ԱԶՆՈՒՈՒԹԵԱՆԴ ԿԱՆԹԵՂԸ ՄԻՇՏ ՎԱՌ ՊԱՀԷ
Կանթեղը իր աննշմարելի ու փոքր լոյսով մթութեան մէջ ճրագ է։ Այդ առկայծուն լոյսը մշտավառ դարձնողը ձէթն է, որ խաղաղութեան ու մաքրութեան խորհրդանիշ է։ Ազնուաբարոյ կանթեղակիր-մարդը իր ուշքն ու կեդրոնացումը սեւեռած կ՚ըլլայ իր ներսիդին դրուած պսպղուն կանթեղին եւ կրակին վրայ, որ չըլլայ թէ թաւալագլոր մրրիկներու եւ այլանդակ մոլութեանց պատճառով ձէթը սպառի ու կրակը ընդմիշտ մարի։
Հոմերոս զէյթունի ձէթը «հեղուկ ոսկի» կը կոչէր: Հին եգիպտացիք ձէթը կ՚օգտագործէին իրենց բազմաթիւ բժշկութիւններու ժամանակ։ Զէյթունի ձէթը բոլոր բուսաիւղերէն ամենէն օգտակարը կը համարուի եւ մարդկային օրկանիզմին վրայ կենարար ու հրաշագործ ազդեցութիւն ունի։ Այդ պատճառով ձէթը ցայսօր կ՚օգտագործուի տարբեր հիւանդութիւններ կանխարգիլու եւ բուժելու նպատակով։
Ազնուութիւնը բուժիչ յատկութիւն ունեցող ձէթի նման մարդու ներսիդին դրուած քանքար մըն է, զոր կը բժշկէ չարութեան թթխմորով շաղախուած ու մոլութիւններով ապականած մարդու հոգին, իսկ ցոլացող կրակը՝ մարդ անհատի բարի վարքն ու բարքն են, որոնք կը դրսեւորուին բարիին հետամուտ եղող ու ձգտող արարքներով։ Ահա այդ հուրն է, որ կ՚այրէ երկմտանքի փուշերդ ու կասկածանքի խոտերդ, կը մոխրացնէ կարծրասրտութեան փայտերդ եւ քաղցրաձայն հրաւէր կը փոխանցէ քեզի՝ որոնելու բարոյական արժէքներու չափանիշները եւ զանոնք պտղաբերելու առօրեայ կեանքիդ ընթացքին։
Չափանիշներու փնտռտուքը եւ որդեգրումը մարդկային փոխյարաբերական կեանքին հետ սերտօրէն աղերսուած հասկացողութիւն է։ Մտայնութիւն մը, որ ընդհանրացած օրինաչափութիւն է մերօրեայ աշխարհակուլ կեանքէն ներս: Խնդիրներ վերլուծելու եւ առողջ դատողութեամբ զանոնք քննարկելու ճիգերը յուսադրիչ աշխատանքի բնոյթ կը ստանան, եթէ անխախտ չափանիշն է անոնց մղիչ ուժը՝ ԱԶՆՈՒՈՒԹԻՒՆԸ: Սակայն այսօր ճշմարիտ չափանիշներու եւ բարոյական սկզբունքներու պաշտպաններ ու հետեւորդներ կա՞ն։
Այսօրուայ այլանդակուած աշխարհին մէջ պատեհապաշտ մօտեցում ցուցաբերողները այնքա՜ն շատցած են, որոնք մէկական «կանթեղաշարեր» են՝ անազնուութեան դատապաշտպաններ։ Պահ մը շրջապատէդ կտրուէ, փորձէ խորաթափանց աչքով եւ անաչառ դատողութեամբ վերլուծել չորսդիդ կատարուող երեւոյթները։ Պիտի տեսնես, որ ազնուութենէն ամբողջապէս դատարկուած մարդիկը՝ կեղծաւորները ստէպ կը խօսին անկեղծութեան մասին, բարոյականութիւն կը քարոզեն՝ անբարոյականները, սիրոյ մասին կը ճառեն՝ ատելութեամբ առաջնորդուողները, գիտուն կը ձեւանան՝ ամենատգէտները, գիւղացիութիւնը կը պախարակեն՝ «քաղքենիները». հայրենասիրութիւն կը ճառախօսեն՝ ազգադաւ անհայրենասէրները, գրականութեան մասին կը խօսին ու կը քննադատեն՝ իրենց կեանքի ընթացքին երկու գիրք կարդացողները, բացայայտ դէմք ցոյց տալու կոչ կ՚ընեն՝ դիմակաւորները, մարդասիրութիւն կը քարոզեն՝ մարդատեացները, այլոց խելք կու տան՝ անխելքները, իրենց գոյութիւնը գերկարեւոր կը համարեն՝ աննշան «ինքնակարեւորուածները», իմաստութեան մասին կը խօսին՝ տմարդի դատարկամիտները, հաւատարմութեան մասին դասախօսութիւն կը կարդան՝ անհաւատարիմները…։ Խաւարած ազնուութի՛ւն…։
Երախան ծնելով հասարակութեան մէջ, տարերայնօրէն կ՚իւրացնէ մարդկային խօսքը, կենցաղի, աշխատանքի եւ մշակոյթի առաւել մատչելի տարրերը։ Ահա այստեղ կը կայանայ ծնողի մը դերը. երախան գիտակից մտքով, բարոյական արժէքներով եւ ազնիւ հոգիով զինել ու դաստիարակել։ Մանկավարժներ դիտել կու տան, որ ծնողական դաստիարակութիւնը ի վիճակի է երախան իր «անտաշ» վիճակէն դուրս բերել եւ զինք ազնիւ ու յարգալիր, բարեկիրթ ու քաղաքավար դարձնել։
Կարգ մը մանկավարժներ դաստիարակութիւնը կը համարեն մարդկային գործունէութեան ամենաբարդ եւ կարեւորագոյն ոլորտը։ Մարդ արարածը միայն դաստիարակութեամբ մարդ կը դառնայ, որովհետեւ անոր մէջ պարփակուած է բնութեան կատարելագործման խնդիրը։ Մարդը ի տարբերութիւն անբան կենդանիներէն, կը ստեղծագործէ, կը կատարելագործէ եւ իր գործունէութեան իմաստ կու տայ։ Իսկ գիտակից մարդը իր մէջ սերմանուած բարոյական արժէքներու սերմերը ո՛չ միայն կը ծլարձակէ, այլեւ գոյապայքար կը մղէ բնութեան հետ՝ իր կեանքի առուակը ճիշդ հունի մէջ դնելու համար։ Այսպիսով ան ո՛չ միայն կը փոխէ բնութիւնը, այլեւ՝ ինքզինքն ու իր շրջապատը։
Ազնուութիւնը մարդու յարաբերութեան եւ ներաշխարհի հիմքն է: Ազնուութիւնը հոգեբանական դրական այն վիճակն է, որով մարդ ուրիշին դիմաց ինքզինք կը բացայայտէ ու կը պարզէ։ Հոգեբանական եզրաբանութեամբ՝ ինքնաբացայայտմամբ (self-revelation) ու ինքնադրսեւորումով (self-manifestation) ներաշխարհի յոյզերդ ու զգացումներդ ուրիշին կը փոխանցես ու զանոնք հաղորդ կը դարձնես։ Ազնուութեամբ կրնաս բնութագրել մարդու ով եւ ինչպիսի անձ ըլլալը: Է, Ռենան կ՚ըսէ. «Ազնուութիւնը մեր ժամանակի իսկական արիստոկրատութիւնն է»։
Հասնելով հասունութեան որոշակի մակարդակի, ունենալով ձեւաւորուած աշխարհայեացք ու քալելու եւ գործելու ցանկութիւն կեանքի խաչմերուկներուն մէջ՝ կը հասկնաս, որ կեանքը կ՚արժեւորուի ազնուութեան, սիրոյ եւ բարութեան մէկտեղմամբ։ Երբ ընդունակ ես Աստուծոյ ստեղծած ամենաթանկ արարածին՝ մարդուն ուրախութիւն պարգեւել եւ դրական յոյզեր յառաջացնել անոր հոգւոյն մէջ, այդ ժամանակ ազնուութեանդ կանթեղը միանգամընդմիշտ կը պսպղայ։ Մարդու ազնուութեան փաստը անոր մեծահոգութիւնն է եւ ոչ թէ՝ ունեցած ու դիզած հարստութիւնը: Ազնուահոգի մարդը իր կեանքի իմաստն ու արժէքը կը տեսնէ իր նմանակիցի աչքերուն մէջ ցոլացող երջանկութեամբ եւ յաջողութեամբ։ Ազնուագործ երիտասարդը իր մարդկային գոյութենական կեանքը կը գեղեցկացնէ եւ կ՚իմաստաւորէ՝ այլոց կեանքը դարձնելով աւելի լուսաւոր ու գունեղ:
Դժուար է կեղծիքով ու ստախօսութեամբ թաթախուած աշխարհին մէջ ազնուութեամբ եւ մեծահոգութեամբ ապրիլ։ Բոլորը ազնիւ եւ մեծահոգի չեն, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ տարբեր նկարագրով ստեղծուած է, խառնուածքով օժտուած է եւ դաստիարակութիւն ստացած է։ Սեփական կենսափորձդ, բացասական ապրումներդ, կեանքի ելեւէջներդ ու ձախորդութիւններդ երբեմն կը չարացնեն քեզ եւ նեղսիրտ կը դարձնեն՝ փակելով ընկերոջդ յաջողութեամբ ուրախանալու եւ անոր նկատմամբ բարի կամք դրսեւորելու հոգւոյդ մէջ հարթուած ուղին: Շատ յաճախ կեղծիքը ազնուութեան որսեր կը փնտռէ, որպէսզի հոգւոյդ մէջ արմատաւորուած ազնուութեան հունտերը սեւցնէ ու տկարացնէ: Բայց եթէ անկոտրում կամքով դիմակայես անոր ոտնձգութիւններն ու շրջանցես լարուած թակարդները, ան չէ որ քեզ իր որսը դարձուցած կ՚ըլլայ, այլ դուն անոր դէմ բարոյական յաղթանակ տարած կ՚ըլլաս։
Եկեղեցւոյ մէջ սրբապատկերի դիմաց մոմ վառելը քրիստոնէական եկեղեցւոյ ամենագեղեցիկ աւանդութիւններէն մին կը հանդիսանայ։ Հին Կտակարանին մէջ կը կարդանք, որ Աստուած Մովսէսի միջոցաւ Իսրայէլի ժողովուրդին պատուիրեց, որ ձիթենիի զուլալ, անարատ ձէթ բերեն՝ վկայութեան խորանի կանթեղին մէջ դնելու ու խորանը լուսաւորելու համար (Հմմտ. Ել 17. 20-21): Յետագային, երբ քրիստոնէութիւնը տարածուեցաւ, մոմը պահպանեց իր կիրառական ու ծիսական նշանակութիւնը նաեւ նորահաստատ քրիստոնէական եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Այլ խօսքով, եկեղեցին լուսաւորելու եւ կատարուող արարողութեանց շքեղութիւն ու տօնականութիւն հաղորդելու համար՝ մոմավառութիւնը մնաց որպէս ծէսի կարեւոր բաղադրիչ մէկ մասը: Սակայն պատճառը միայն լոյս տալու պարագան չէր: Մոմավառութեան սովորութիւնը թէ՛ Հին եւ թէ Նոր Կտակարաններուն մէջ, բացի կիրառական նշանակութենէն՝ ունէր եւ ունի խորհրդաբանական ներքին իմաստ:
Վառուող մոմը կամ կանթեղին մէջ վառուող պատրոյգը առաջին հերթին կը խորհրդանշէ զՔրիստոս եւ ապա՝ քրիստոնեաներս։ Քրիստոս կ՚ըսէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը։ Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ՚առաջնորդէ» (Յհ 8.12)։ Իսկ այլուր կ՚ըսէ. «Դուք էք աշխարհի լոյսը։ Ոչ ոք ճրագը կը վառէ եւ կը պահէ կաթսայի տակ. ընդհակառակը, զայն աշտանակի վրայ կը դնէ, որպէսզի տունին մէջ գտնուողներուն լոյս տայ։ Նոյնպէս ալ, ձեր լոյսը թող այնպէս շողայ մարդոց առջեւ, որ անոնք ձեր բարի գործերը տեսնեն եւ փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքի մէջ է» (Մտ 5. 14-16)։ Քրիստոսի բերած աստուածային լոյսը Ս. Հոգիի զօրութեամբ եւ գործակցութեամբ տարածեցին այդ անմար լոյսը աշխարհով մէկ՝ լուսաւորելով մեր խաւար ու մեղսածին հոգիները:
Ձէթն ու կրակը առանց պատրոյգի չեն վառուիր, նոյնպէս ալ հաւատքը եւ գործը առանց նպատակի անպիտան են։ Կանթեղի լոյսը մարդ անհատի բարի գործերը կը խորհրդանշէ։ Ինչպէս որ վառուող պատրոյգը մարած կանթեղէն կը տարբերի, նոյնպէս ալ ազնիւ վերաբերմունքը՝ կեղծաւորութենէն եւ երկերեսանիութենէն։ Վառուող կանթեղէն լոյս կը ճառագայթէ, իսկ յանգած պատրոյգէն՝ սեւ ծուխ: Նոյնպէս ազնուութեանդ կանթեղէն առաքինութեան լոյսը կը շողարձակի եւ կը թափանցէ շատերու հոգիներէն ներս։ Ինչպէս ձէթն ու պատրոյգը կանթեղը միշտ վառ կը պահեն, այնպէս ալ ազնուութիւնը կը խաղաղեցնէ մրրկահար հոգիդ եւ կը լուսազարդէ խաւարածին հնարքներով մթագնած մտքերը։
Կը պատմուի, թէ ժամանակին բարի եւ հարուստ մարդ մը կար, որ բերքառատ այգի ունէր։ Հարուստ մարդը իր այգին յանձնած էր բարեխիղճ այգեպանի մը, որ ազնուութեամբ իր այգետիրոջ կը ծառայէր։ Այգետէրը, իր հերթին, այգեպանը շատ կը սիրէր եւ անոր թոյլատրած էր օգտուիլ ու ըմբոշխնել այգիի բոլոր բարիքներէն։ Այգետէրը այնքան բարեսիրտ էր, որ իր այգիի պտուղներուն կէսը իր գիւղի աղքատներուն կը բաժնէր։
Ամբողջ գիւղը դրուատիքով հարուստ բարեգործի մասին կը խօսէր, սակայն գիւղի հարուստները կը նախանձէին իրեն եւ կ՚ատէին զինք։ Անոնք նոյնպէս կ՚ուզէին յարգուիլ իրենց շրջապատին կողմէ, բայց ագահ էին եւ ոչ ոքի չէին օգներ։ Հետեւաբար, կ՚որոշեն բարեգործ այգետէրը փորձութեան ենթարկել։
Օր մը, բարեխիղճ այգեպանը, իր սովորութեան համաձայն, աղքատներուն միրգ կը բաժնէր։ Իսկ աղքատները գոհունակ սրտով իրենց տուները կը վերադառնային եւ իրենց աղօթքներուն մէջ հարուստ այգետէրը կը յիշէին։
Հերթական այցելուն աղքատ ու հիւանդ տեսք ունեցող մարդ մըն էր։
-Ա՜խ, պարոն, ամբողջ կեանքս անօթի եւ անտուն թափառեցայ, բայց ոչ մէկէն օգնութիւն ստացայ։ Իսկ հիմա հիւանդ ու անտէր եմ,- կը բացագանչէ աղքատը։
Այգեպանը որթատունկերուն կը մօտենայ՝ աղքատին խաղող տալու համար։
-Սպասէ՛,- յանկարծ հեռուէն կը լսուի այգետիրոջ խիստ ու հրամայական ձայնը։
Այգեպանը անակնկալի կու գայ ու կը նայի իր տիրոջ։ Այգիի տէրը ներկայ աղքատները ուշադիր կը զննէ։ Ծպտեալ աղքատին կը մօտենայ, անոր աչքերուն մէջ կը նայի եւ կը փորձէ անոր հոգւոյն խորքը թափանցել։ Ակնթարթի մը մէջ կը հասկնայ ամբողջ եղելութիւնը, իսկ կարծեցեալ աղքատը սրդողած հողատիրոջ կը նայի։ Այգետէրը հանդարտ եւ մեղմ ձայնով այգեպանին կ՚ըսէ.
-Տղաս, այս մարդուն մեր այգիի ամենալաւ եւ ամենասուղ պտուղը տուր։
Այգեպանը պատուէրը կը կատարէ։ Ստախօս մեծահարուստը շփոթուած, ձեռքը գրպանը կը տանի, սակայն ցնցոտիներուն մէջ դրամ չի գտներ։
-Բան մըն ալ մի՛ վճարեր,- հողատէրը կ՚ըսէ,- արդէն ամենաթանկ գինը՝ քու պատիւդ վճարեցիր։ Իսկ ես քեզի ապրուստի ամենալաւ միջոցը սորվեցուցի՝ ազնուութիւնը, զոր կեանքիդ ուղեկիցը պէտք է դառնայ։
Սիրելի՛ ընթերցող, ազնիւ եւ անազնիւ մարդիկ իրարմէ կը տարբերին ո՛չ միայն իրենց լաւ կամ վատ արարքներով, այլեւ՝ իրենց մտածումով ու նպատակով։ Ազնուութիւնը կը զարդարէ մարդակային կոչումդ, մինչդեռ անազնուութիւնը կը պարպէ քեզ բարոյական արժէքներէն՝ ողջ հոգեկերտուածքդ խոպան անդաստանի վերածելով։ Բարիին կառչելու, կատարեալին ձգտելու, առաքինի վարքով ապրելու եւ մաքրազարդ բարոյականով քրիստոնէական կոչումը արժեւորելու պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը ազնիւ մարդուն յարիր վարքագիծ են։ Եթէ երբեք կ՚ուզես փոխել արտաքին աշխարհը եւ շրջապատուիլ ազնուախոհ մարդոցմով ու ընկերներով, ապա նախեւառաջ ներքին աշխարհդ պէտք է փոխես եւ արմատախլես չարատունկ որոմները։ Ազնուութիւնը առկայծող կանթեղի նման կ՚արտացոլայ քու նկարագրիդ եւ արարքներուդ ընդմէջէն։ Քեզի կը մնայ այդ աստուածադիր կրակը պահպանել եւ չթողուլ, որպէսզի հաճոյաձիգ մոլութիւնները չկարողանան մարել զայն։ Ազնուութեանդ կանթեղը միշտ վառ պահէ…։
ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024