ԼԵԶՈՒՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ Է…
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի զրուցակիցը այս անգամ լոսանճելըսաբնակ հայազգի գրող, հրապարակախօս-խմբագիր, հասարակական գործիչ, հրատարակիչ՝ Յովսէփ Նալպանտեանն է: Ան իր հիմնական կոչումը կը համարէ հայ գիրի տարածումը եւ այդ նպատակով հարիւրաւոր հայերէն գիրքեր հրատարակած եւ տարածած է: Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ է եւ Գալիֆորնիոյ Հայ գրողներու միութեան փոխ-նախագահը: Ընթացիկ Մայիսի 28-ին Յովսէփ Նալպանտեան Երեւանի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» մետայլով։ Գրող-հրատարակիչը մինչ այդ եղած էր Արցախի մէջ, ուր հանդիպած էր մտաւորականութեան հետ, դասախօսութիւններ ունեցած էր, ընդունուած էր Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ մշակոյթի նախարարին կողմէ, ինչպէս նաեւ Երեւանի ու Արցախի մէջ կազմակերպած էր իր նոր հրատարակած գիրքերու շնորհանդէսը:
-Դուք եկած էք Միացեալ Նահանգներէն, Լոս Անճելըսէն, ուր բաւական մեծ թիւով հայութիւն կայ։ Ի՞նչ վիճակի մէջ է հոն հայութիւնը, ի՞նչ մտահոգութիւններ ունի:
-Վերջին տասն-տասնհինգ տարիներու ընթացքին հայութեան վիճակը ընդհանրապէս լաւ չէ, որովհետեւ մենք այս վերջին տասնհինգ տարուան մէջ միայն Հարաւային Գալիֆորնիա, Լոս Անճելըսի շրջանին մէջ փակեցինք երեք դպրոց, առաւել եւս՝ փակեցինք դպրոցի մը երկրորդական բաժինը: Ընդհանուր Սփիւռքի մէջ փակուած է 206 դպրոց, ամենաշատը անշուշտ, Պէյրութի մէջ, ուր փակուած է 44 դպրոց: Մեր մօտ առկայ տարանջատուածութիւնը, իրարու հանդէպ անզիջողութիւնը, գործի հանդէպ յարգանք չունենալը մանաւանդ վերջին տասնհինգ տար-ւան մէջ ազդած են երիտասարդութեան հոգեբանութեան վրայ եւ երիտասարդութիւնը մեծամասնութեամբ հեռու է հայկական արժէքներէն, հայկական ինքնութիւն պահելու տրամադրութենէն, եւ ամենացաւալին այն է, որ վերջին քսան տարուան մէջ հսկայական թիւերով օտար ամուսնութիւններ տեղի ունեցան: Ոչ մէկը տակաւին հաշուած է անիկա, բայց ես կը կարծեմ որ հազարներով են եւ անոնց մէջ անշուշտ, փոքր տոկոս մը կը կազմէ այն հանգամանքը, որ եթէ երկու կողմերէն մէկը հայ է, կ՚ուզէ հայերէն սորվիլ, հայութեան հետ կապ հաստատել: Այս խըն-դիրներուն ալ կը գումարուի Հայաստանէն արտագաղթը եւ հայութեան վիճակին մասին այդքան ալ լաւատեսական գնահատականներ չենք կրնար տալ: Մեր հայրենակիցները, որոնք կը լքեն հայրենիքը եւ Միացեալ Նահանգներ կու գան, երկու-երեք անգամ շատ աւելի արագ կը ձուլուին, քան Սուրիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն եկողները:
-Ի՞նչն է պատճառը, որ հայաստանցիները, ինչպէս ըսիք, դուրսը աւելի արագ կը ձուլուին:
-Պատճառները շատ են: Ամենահետաքըրք-րականը այն է, որ կարծես մեր ազգէն վրէժ լուծելիք ունին, կարծես կ՚ըսեն՝ կը բաւէ մեր քաշածը, եթէ դուք հայրենասէր էք, գացէք Հայաստան ապրեցէք… Ահա այս տրամադրութիւնը ունին անոնք: Եւ ոչ միայն իրենք՝ ծնողներն ու մեծահասակները, այլ իրենց զաւակներն ալ չեն ուզեր ղրկել Հայաստան, կարծես արգիլած են: Երբ ես նախարարութեան առջեւ այս հարցը դրի, ըսի, որ ասանկ խնդիր մը կայ, զարմացած էին: Եւ այդ մարդոց թիւը մեծ է, մի քանի հազար ընտանիքի մասին չեմ խօսիր, մի քանի տասնեակ հազար ընտանիքներ են, որոնք միայն «խորովածային» քաղաքականութեամբ կ՚ապրին. տարին մէկ կամ երկու անգամ պարտադրուած եկեղեցի կու գան, քանի որ Սուրբ Պսակի խորհուրդ, կնունք կամ թաղում կայ… Ո՛չ ակումբային կեանքով հետաքրքրուած են, ոչ թերթ կը կարդան… Անոնցմէ միայն տասը տոկոսը հայկականութիւնը պահելու ճիգ կ՚ընէ. ես աշակերտներ ունեցած եմ, որոնց ծնողքը հայաստանցի է, շատ լաւ մարդիկ են, եւ շատ լաւ հայերէն կը սորվին, բայց անոնք քիչ են, մեծամասնութիւնը բոլորովին ան-ջատուած է, եւ իրենց կապը հայութեան հետ միայն այն է, որ անոնք թերեւս Հայաստանի մէջ քոյր, եղբայր, ազգական ունին եւ ամիսը հարիւր, երկու հարիւր տոլար գումար կը ղրկեն, հինգ տարին անգամ մը կու գան, կ՚այցելեն, հին օրերը կը յիշեն, ետ կը վերադառնան:
Երբ մենք ընկերներով «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի դրամահաւաքէն մէկ շաբաթ առաջ հեռաձայն կ՚ընենք անոնց, որ յիշեցնենք, քաջալերենք, որպէսզի մասնակցին, անոնց կէսը ինծի կը հայհոյէ, չի հաւատար Հայաստանի համար կատարուող նուիրատուութիւններուն, չ՚ուզեր մասնակցիլ:
-Յաճախ Հայաստան կու գաք, ի՞նչ կ՚ըլլան սովորաբար առիթները:
-Ամէն տարի կու գամ։ Ինն ամիս առաջ հոս էի, նորէն եկած եմ եւ իմ գործունէութիւնս ամբողջովին մշակութային է, քաղաքական ոչ մէկ հիմք ունի: Կու գամ նոր գիրքերովս, կու գամ զանազան համալսարաններու մէջ դասախօսելու, իսկ դասախօսութեան նիւթերս ալ հիմնականօրէն կը վերաբերին Սփիւռքի պատմութեան, հայերէնի պահպանութեան կարեւորութեան, լեզուի ճկունութեան, հայ գիրքի արժէքին, հայկական փակուած դըպ-րոցներուն, հայկական մականուններու հարցերուն, որ օտարացած են։ Ես տարիներ շարունակ կը պայքարիմ, որպէսզի անոնք փոխ-ւին: Յօդուած մըն ալ ունիմ այդ մասին, որ մամուլի մէջ տպագրուած եւ շրջանառուած է:
Հիմա կրկին եկած եմ հետս բերելով չորս գիրքեր, երեքը՝ պատմուածքներու ժողովածոներ են, որ կը կոչուին «Հայկական պատմուածքներ»՝ Ա, Բ, Գ, հատորներով, որոնց մէջ զետեղուած են արեւելահայ, արեւմտահայ, սփիւռքահայ գրողներու գործերէն եւ այդ գիրքերու երրորդ հատորին մէջ իմ պատմուածքներս կան, վաթսուն հեղինակ, եօթանասուն պատմուածք, իր տեսակին եւ որակին մէջ նորութիւն է, վերջին քսան տարիներուն ընթացքին այս ձեւով ոչ մէկը հրատարակած է: Պատմուածքները իմ հիմնած՝ «Յովսէփ եւ Գարոլին» (Գարոլինը կինս է) մատենաշարով հրատարակուած 16, 17, 18-րդ գիրքերս են:
-Ներեցէք, իսկ ընթերցողներ կա՞ն:
-Շատ քիչ են ընթերցողները: Տասնութ տարուան մէջ ես հրատարակած եմ 38 գիրք, որոնցմէ 18-ը իմ գիրքերն են՝ զանոնք հրատարակած եմ 28 հազար 200 օրինակով, այդ գիրքերէն 9 հազար 200-ը նուիրած եմ անհատներու, Հայաստանի, Արցախի բոլոր դպրոցներուն, Սփիւռքի ինն երկիրներու մէջ գործող հայկական դպրոցներուն, գոլէճներուն, համալսարաններուն: Ես կը ջանամ իմ անձնական նուիրատուութեամբ տեղ հասցնել գիրքերս, քանի որ անոնք սովորաբար դժուար կը վաճառուին: Քանի մը ընկերներ, հովանաւորներ գտնելով իմ գիրքերս կը նուիրեմ դպրոցներուն եւ կը հետապնդեմ, որպէսզի գործածեն գիրքերը եւ ոչ թէ նուէր ստանան ու զանոնք դարակներուն մէջ պահեն: Չորրորդ գիրքը ընկերոջս՝ Աւետիս Ռազմիկի գիրքն էր, որուն հրատարակիչը ես էի, իր հրապարակագրային յօդուածներն են: Այս չորս գիրքերու շնորհանդէսները ըրինք, երեք շնորհանդէս Երեւանի մէջ, յետոյ Արցախ գացի, ուր տեղւոյն Գրողներու միութեան եւ Գրիգոր Նարեկացի համալսարանի աջակցութեամբ իրենց մօտ շնորհանդէս ըրինք, երեք համալսարաններու մէջ ալ դասախօսութիւններ սարքեցի, նախագահին, մշակոյթի նախարարին հետ հանդիպումներ ունեցայ: Արցախի նախագահին հետ հանիպում ունենալու պատճառներէն մին, մշակոյթէն բացի, այն էր, որ յայտնեմ իմ մտահոգութիւնս, ինչպէս այստեղ Սփիւռքի նախարարին յայտնեցի, պատմական Հայաստանի կառավարութիւն կոչուած կառոյցին եւ անոնցմէ դուրս ելած պատմական Հայաստանի վտարանդի կառավարութեան գործունէութեան առթիւ: Կը ցաւիմ ըսելու, որ մենք տակաւին խելքի չենք եկած, եւ այդ կառոյցները մարդիկը կը խաբեն եւ տասնհինգ տոլարով քաղաքացիութիւն կը ծախեն:
-Դուք ազգային հարցերու շուրջ համարձակ կարծիքներ կը յայտնէք նաեւ մամուլի մէջ հրատարակուող ձեր յօդուածներով, ձեզ չե՞ն նեղացներ ատոր համար:
-Զիս չեն նեղացներ, բայց անուղղակիօրէն ինծի այլեւս դպրոցներուն մէջ տեղ չեն տար։ Իմ հոգս ալ չէ, քանի որ չեմ ուզեր ալ հայկական դպրոցներու մէջ աշխատիլ: Պատճառներ կան. երբ կը տեսնես, որ նոյն դպրոցի հոգաբարձութիւնը պաքալորէայի կոչում ունեցող ամերիկացի անգլերէն դասաւանդող ուսուցիչին ինձմէ՝ մագիստրոսի կոչում ունեցողէս կրկնապատիկ աւելի կը վճարէ, ատիկա արդէն նուաստացում է, անընդունելի է: Երկրորդը, երբ ծնողքը, առանց բաւարար չափով հայերէն գիտնալու կու գայ եւ քիթը կը խոթէ քու գործերուդ մէջ եւ քեզի հայերէն կը սորվեցնէ, չես ուզեր շարունակել գործդ: Երբ դպրոցին մէջ ընդմիջման ժամանակ աշակերտները հայ ուսուցիչին հետ անգլերէն կը խօսին, ես ատոր դէմ պայքարեցայ եւ վատ մարդ եղայ… Երրորդ, արդէն այս վերջին շրջանին՝ 2009-2010 թուականէն սկսեալ հայկական դպրոցները Հարաւային Գալիֆորնիոյ մէջ կորսնցուցին իրենց աշակերտութեան 30-32 տոկոսը, թէ՛ օտար դպրոցներ կ՚երթան հայերը, եւ թէ մեր հայկական դպրոցներուն որակը ինկած է:
-Ընդհանուր առմամբ, ըստ ձեր նկարագրածին, հայկական կեանքը Սփիւռքի մէջ դէպի անկում կ՚երթայ, իսկ Հայաստանի մէջ ինչպէ՞ս կը տեսնէք:
-Այստեղ լեզուի հարց այնքան չկայ, բայց հայերէնը այս վերջին տարիներուն անկում կ՚ապրի դուրսի գրութիւններուն վրայ: Խանութներու անուններուն վաթսուն-եօթանասուն տոկոսը օտարաբանութիւններ են, սկսած եմ արձանագրել մօտս, ատոր մասին յօդուած պիտի գրեմ: Ատկէ զատ, Հայաստանի մէջ ընդհանուր մտահոգութիւնը, ամէն մարդ լաւ գիտէ, արտագաղթն է: Բայց, պատմականօրէն եթէ առնենք, ինծի համար այնքան ալ զարմանալի չէ, քանի որ եօթներորդ-ութերորդ դարերէն մենք միշտ արտագաղթած ենք, Բիւզանդական կայսրութեան մէջ բանակին տասնհինգ-քսան տոկոսը հայ զինուոր եղած է, ատոր պատճառաւ մենք քսանէ աւելի կայսր ունեցած ենք, հետեւաբար մենք երբեք հողին երկար տարիներ կառչած չենք մնացած, չենք պայքարած կառչած մնալու: Երբեմն աւելի արագ, երբեմն աւելի դանդաղ, արտագաղթած ենք: Եւ ամենէն հետաքրքրականն այն է, որ երբ դուրս գացած են, ժամանակին ալ, հիմա ալ, վաթսունէն ութսուն տոկոս կապը չենք պահած հայրենիքի հետ, լեզուի հետ, եւ ձուլուած ենք:
Մենք այսօր տասը միլիոնէն քիչ մը աւելի ենք, բայց ես տասը միլիոնին երեք միլիոնը հայ չեմ նկատեր, ոչ թէ քանի որ հայերէն չեն խօսիր, ո՛չ, միայն լեզուն չէ: Այլ, քանի որ ընդհանրապէս հայութեան հետ կապ չունին: Ամերիկայի մէկ միլիոն չորս հարիւր հազարին յիսուն-յիսունհինգ տոկոսը, Ռուսաստանի երկու միլիոն եօթհարիւր հազարին աւելի քան վաթսուն տոկոսը, Ֆրանսայի աւելի քան եօթանասուն տոկոսը, Արժանթինի մէջ ապրող հայերուն աւելի քան եօթանասունհինգ տոկոսը հայութեան հետ կապ չունի: Արժանթին էի երկու տարի առաջ, խեղկատակութեան պէս բան մըն էր, իրենք զիրենք կ՚ուզեն համոզել, որ իրենք հոգիով հայ են: Հոգիով հայը ո՞րն է, ուրեմն բոլորս օտար լեզուներ խօսինք, հոգիով հայ մնանք, լեզուն ի՞նչ մեղք ունի: Շատերը այդ տարբերութիւնները չեն գիտեր: Լեզուն լեզուամտածողութիւն է, լեզուն ինքնութիւն է, հոգեբանութիւն է:
-Դուք Սուրիա ծնած էք, եւ հայկականութեան, լեզուին, մեր գրականութեան ձեր նուիրումը Սուրիայէն կու գայ եւ այն միջավայրէն, ուր ապրած էք: Ինչպէ՞ս գացիք Միացեալ Նահանգներ եւ այսօր ինչպէ՞ս կը տեսնէք Սուրիոյ ապագան:
-Ես Հալէպ ծնած եմ, 1992-93 թուականներուն եղած եմ Մեսրոպեան վարժարանին տնօրէնը: Եղբայրս, որ Միացեալ Նահանգներ կը բնակէր, հարցուց, թէ կ՚ուզե՞մ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուիլ, ես ալ դրական պատասխան տուի, եւ օրինական ճանապարհով տեղափոխուեցայ Ամերիկա, ուր չորս տարի աշխատած եմ «Մասիս» շաբաթաթերթին մէջ, շատ թերթերու թղթակցած եմ, հիմա ալ հայերէն կը դասաւանդեմ «Պեւըրլի Հիլզ» միջազգային լեզուաբանական հիմնարկին մէջ։ Դժբախտաբար շատ չեն հայերէն սորվիլ փափաքողները:
Իմ ձեւաւորումս, իբրեւ հայ մտաւորական, այո, Հալէպի մէջ տեղի ունեցած է, որ հինգ հազար տարուան պատմութիւն ունեցող քաղաք մըն է եւ միայն սուրիական միջավայրը չէ, որ ազդած է, այլ իմ ընտանիքի անդամներն ալ իրենց դերը ունեցած են: Ծնողքս խենթ հայրենասէր էր: Մշակոյթի մարդիկ էին, հայ դպրոց, հայ ակումբ, հայ եկեղեցի պաշտող մարդիկ: Իրենք ինծի օրինակ եղած են առանց խօսելու, դժբախտաբար մօրս քառասունհինգ տարուան, հօրս յիսուներկու տարուան ազգային աշխատանքը այսօր արդէն զերօ դարձած է:
Ի՛նչ կը վերաբերի սուրիահայ գաղութին, յայտնի է, որ անոնց մեծ մասը Հայաստան եկաւ, բայց այդ ներգաղթը Հայաստանի քաղաքական ծրագրային անկարողութիւնը աւելի շատ յստակացուց: Անկէ առաջ, երբ մենք ուսանող էինք, երկու հազարէ աւելի ատրպէյճանահայեր չկրցանք պահել, անոնց իննսուն տոկոսը դուրս գնաց, անկէ ետք իրաքահայերը չկրցանք պահել, եւ ահա հիմա՝ սուրիահայերը: Պատկերացուցէք, որ մենք եթէ այս ժողովուրդին յիսուն տոկոսը այստեղ կարողանայինք պահել, յիսուն տոկոսը կ՚ընէր հարիւր քսանհինգ հազար մարդ: Սուրիահայերը ինչո՞ւ դուրս գացին: Մտածենք այդ մասին: Տան վարձքի ու աշխատանքի խնդիր ունէին եւ ծանօթներ, բարեկամներ գտնելով դուրսը, մէկը միւսը քաշելով տարաւ: Չեմ կարծեր, որ այդ մարդիկը նոյնիսկ Սուրիա վերադառնան: Ով որ Գանատա, Սկանտինաւեան երկիրներ եւ Աւստրալիա գնաց, հիմա պետութիւններու աջակցութիւնը կը վայելէ, անոնք ետ չեն դառնար: Թերեւս որոշ մաս մը վերադառնայ, բայց առաջուան Սուրիան երբեք չ՚ըլլար:
-Արցախը ինչպէ՞ս տեսաք:
-Այնտեղ ալ մռայլութիւն տեսայ: Ստեփանակերտի մէջ մարդիկ տխուր էին, ամսականները քիչ են, բնակչութեան թիւը կը նուազի, ընդհանուր ոգեւորութիւն չկայ, եւ ատոր պատճառներէն մէկն ալ լարուած վիճակն է, ամէն երկու շաբաթը մէկ զինուոր մը կը զոհուի, եւ մենք կը յայտարարենք, թէ հակահարուած տուած ենք, այդ ի՛նչ տեսակ հակահարուած տուած ենք՝ չենք գիտեր: Եթէ իսկապէս տուած ենք, ինչո՞ւ տակաւին կը շարունակեն, եւ փաստօրէն, առանց պաշտօնական յայտարարութեան պատերազմ կայ:
Մենք վերջին տարիներուն հարցի մը մէջ իսկապէս ձախողեցանք: Մեծապէ՛ս ձախողեցանք: Այն է, որ չկրցանք Հայաստանը դարձնել առնուազն երեք ու կէսէն չորս միլիոն, իսկ Արցախը՝ երեք հարիւր հազար բնակչութիւն ունեցող տարածութիւն: Եթէ մենք յաջորդող տասն-տասնհինգ տարին որպէս ռազմավարական ուղղութիւն չորդեգրենք այդ քաղաքականութիւնը, չկարողանանք դուրսէն մարդ բերել Հայաստան, անոնց գործ հայթայթել, մենք շատ վատ վիճակի մէջ կը յայտնուինք: Այս մէկը իրականութիւն է, ասկէ փախուստ պէտք չէ տալ:
-Անընդհատ մտահոգութիւններու մասին կը խօսիք, իսկ լաւ բան հայութեան կեանքին մէջ, ո՞ւր կը տեսնէք:
-Գաւաթին պարապ կողմին մասին խօսեցանք, բայց նաեւ լեցուն կողմը պէտք է տեսնել: Լաւ բաներէն մէկն այն է, որ այստեղ ընկերներ ունիմ, որ կը պայքարին, կը մնան, դժուարութիւններու կը հանդիպին, բայց կը պայքարին, կառչած են հողին, երկրին: Նուիրեալներ կան, որոնք նուիրուած են հայագիտութեան, գիրքերու, համայնագիտարաններու տպագրութեան, տարածման:
Լաւ բան կ՚ըլլայ, եթէ կառավարութիւնը ծրագիր մը կազմէ, եւ դուրսէն եկած երիտասարդ ընտանիքներուն, որոնք մասնագէտներ են եւ կ՚ուզեն Հայաստան գալ, յարմար գիներով բնակարաններ սարքեն ոչ կեդրոնը, ծայրամասերուն մէջ, եւ այդ մարդոց տան հարցերը լուծեն, որպէսզի անոնք, որպէս լաւ մասնագէտներ գան ու մնան այստեղ, քանի որ այդ երիտասարդ ընտանիքները կարողութիւն չունին հարիւր հազար տոլարով տուներ գնելու: Ես այդպիսի շատ երիտասարդ ընտանիքներ գիտեմ, որոնք մասնագիտացած են համակարգչային գիտութիւններու մէջ եւ կ՚ուզեն գալ հոս: Այս մասին նաեւ Սփիւռքի նախարարին հետ խօսեցայ, խնդրեցի, որ իմ առաջարկս վարչապետին հասցնէ: Արդէն նախագահն ալ ըսաւ, որ յառաջիկայ քսանհինգ տարուան մէջ Հայաստանի բնակչութիւնը չորս միլիոն պիտի ըլլայ: Եթէ քսանհինգ տարուան մէջ չորս միլիոն պիտի ըլլայ, ուրեմն այս տարուընէ սկսեալ ամէն տարի յիսունէն վաթսուն հազար մարդ պէտք է մտնէ Հայաստան: Պէտք է աշխատիլ այդ ուղղութեամբ, որ կարողանանք այստեղ տարեկան յիսուն հազարին համար գործի հնարաւորութիւն ստեղծել, այս նոր աշխարհի զարգացման ընդառաջ նոր գործի հնարաւորութիւններ պէտք է ստեղծուին: Այս մէկը ռազմավարական եւ ժողովրդագրական շատ լուրջ խնդիր է, որուն մասին պէտք է այսօրուընէ մտածել: Եւ յառաջիկայ Սեպտեմբերին ալ կայանալիք Հայաստան-Սփիւռք համաժողովն ալ, որուն հրաւիրուած եմ, կը կարծեմ, որ վճռական պիտի ըլլայ հայութեան հարցերը քննելու եւ վերջապէս ատոնց մեծ մասին գործնական լուծում տալու առումով:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընկերամշակութային
- 11/26/2024
- 11/26/2024