«ՄԻՍՍ ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՐՑՈՅԹԸ ՆՈՐ ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻՆԵՐ ԿԸ ԲԱՑԱՅԱՅՏԷ
«Միսս Հայաստան» գեղեցկութեան համահայկական մրցոյթը տեղի կ՚ունենայ Սեպտեմբերի 15-ին։ Մասնակցութեան համար կը նախընտրուին 17-26 տարեկան 20-25 գեղեցկուհի։ Յաղթողը հնարաւորութիւն կ՚ունենայ Հայաստանը ներկայացնել միջազգային հեղինակաւոր գեղեցկութեան մրցոյթներուն ընթացքին։ Յաղթողին դրամական պարգեւ եւ նուէրներ կը յանձնուին։
Այսպէս, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի Սփիւռքի փոխ-նախարար Սերժ Սրապիոնեան, Հայաստանի Մշակոյթի փոխ-նախարար Արեւ Սամուէլեան, «Միսս Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ, մրցոյթի կազմակերպիչ, «Միսս ԱՊՀ-1999», «Միսս Կլոպ-2009» տիտղոսակիր գեղեցկուհի Գոհար Յարութիւնեան, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սուրէն Նալճեան եւ սուրիահայ ձեւաւորող, «Շատոյեան ֆեշըն» նորաձեւութեան արուեստանոցի տնօրէն Գէորգ Շատոյեան:
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդմամբ, ասուլիսին ընթացքին բանախօսները ներկայացուցին «Միսս Հայաստան» հիմնադրամի նախագահին նախաձեռնութեամբ, Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ «Միսս Հայաստան» գեղեցկութեան համահայկական մրցումին ընթացակարգը, կանոնները, ընդգծեցին համահայկական մրցում կազմակերպելու կարեւորութիւնը:
«Մրցոյթին մասնակցիլ փափաքողները կրնան մինչեւ Յուլիսի 15-ը արձանագրուիլ մեր կայքէջին եւ մասնակցիլ նախընտրական փուլին, որ փակ պիտի ըլլայ։ Արտերկրի մասնակիցները կրնան առցանց իրականացնել նախընտրական փուլերն ու հրաւիրուիլ միջոցառման։ Մայրաքաղաքի մէջ ապրող երիտասարդուհիներու համար նախընտրական փուլը տեղի կ՚ունենայ Երեւանի մէջ, իսկ մարզերուն մէջ ապրող երիտասարդուհիներու համար՝ մարզերէն ներս», նշեց Գոհար Յարութիւնեան։ Անոր խօսքերով՝ իրենք շեշտը կը դնեն մասնակիցներու խօսակցութեան, հայկական արտաքինի, ժպիտի, կրթութեան վրայ։
Արտերկրէն եւ Հայաստանի մարզերէն Երեւան եկած մասնակիցները վերջին երկու շաբթուան ընթացքին կ՚իջեւանին կազմակերպիչներու տրամադրած հիւրանոցներուն մէջ։ Անոնց անվտանգութիւն ապահովուած պիտի ըլլայ։
«Մասնակիցները կրնան ըլլալ նաեւ անապահով ընտանիքներէ, քանի որ մենք կ՚ընենք ամէն բան, որպէսզի անոնք ծախս չունենան։ Անոնց կը տրամադրենք համապատասխան հագուստ, կօշիկներ եւ այլ կարիքներ։ Եթէ ըլլան երիտասարդուհիներ, որոնք կը փափաքին սեփական միջոցներով հագուստ գնել, մենք արգելք չենք ըլլար», ըսաւ Գոհար Յարութիւնեան։
Իր կարգին, Սերժ Սրապիոնեանն ալ մասնաւորապէս նշեց, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը մեծ պատրաստակամութեամբ արձագանգեց այս նախաձեռնութեան: Սփիւռքի մէջ եւս կ՚ապրին բազմաթիւ գեղեցիկ հայուհիներ, որոնք կրնան ներկայացնել թէ՛ հայ կնոջ գեղեցկութիւնը եւ մտային զարգացման կարողութիւնը եւ թէ հայկական ազգային դիմագիծը: «Միսս Հայաստան»ին յաղթողին պարտականութիւնն է նաեւ Հայաստանը աշխարհին ներկայացնել։ «Մեր երկրին մէջ գեղեցկուհիները շատ են, բայց հայկական սփիւռքէն ներս ալ կան բազմաթիւ հայ երիտասարդուհիներ, որոնք կրնան արժանապատիւ ներկայանալ աշխարհին։ Այս կառոյցի ստեղծումը մեծ լիցքեր կու տայ, որպէսզի աւելի կազմակերպուած տեղի ունենան տարբեր տեսակի գեղեցկութեան մրցոյթներ, որոնց ընթացքին սոսկ անհատը յառաջ քշելու մղում չկայ, այլ ազգային դէմքն ու դիմագիծը հանրութեան ներկայացնելու հնարաւորութիւն», ըսաւ Սերժ Սրապիոնեան։
Մրցոյթին դատակազմի անդամները տակաւին յայտնի չեն։ Կազմին մէջ պիտի ընդգրկուին նորաձեւութեան, երգարուեստի եւ այլ ոլորտներու արհեստավարժ ներկայացուցիչներ։