ՄԱՐԴԸ
Որքան բարդ է մարդ արարածը, միշտ փոփոխական ու անհասկնալի: Փոփոխութիւնը կեանքի պայման է կարծես, ամէն օր նոր յարաբերութիւններ, նոր դէմքերու հետ հանդիպումներ, կարծիքներու բախումներ ու միտքերու փոխանակումներ տեղի կ՚ունենան, որոնք կը կոփեն, կը յղկեն մարդը, փորձառութիւններով կը հարստացնեն անոր միտքը ու ան գալիքը աւելի սթափ աչքերով կը սկսի դիտել՝ «Մարդը այսօր այն չէ, ինչ որ էր երէկ», կ՚ըսէր դասատուս տարիներ առաջ, միթէ սա համակերպումը չէ՞, որ կը ստիպէ քեզ այսօր չըլլալ երէկուանը, հետզհետէ փոխուիլ, առանց նոյնիսկ դուն քեզ ներքուստ նկատելու, քանի որ արտաքինդ արդէն իսկ կ՚աճի վայրկեաններու, ժամերու, օրերու, տարիներու սահանքով, կնճիռներով ու սպիտակ մազերով զարդեր կը հիւսէ մարմնիդ վրայ:
Կը նստիս, կը հաղորդակցիս բարեկամներու հետ ու կարծիքներ, միտքեր, խորհուրդներ կը թեւածեն չորս դիդ, ամէն ոք իր «ճիշդ»ը կ՚արտայայտէ, որուն ընդմէջէն իր կենսափորձը, ժառանգածը եւ մտային հարստութիւնն է որ կը նկատուի, «ճիշդ»երը կը բախին, մէկը կը զիջի միւսին. «ոչ»երը, «այո»ները կը հասնին ժխտելու կամ դրական կողմերը բացայայտելու, երբեմն ալ կարծիքները կը վերածուին վէճի ու դուն լուռ կը հետեւիս եւ մենութեանդ մէջ կը խորհիս՝ «Արդեօք բացարձակ «ճիշդ» մը գոյութիւն ունի՞, «ճիշդ» մը, որուն խոնարհին բոլոր կարծիքները»:
Երբեմն խօսք մը, բառ մը, արտայայտութիւն մը գլխիվայր կը շրջէ ամէն ինչ, տրամադրութեան անկում մը կ՚ապրիս, կ՚աղաւաղի գծուած պատկեր մը, որուն կրողին հանդէպ գոյացած էր յարգանք, հասկացողութիւն, որոնք միանալով կառուցած էին վստահութիւն կոչուածը: Բաբելոնի նման անհասկացողութիւնը բառի, հնչիւնի ազդեցութեամբ կու գայ ու կը քանդէ այդ կառոյցը եւ դուն կը խուսափիս այլեւս այդ անձին հետ հաղորդակցելու, վըս-տահութեան կու գան փոխարինելու լռութիւնը, մերժումը, որոնք կը վերած-ւին պարտականութեան, որ միայն լսելու արդիւնք է, բայց ոչ՝ կարծիքներ փոխանակելու:
Զարմանալի է կեանքը, մարդը...:
«Կը սիրեմ քեզ» կը համակրի երիտասարդ մը ու կը սկսի շոյանքներով պատել աղջկան մարմինը: Միթէ սէրը մարմի՞ն է լոկ, կի՞րք է, վայրկեանի գրգի՞ռ, հասնելու ցանկութի՞ւն: Ինչեր կ՚ընեն անոնք, որ հասնին իրարու, մոմեր կը վառին, խնդրանքներով լի աղօթքներ կը բարձրանան առ Աստուած: Արարիչը խնդրանքներուն ծրարը կը բանայ ու կ՚իրականացնէ անոնցը: Նոյն զոյգը ամուսնութեան առաջին իսկ տարիներէն անհամաձայնութեան մէջ կը մխրճուի: Կը սառին անոնց տաք արիւնները, իրարու նկատմամբ իրենց աճումին հետ կը փոխուի ամէն ինչ, ոչ սէր կը մնայ, ոչ կիրք, ոչ գրգիռ, ոչ հարազատութիւն, որուն հետեւանքները...:
Մեծ մայրս կ՚ըսէր՝ «Տղամարդը չորս պատին մէջ միայն կարելի է ճանչնալ», արեւելքի մէջ, սերունդներ առաջ հասակ առած կնոջ մը համար աս էր ճիշդը թերեւս. հիմա ամէն ինչ փոխուած է, սէրը՝ նոյնպէս, իսկ եթէ լուսահոգի մեծ մայրս ողջ ըլլար, միայն՝ «Թո՛ւ, թո՛ւ, ամօթ, աս ինչ բաներ են, չե՞ն ամչնար», պիտի ըսէր ի տես երիտասարդներուն սիրոյ համարձակ գիրկընդխառնումներուն:
Կը գանգատիս, կը դժգոհիս յանկարծ մենութենէն, կարօտ մը կ՚աճի մէջդ ու հեռաձայնով կը սկսիս հաղորդակցիլ հեռաւոր հարազատներուդ հետ: Կը խօսիս, կը խնդաս, որպիսութիւն կը հարցնես, կը պատասխանես, կ՚արտայայտես դժգոհանքդ, աճած կարօտդ, ու ահա. «Ելի՛ր, եկուր, ամէն ինչ շատ լաւ է հոս», կ՚ըսեն: Պարզ նախադասութիւն մ՚է ըսուածը, բայց էջեր կը բանայ, եւ կը բացայայտէ սովորութիւն մը մենութեան, այո սովորութիւն, որ ճակատագրին հարուածները կլլելով ու կամայ թէ ակամայ ենթարկումով հիւսուեցաւ տարիներու ընթացքին. հիւսքին առաջին հանգոյցը դժուար էր ագուցել հարկաւ, բայց երբեք՝ անկարելի: Հիմա, տարուէ տարի փարատած է մենութեան դառնութիւնը, նոյնիսկ երբեմն հաճելի ու սփոփիչ ալ կը թուի, որ ազատութեան ու ինքնաքննումի դռները լայն բացած, ու անսահման ժամանակ պարգեւած առիթներ կ՚ընձեռէ, անձիդ մասին կը գիտնաս բաներ, որոնց չէիր անդրադարձած ժամանակին: Հիմա է որ կը հասկնամ առանձին ապրող երիտասարդ դրացուհիիս հոգեվիճակը: Կու գար, կը գանգատէր, կը դժգոհէր, բայց սուրճը խմածին պէս կը շտապէր տուն:
Միայն սիրոյ մէջ չէ դաւաճանութիւնը: Գրիչին դաւաճանութիւնն ալ կայ եղեր: Ամփոփուած ու մտքիդ մէջ շարան մը պատրաստած կը սկսիս գրել. կը գրես, այո՛, սակայն խորհածդ, մտքերդ ո՛ւր, գրածդ՝ ո՛ւր: Հակառակ անոր որ կը ստիպես գրիչիդ որ գծէ մտքիդ պատկերները յարմար արտայայտութիւններ հաղորդելով անոնց, կ՚ընդվզի ան ու չ՚ուզեր գրել՝ «այ քեզ բա՛ն», կ՚ենթարկուիս այս անգամ գրիչիդ, որ իր փափաքածը կը գրէ ու կը յուշէ քեզի, որ հոն, մտքիդ մէջ շարուած գաղափարները տակաւին շատ մշակումի կը կարօտին:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Հարթակ
- 11/30/2024