ԿԱՆԽԵԼ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԸ ԾԱԳԻԼԸ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Հարաւային Կովկասի մէջ ունի կարեւոր, բայց ոչ կենսական շահեր, ինչպէս՝ տարածքաշրջանային կայունութեան պահպանումը, սառած հակամարտութիւններու վերսկսումը կանխելը եւ աջակցութիւնը Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի մէջ ժողովրդավարական փոփոխութիւններուն ու կառավարման բարելաւման, ինչպէս նաեւ երկիրներու միջազգային համարկումը: Վերջին իրադարձութիւնները՝ յետսառն պատերազմական եւրոպական անվտանգութեան կարգի խախտումը, փոփոխուող համաշխարհային ուժանիւթի շուկաները, տարածքաշրջանի հարաւի անկայունութիւնը, նոր ամերիկեան վարչակազմը եւ Եւրոմիութեան ներքին մարտահրաւէրները կը պահանջեն այս շահերը առաջ տանելու համար Միացեալ Նահանգներու կայուն ներգրաւուածութիւն: Այս մասին՝ ըստ «Tert.am»ի՝ ըսուած է Հարաւային Կովկասի մէջ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան վերաբերեալ «Քարնեկի» հիմնադրամի զեկոյցին մէջ:

Վերջին 25 տարուան մէջ ԱՄՆ-ի ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ օգնած է կարեւոր դրական փոփոխութիւններ բերելու տարածքաշըր-ջան, մասնաւորապէս՝ Վրաստան: Այնուամենայնիւ, ԱՄՆ-ին աջակցած որոշ նախաձեռնութիւններ չափազանց յաւակնոտ էին, քանի որ ատոնք թերագնահատած են Հարաւային Կովկասի պետութիւններու առջեւ կանգնած մարտահրաւէրները եւ չեն ունեցած անհրաժեշտ աղբիւրներ: ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը պիտի շարունակէ բախում ունենալ սահմանափակ աղբիւրներու եւ բարդ պայմաններու մէջ, սակայն Ուաշինկթըն պէտք է ներգրաւուած մնայ՝ օգնելու երեք երկիրներուն՝ յաղթահարելու իրենց ներքին մարտահրաւէրները, կը նշեն զեկոյցին հեղինակները: ԱՄՆ ստիպուած պիտի ըլլայ մրցելու Ռուսաստանի գերիշխող դիրքին եւ այնտեղ ԱՄՆ-ի ներգրաւուածութեան անոր դիմադրութեան հետ, այնուամենայնիւ, ԱՄՆ չի կրնար հեռանալ Հարաւային Կովկասէն, կը նշեն զեկոյցին հեղինակները:

Հարաւային Կովկասի մէջ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ տարածքաշրջանի սառած հակամարտութիւններու աշխուժացումը կանխելը: ԱՄՆ պէտք է նաեւ զգոյշօրէն յառաջ տանի ամերիկեան արժէքները՝ իւրաքանչիւր երկրի համար առանձնայատուկ մօտեցում դրսեւորելով, համեստ ակնկալիքներ դրսեւորէ՝ չխոստանալով Մոսկուան հակակշռելու համար աջակցութիւն, ինչ որ պիտի չկարենայ տրամադրել, տեղ տայ Եւրոմիութեան նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ իրատեսական ըլլայ ուժանիւթի կարողականութեան հարցով:

2008 թուականի ռուս-վրացական պատերազմէն ետք (վրաց-օսական պատերազմ) ԱՄՆ-ի քաղաքականութիւնը իրականացուած է տարածաշրջանին մէջ զգոյշօրէն հաշուարկուած ներգրաւուածութեան ճանապարհով: Ժողովրդավարական փոփոխութիւններու եւ Արեւմուտքի հետ ընդելուզման քաղաքականութիւնը կը շարունակէ մնալ օրակարգի վրայ, բայց սպասելիքները ակնյայտօրէն նուազած են, մասնաւորապէս՝ քանի որ Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ Վրաստանը տարբեր ուղիներ բռնած են:

ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմը դեռ պէտք է Հարաւային Կովկասի նկատմամբ իր սեփական քաղաքականութիւնը ձեւակերպէ: Անիկա կրնայ որոշել շարունակել ներկայ ճանապարհը, որ հիմնականօրէն կը բնորոշուի չմիջամտելով եւ տարածքաշրջանային զարգացումներուն արձագանգելով, կամ իր սեփական մօտեցումը մշակէ: Իւրաքանչիւրի պարագային՝ ԱՄՆ պէտք է լիարժէքօրէն հաշուի առնէ տարածքաշրջանի ամբողջ բարդութիւնը, փոփոխուող աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, Միացեալ Նահանգներու եւ իր դաշնակիցներու շահերը այնտեղ:

Ուքրայնոյ ճգնաժամէն ետք, Հարաւային Կովկասի երեք երկիրները յայտնուած են Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի միջեւ աշխարհաքաղաքական չէզոք գօտիի մէջ, ո՛չ Արեւմուտքը, ո՛չ Ռուսաստանը պատրաստ են զիջելու տարածքաշրջանը: Աւելի՛ն, Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի յարաբերութիւններու վատթարացման պատճառով երեք երկիրներու միջեւ պառակտում տեղի ունեցած է: Անոնք երեք շատ տարբեր քաղաքականութիւններ կը վարեն տարածքաշրջանի շուրջ տեղի ունեցող խոշոր աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու ֆոնին: Վրաստան կը փորձէ հնարաւորինս հեռու մնալ Ռուսաստանէն, Հայաստան կը հետապնդէ երկու կողմի հետ յարաբերութիւնները պահպանելու ճանապարհը, իսկ Ատրպէյճան կը ցանկայ թէ՛ Ռուսաստանը եւ թէ Արեւմուտքը հեռաւորութեան վրայ պահել:

Ռուսաստան, միեւնոյն ժամանակ, մտադիր է աւելի ուժեղ պաշտպանել իր բացառիկ ազդեցութիւնը տարածքաշրջանին մէջ ուքրանական ճգնաժամէն ետք եւ յարձակողական կերպով յառաջ կը տանի Եւրոասիական տնտեսական միութիւնը իբրեւ Եւրոմիութեան ընդելուզման հակակշիռ:

Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներ շատ բան ներդրած է տարածքաշրջանին մէջ անցեալ քառորդ դարու ընթացքին, ան կը շարունակէ մնալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ: Անկախ անկէ, ԱՄՆ կարեւոր մշակութային կապեր ունի Հարաւային Կովկասի առնուազն երկու երկրի հետ՝ հայ-ամերիկեան համայնքը ընդարձակ կապեր ունի տարածքաշրջանի հետ, մինչդեռ Վրաստանի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ մշակութային եւ քաղաքական կապերը կը շարունակեն ընդլայնուիլ:

Զեկոյցին հեղինակները կը նշեն, որ անցեալ տարի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերսկսած գործողութիւնները ընդգծած են տարածքաշրջանային անվտանգութեան եւ ԱՄՆ-ի շահերուն սպառնացող հակամարտութեան վտանգը: Ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը պիտի վտանգէ խաղաղ բնակչութեան կեանքը, կարեւոր ենթակառուցուածնքերը եւ պիտի հասցնէ լուրջ բնապահպանական վնաս, ինչպէս նաեւ պիտի ազդէ հարեւան Վրաստանի վրայ: Անկախ անկէ, բուռն գործողութիւններ վերսկսելու պարագային անուղղակիօրէն եւ միանգամայն հաւանական է՝ անմիջականօրէն ներգրաւուին Ռուսաստանը եւ Թուրքիան: Կախուած հակամարտութեան ընթացքէն՝ Իրան նոյնպէս կրնայ ներգրաւուիլ: Հակամարտութիւնը կրնայ ենթադրաբար դառնալ Սուրիոյ հակամարտութեան երկրորդական թատերաբեմ, կ՚աւելցնեն զեկոյցին հեղինակները:

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2017