ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋԱՅԻՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆ
Քաթարական Gulf Times-ը Հայաստանի մասին յօդուած մը հրապարակած է՝ զայն անուանելով «կատարեալ զբօսաշրջային ուղղութիւն»: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, լրատուամիջոցը գրած է հիւրընկալ բնակչութեան, կայուն եղանակի ու յանցաւորութեան ցած մակարդակի մասին: Gulf Times-ը կը նշէ, որ տարբեր առաջատար օդանաւային ընկերութիւններ ցած գիներով չուերթներ կ՚իրականացնեն դէպի Հայաստան, որու շնորհիւ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կը նախընտրեն իրենց արձակուրդները անցընել այնտեղ: Պարբերականը կը նշէ, որ արագ սնունդի ցանցերուն ու ճաշարաններուն մէջ հնարաւոր է սնուիլ 3 տոլարէն սկսած: Թուարկելով հայաստանեան ճաշարաններու մէջ տարբեր երկիրներու խոհանոցներու ճաշատեսակներու առկայութիւնը՝ Gulf Times-ը կ՚ընդգծէ, որ այստեղ կարելի է տեսնել յատուկ «հալալ» կերակրատեսակներ:
Իբրեւ կարեւոր առաւելութիւն կը նշուի այն, որ զբօսաշրջութեան խթանման նպատակով Հայաստանի մէջ դիւրացուած են վիզայի հետ կապուած գործընթացները:
«Հայաստանի մէջ կարելի է տեսնել անհամար հրաշալի վանքեր, որոնք շատ յաճախ տեղակայուած են անասելի գեղեցկութիւն ունեցող բնութեան մէջ: Հայաստանի մայրաքաղաքը՝ Երեւանը ամբողջ Եւրոպայի մէջ ամենաարագ զարգացող քաղաքներէն է», կը գրէ Gulf Timesը: Որպէս առանձին յիշատակման արժանի վայրեր կը նշուին նաեւ «Շիկահողի պետական արգելոց»ը, Սեւանայ լիճը, «Դիլիջան ազգային պարկ»ը, Նորավանքը, Ծաղկաձորը, Գեղարդի վանական համալիրն ու Գառնիի հեթանոսական տաճարը։