9-ը։ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու դահլիճի երդիքին տակ բացման նիստը սկսաւ աղօթքով ու Վեհափառ Հայրապետի պատգամով։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ թեմերէն եւ կառոյցներէն հոգեւորական եւ աշխարհական ներկայացուցիչներ կը մասնակցին այս հաւաքին։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռն ալ ներկայացուած է՝ տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեան մը կողմէ։ Այդ պատուիրակութեան կազմին մէջ են՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, ինչպէս նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան՝ որպէս միաբանութեան ներկայացուցիչ։ Տեղապահ Սրբազանին կողմէ նշանակուած պատուիրակութեան աշխարհական անդամներն են՝ մեր ազգայիններէն Թորոս Աբիկ եւ Տիգրան Ալթուն։

Բացման նիստին նախատեսուած է Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի զեկուցումը։ Երբ թերթս կը յանձնէինք մամուլին, Նորին Սրբազնութեան ելոյթը կը շարունակուէր։

*

Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովը շատ կարեւոր հարթակ մըն է՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ արդի մարտահրաւէրներու քննարկման տեսակէտէ։ Այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու նպատակով, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գլխաւորութեամբ, եկեղեցին պայքար կը մղէ զանազան առանցքներու շուրջ։ Այս առումով ճակատագրական նշանակութիւն ունի Հայ Եկեղեցւոյ վարչական վերակազմակերպումը, վերակառուցումը։ Սա յարափոփոխ գործընթաց մըն է, որ հրատապ դարձած է մասնաւորապէս վերջին շուրջ քառորդ դարուն՝ Հայաստանի անկախացման զուգահեռ։ Սովետական տարիներու սահմանափակումներէն, ճնշումներէն եւ կաշկանդումներէն վերջ, Հայ Եկեղեցին հնարաւորութիւն ունեցած է գործելու ազատ ու անարգել ձեւով։ Վերջին աւելի քան քսանհինգ տարիներու փորձառութիւնը լիուլի բաւարար եղած է՝ պատկերացնելու համար, թէ ազատ ու անարգել ըլլալը տակաւին բաւարար չէ եկեղեցւոյ լիարժէք գործունէութեան համար։

Այս ամբողջ գործընթացը համընկնած է առաւել չափով Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան տարիներուն։ Վեհափառ Հայրապետը չէ վարանած բոլոր ուղղութիւններով նոյնաժամանակ արմատական փոփոխութիւններու ձեռնամուխ ըլլալ՝ այդ բոլորը համարելով անյետաձգելի։ Այս առումով ան իսկապէս յեղաշրջած է Հայ Եկեղեցւոյ կեանքը։ Ճիշդ է, որ Նորին Սրբութիւնը իր ծաւալած գործունէութեան շնորհիւ ձեռք բերած է մեծ հեղինակութիւն եւ այդ մէկը առաջին իսկ օրէն ծառայեցուցած՝ Հայ Եկեղեցւոյ վարկի բարձրացման ու Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ձգողականութեան անհամեմատ մեծացման համար։ Բայց եւ այնպէս, ան նպատակադրած է այդ բոլորը անհատական հարթութենէն տեղափոխել կառուցուածքային դաշտ։ Այս կէտին վրայ է, որ կը բիւրեղանայ վարչական վերակազմակերպութեան կարեւորութիւնը։ Հայ Եկեղեցւոյ գործունէութեան կանոնական հիմքերու ամրապնդումը, անոր կեանքէն ներս օրէնքներու զարկ տրուիլը կրնայ գետին պատրաստել կայունութեան եւ ոստումի։ Արդարեւ, այդ բոլորը կրնան Հայ Եկեղեցին ամրապնդել իր ամբողջութեան մէջ եւ անոր կարգավիճակը կրնան բարձրացնել հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ուստի, պատահական չէ, որ երկար տարիներէ ի վեր յամառ աշխատանք կը տարուի Հայ Եկեղեցւոյ ներքին կառուցուածքային յարաբերութիւնները վերաձեւաւորելու համար։ Թեմերէ ներս, գոնէ ընդհանուր սկզբունքներու առումով հնարաւորինս նոյնանման կանոնադրութիւններու հաստատման աշխատանքները եւս այս ծիրին մաս կը կազմեն, բնականաբար, տեղական առանձնայատկութիւններու առանց անտեսման։

Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովը այս բոլորին տեսակէտէ ունի չափազանց կարեւոր նշանակութիւն։ Թեմական ներկայացուցիչներու մակարդակով խորհրդակցութիւններու ձեւաչափին մէջ ձեռնարկուած աշխատանքի մը արդիւնքն է այս մէկը, որ այժմ կայացած կը համարուի Վեհափառ Հայրապետի տեսլականով։ Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովը վերածուած է մարմնի մը, որ Հայ Եկեղեցւոյ վարչական ու կանոնական վերակազմակերպման մղիչ ուժերու շարքին կը դասուի՝ մասնաւորապէս համապատասխան քայլերը լայնախարիսխ համաձայնութեան մը գետնին վրայ կեանքի կոչելու առումով։

Ներկայ նստաշրջանի օրակարգին վրայ կը գտնուին շարք մը կարեւոր հարցեր։ Տեղական, մասնակի կամ ընդհանուր բնոյթով ցարդ մշակուած զանազան կանոնադրութիւններու նախագիծեր կը քննարկուին այս օրերուն եւ այս բոլորը առաւել եւս կարեւորութիւն կը ստանան՝ յառաջիկայ տարի նախատեսուած Ազգային-եկեղեցական ժողովին ընդառաջ։ Նստաշրջանի տեւողութեան մասնաւորապէս ուշադրութիւն կը կեդրոնացուի՝ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի կանոնադրութեան եւ Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովի իր իսկ կանոնադրութեան վրայ։ Նախատեսուած է նաեւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամներու կազմի վերանորոգութիւնը։ Այսպէս, ԳՀԽ-ի անդամներուն երկու երրորդը կ՚ընտրուի Եկեղեցական ներկայացուցչական ժողովին ըողմէ, իսկ մնացեալ մէկ երրորդի նշանակման իրաւասութիւնը վերապահուած է Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։ Այս կարգադրութիւնն ալ ունի իր հիմնաւորումն ու տրամաբանութիւնը։ Արդարեւ, կրնան ըլլալ անձեր, որոնք սեփական վարկի վերաբերեալ մտահոգութիւններով կրնան չփափաքիլ թեկնածութիւն ներկայացնել քուէարկութեան ժամանակ։ Կաթողիկոսին վերապահուած այդ նշանակման իրաւասութեան շնորհիւ՝ ԳՀԽ կրնայ չզրկուիլ այդպիսի արժանի անձերու պաշարէն։

Երեքշաբթի, Յունիս 6, 2017