ՆՈՐ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները այսօր այցելութեան մը կը ձեռնարկեն դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Ուղեւորութեան սկիզբին անոնք շփումներ կ՚ունենան Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ։ Շաբաթ մը վերջ անոնք պիտի մեկնին Պաքու։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով այս առթիւ յայտնեց, որ միջնորդներու խնդիրն է ընել հնարաւորը՝ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ ճանապարհով կարգաւորման համար։ «Մենք կ՚ուզենք յստակեցնել իրավիճակը, որ կը տիրէ հակամարտութեան գօտիէն ներս։ Կը նախատեսուի արդի հարցերու քննարկում՝ հաշուի առնելով Ապրիլի վերջաւորութեան Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման արդիւնքները», նշեց ռուս դիւանագէտը։ Բաց աստի, Փոփով աւելցուց, որ միջնորդները պիտի շարունակեն աշխատիլ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ ճամբով կարգաւորման համար։

ԵԱՀԿ Մինսքեան խմբակի ամերիկացի ժամանակաւոր համանախագահ Ռիչըրտ Հակլընտ յայտարարեց, որ հակառակ որոշ հարցերու շուրջ տարակարծութիւններու՝ իր երկիրը Ռուսաստանի հետ սերտօրէն կը համագործակցի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու նպատակով։

Ան այս հաստատումը կատարած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խըմ-բակի համանախագահներու մօտալուտ այցելութեան ընդառաջ՝ դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ «Ամերիկայի Ձայն»ի հայկական եւ ատրպէյճանական ծառայութիւններուն տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան ըսաւ. «Անշուշտ, մեր ազգային շահերը տարբեր են Ռուսաստանի ազգային շահերէն, որովհետեւ մենք ունինք յարաբերութիւններու տարբեր պատմութիւն, ունինք տարբեր տեսակէտներ եւ մօտեցումներ: Սակայն, տարբեր շահեր ունենալը չի նշանակեր, որ մենք չենք կրնար միասնաբար աշխատիլ այս հարցին շուրջ»։

Դեսպանին համաձայն՝ Մոսկուա, Ուաշինկթընի եւ Փարիզի նման, կը փափաքի խաղաղութիւն հաստատել Հարաւային Կովկասի մէջ։

«Վստահ եմ, որ Մոսկուա պատերազմ չի փափաքիր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ: Նման պատերազմ մը պիտի ապակայունացնէ ամբողջ տարածքաշրջանը եւ վնաս պիտի հասցնէ Ռուսաստանի շահերուն», նշած է ան:

Ըստ Հակլընտի՝ ներկայիս միջնորդները կը փորձեն կողմերուն միջեւ լիարժէք բանակցութիւններու վերսկսիլ։ «Մեր նպատակն է ստեղծել վստահութեան այնպիսի մթնոլորտ մը, որ երկու կողմերը բանակցային սեղանի շուրջ բերելու առիթը պիտի ընծայէ», շեշտած է ան:

Անդրադառնալով Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին՝ ան աւելցուցած է. «Չենք հասած այն կէտին, ուր միջազգային հանրութիւնը՝ խաղաղապահներու կամ տնտեսական օգնութեան միջոցով, պիտի կարենայ երաշխաւորել բռնութեանց կասեցումը: Այս մէկը պիտի իրականացուի ղեկավարներուն ջանքերով»։

Դեսպանին համաձայն՝ եկած է տագնապին փոխզիջումային կարգաւորման ժամանակը, որմէ կողմերը ոչ թէ կորուստներ պիտի կրեն, այլ իւրաքանչիւր կողմ պիտի շահի։

«Վերջ ի վերջոյ, խաղաղ բանակցութիւններով լրջօրէն զբաղիլը՝ երկու կողմերու ղեկավարութեան պատասխանատուութիւնն է: Երբ այդ մէկը տեղի ունենայ, տարածքաշրջանին համար պիտի բացուին ամէն տեսակի հնարաւորութիւններ՝ կապի, փոխադրումներու զարգացման, մեկուսացման վերացման եւ առաւել ձեռնտու տնտեսական պայմաններու համար», ըսած է Հակլընտ։

Ամերիկացի համանախագահը նաեւ ընդունած է, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է աւելի աշխոյժ կերպով ներգրաւուի խաղաղութեան գործընթացին մէջ, աւելցնելով. «Նոր վարչակազմը իր արտաքին քաղաքական մօտեցումները նոր սկսած է մշակելու, այնպէս որ եկէք աւելի համբերատար ըլլանք եւ տեսնենք, թէ ապագայ ամիսներուն ընթացքին այս բոլորը ինչպէ՛ս պիտի զարգանան»:

Իր կարգին, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկն ալ յայտարարեց, որ կ՚ուսումնասիրուին հակամարտ կողմերուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման զանազան ուղիներ։ Այսպէս, մշտապէս կը քննարկուին այլընտրանքային միջոցներ՝ վստահութեան մակարդակի բարձրացման նպատակով։

Շաբաթ, Յունիս 10, 2017