«ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ՈԳԵՒՈՐՈՒԹԵԱՄԲ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարաններու ընթերցման տօնը։ Դասարանի ուսուցչուհի Ժաննա Մելքոնեանի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած էր օրուան յայտագիրը։ Տղաքը հանդէս եկան զանազան ելոյթներով եւ արժանացան ծափահարութիւններու։ Հանդէսի աւարտին տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեան շնորհաւորեց առաջին դասարանի փոքրիկները եւ անոնց յանձնեց յուշանուէրներ։ Դպրոցէն ներս ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ մը, մինչ առաջին դասարանի փոքրիկները արդէն իրենց առաջին քայլը առած էին կրթական կեանքէ ներս եւ յաջորդ տարուան համար կը ներշնչէին մեծ յոյսեր։

Չորեքշաբթի, Յունիս 7, 2017