ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՌԱՔԻՆՈՒԹԻՒՆ
Ազատութիւնը բանաւորութեան բնական մէկ հետեւանքն է՝ մարդ ազա՛տ է, քանի որ ան բանաւոր էակ մըն է, օժտուած է՝ իր իսկ որոշումներով ընթացք տալու կեանքին եւ իր կեանքը վարելու կարողութեամբ, օժտուած է իր իսկ ճակատագիրը ծրագրելու զօրութեամբ։ Եւ ահաւասի՛կ, մարդը «մա՛րդ» ընող, իր արժանապատուութիւնը պահպանող կարեւոր ազդակ մըն է ասիկա։ Ազատ ըլլալ կը նշանակէ միտքով եւ հոգիով՝ մտածումներով եւ զգացումներով անկա՛խ ըլլալ։
Այս իմաստով, ամէն մէկ ազատութիւն՝ իբր հակակշիռ՝ առաքինութան մը կը համապատասխանէ, ինչպէս նաեւ՝ ամէն իրաւունք պարտաւորութեան մը կ՚ենթարկէ մարդը. մարդկային իրերու աննուաճելի օրէնքներէն մին է ասիկա։ Նաեւ, ո՜րքան իրաւացի է այն խօսքը, թէ՝ առանց ամէն մարդու ազատութեան ո՛չ ոք ազատ կարելի է համարել։
Ազատութիւն եւ իրաւունք, այս երկու արժէքներն են որ մարդուս արժանաւորութեան խորհրդանիշներն են եւ վեր կը պահեն միշտ անոր արժանապատուութիւնը։ Ազատութիւնը մարդ էակին նկարագիրն է, անոր գոյութեան պատճա՛ռը։ Արդարեւ, ազա՛տ է մարդ, քանի որ ազատ ստեղծուած եւ ազատութեան կոչուած է։ Մարդ իր բանականութեամբ ազատութիւնը օգտագործելու եւ իրաւունքը վայելելու արժանացած միակ արարածն է երկրի վրայ։ Ազատութիւնը պահպանել՝ մարդուս համար արժանապատուութիւնը պահպանելու համազօր է։
Ազատութիւն եւ իրաւունք՝ մարդկային կեանքի աշխարհի վրայ շարժուն պատկերներն են՝ ուր ամենէն բարձր խորհրդածութիւնները, ամենէն ծանր խնդիրները, վեհ գաղափարները, քաղաքական եւ կրօնական հարցերը, փառքի ու դիրքի վիճակները, խաղաղութիւնը, պատերազմը, հաշտութիւնը եւ մանաւա՛նդ արդարութիւնը աներկիւղ եւ անկախ վիճաբանութիւններու կ՚ենթարկուին, կը յուզուին, կը պարզուին, կը մեկնաբանուին, բոլորն ալ մարդուս առօրեայ շահերը շօշափելով մեծ դատաւորին՝ խղճին կը յանձնուին։
Ազատութիւնը մանաւանդ եւ իրաւունքը, խղի հարցեր են։ Եթէ խիղճը կը կատարէ իր էական պարտականութիւնը, ապա ուրեմն ազատութիւնը կը տարածուի ամէնուրեք, եւ ինչպէս վերը յիշեցինք՝ եթէ ամէն մարդ ազատ չէ՝ ո՛չ ոք ազատ է։ Ուստի ազատութիւնը համատարած արժէք մըն է, մէկուն ազատութիւնը մէկ ուրիշին ազատութեան համեմատ արժէք կը ստանայ, այլ խօսքով՝ ազատութիւնը մասնակի չէ, այլ ընդհանուր, քանի որ մէկու մը ազատութիւնը կախում ունի մէկ ուրիշին ազատութենէն։
Ազատութիւնը այս իմաստով յարաբերական է, բայց ըստ էութեան՝ ամբողջ մըն է՝ բացարձակ եւ որո՛շ։ Ազատութիւնը վիճելի, աստիճանի ենթարկելի արժէք մը չէ՝ վիճակ մը, նկարագիր մը, բնաւորութի՛ւն մը։ Ազատութիւնը բարոյական սնունդն է մարդուն՝ որուն արժանաւորութիւնը եւ արժանապատուութիւնը միշտ առոյգ եւ աշխոյժ կը պահէ, կենսունակութիւն կու տայ, շարժուն եւ գործօն վիճակի մէջ գոյատեւման առիթ կ՚ընծայէ։
Արդարեւ, կեանքի մէջ ամենամեծ ուժը՝ գիտութիւնն է, եւ յետոյ այդ գիտութիւնը գործնականի վերածելու համար՝ ընդունակութիւն, տաղա՛նդ։ Բայց գիտութիւն կարենալ առնելու համար մարդ պէ՛տք է ազատ ըլլայ եւ զայն գործադրելու համար եւս ազատ միջավայր, ազատութիւն անհրաժե՛շտ է։
Մարդիկ, սակայն, իրենց մարդկային տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն պատճառով՝ բնազդաբար իրարու ազատութեան կը միջամտեն, առանց խորհելու, թէ իրենց ազատութիւնը կը կաշկանդեն անգիտակցաբար։ Ինչպէս ըսինք, անհատի մը ազատ ըլլալու կերպը ամբողջ մարդկութեան ազա՛տ ըլլալու ճամբան է։ Եթէ մէկը ազատ չէ, միւսն ալ ազատ չէ՛, որքան որ երեւութապէս ազատ երեւի։ Ազատ չէ, քանի որ մարդս մարդէ կախեալ է, ամէն մարդ ուրիշի մը օգնութեան կը կարօտի, լա՛ւ է ըսել, իւրաքանչիւր անհատ մէկ ուրիշը կ՚ամբողջացնէ, թերութիւն մը կը լրացնէ։ Մարդ իրերօգնութեան կոչումով ստեղծուած է եւ ասոր համար ալ ազատութիւնը ամէնուն համար հաւասարապէս անհրաժե՛շտ է։
Զոր օրինակ, մարդկային մտքին անսահման երեւակայութիւնը միշտ ազատութեան մէջ է որ կրնայ զարգանալ, արդիւնաւոր ըլլալ։ Եւ այդ երեւակայութիւնը կը ստեղծէ յոյսը՝ որ կեանքի, յառաջդիմութեան ամենակարեւոր ազդակն է։ Եւ մարդ յոյս ունենալու համար ազատ ըլլալու է, քանի որ յոյսը ազատութեան մէջ է որ կ՚աճի։
Յաճախ կը կրկնենք՝ կեանքը պայքա՛ր մըն է. հոգիին եւ նիւթին, կերպով մը բարիին եւ չարին յաւիտենական կռի՛ւը, ուր ամէն տեղ լուսաւորութեան յառաջդիմութիւնները կը տեսնուին, եւ ուր մարդկային ցեղը կը քայլէ՝ զատ զատ նոյն նպատակին կը մօտենայ հետզհետէ դէպի մա՛հ եւ հաւաքաբար դէպի ազատութի՜ւն։ Արդարեւ ազատութիւնը կեա՛նք է, եւ դեղթափ՝ մահուան դէմ։ Ազատութիւնն է որ կը պարտէ մահուան երկիւղը, ազատութիւնն է որ յաղթական կը կանգնի մահուան խաւարին դէ՛մ։
Աննուաճելի է ազատութեան պայքարը մահուան դէմ՝ որ կը շարժէ աշխարհը եւ կը բարեշրջէ ամէն ինչ։
Ուստի այն օրէնքը որ մարդկային ազգը դէպի յառաջդիմութիւն եւ լուսաւորութիւն կը մղէ՝ բնութեան մեծ օրէ՛նքն է՝ անայլայլելի եւ մշտնջենաւո՛ր։
Մութը եւ խաւարը պիտի չկարենան ետ շրջել մարդկութեան յառաջդիմող քայլերը, եւ պիտի չկարենան արգիլել ընթացքը ազատութեան շարունակելու եւ հասնելու իր նպատակին։
Բայց եթէ չեն կրնար յաղթանակել, գէթ կրնան զայն վարել։ Ճշմարտութիւնը ճանչնալու միջոցն է սորվիլ, գիտնալ, գիտութիւնը, անոր բարիքները վայելել, հոգիին իշխանութիւնը ներդաշնակել, հաւասարակշռել իմացականութեամբ, աշխատիլ որ ծլին եւ ուռճանան արդարութեան գեղեցկութեան, բարութեան, ճշմարտութեան, պարկեշտութեան եւ առաքինութեան ու ազնը-ւութեան նաշխնական բողբոջները՝ որոնք մարդուս բո՛ւն էութիւնը կը կազմեն։
Եւ ահաւասիկ, մարդ էակին փափաքած ոգին ա՛յս է, այս բոլորը մարդ ընդունեց իր Արարիչէն եւ օրէնսդիրներ զանազան միտումներով շեղումներ ստեղծեցին։ Եւ երբ ազատութիւնը խնդրոյ առարկայ եղաւ, զայն ոմանք տեսան աստուածային ընծայ, ոմանք ալ՝ արգելք՝ մասնակի շահերու։ Այսպէս, ազատութիւնը երբեմն եղաւ խոչընդոտ կամ արգելք, երբեմն փրկութեան միջոց, առիթ՝ յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան վսեմ նպատակին։
Տգիտութեան եւ ստութեան խաւարին մէջ կորսնցնելու ջանքեր, թէեւ ապարդիւն մնացին, բայց մեծ մասամբ վիրաւորեցին ազատութեան փայլը եւ միջամտութիւններ եղաւ յառաջդիմութեան ճամբուն, թէեւ ան շարունակեց իր ճանապարհը անվհատ, հաստատ քայլերով։ Երբեմն ուշացաւ, բայց երբեք չդադրեցաւ յառաջանալէ, կանգ չառաւ այլ լուսաւոր ճամբուն վրայ, չյուսալքուեցա՛ւ…։
Գիտութիւնը ամենամեծ ո՛ւժն է, բաւ է որ ան ազատ կերպով տարածուի, իսկ նո՛յնքան մեծ զօրութիւն մըն է գիտութիւնը գործնականի վերածելու, օգտագործելու ձիրքը։ Մարդ կրնայ գիտուն ըլլալ, բայց եթէ այդ գիտութիւնը գործածելու, գործի՝ մարդկութեան ի նպաստ օգուտի վերածելու մտադրութիւնը չունի, ապա ի՞նչ բանի պիտի ծառայէ գիտութիւնը. ո՞ւժ, կարողութի՞ւն։ Ո՛չ մէկը, քանի որ ան ամուլ ու անարդիւնաւոր կալուած մը պիտի ըլլայ միայն եթէ չօգտագործուի։ Եւ ասոր համար ալ անհրաժեշտ միջավայրը՝ ազատութեան ստեղծած խաղաղ վիճակն է, ուր մարդ կը խորհի, կը խօսի եւ կը գործէ՝ առանց անշո՛ւշտ ուրիշ ազատութիւններ ոտնակոխ ընելու եւ անոնց գոյութիւնը ուրանալու…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 2, 2017, Իսթանպուլ